KANTSASAR/fb/- Այսօր, Շաբաթ, 7 Փետրուար 2015-ի յիտմիջօրէին Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանին մէջ ինկած հրթիռներուն եւ կազի պայթուցիկ տակառներուն պատճառով զոհուեցաւ հալէպահայ Գօգօ Գպըճեան (1991-ի ծնունդ), արձանագրուեցան նաեւ վիրաւորներ, որոնց վիճակը մտահոգիչ չէ։