Նախորդ շաբաթուան ընթացքին Հալէպի արուարձաններէն մէկուն մէջ առեւանգուած հալէպահայ Ներսէս Աղայեան ազատ արձակուած է: Հալեպահայերէն ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն` ան ազատ արձակուած է փրկագին վճարելէ ետք:

Փետրուար 14-էն ի վեր առեւանգուածներու շարքին է հալէպահայ Գէորգ Գարակիւլեան, որուն ազատ արձակման համար կը պահանջուի 12 միլիոն ս.ո.։ Այս մասիտն ԵՌԱԳՈՅՆ-ին յայտնեցին Հալէպի մեր աղբիւրները։