PERIO NEWS/fb/ – Հալէպ քաղաքի զանազան շրջաններ երէկ, ուրբաթ 6 եւ այսօր, շաբաթ 7 փետրուար 2015-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման ենթարկուեցան, որուն հետեւանքով միայն երէկ վիրաւորուեցաւ 23 քաղաքացի, արձանագրուեցան նիւթական վնասներ։ Յայտնենք, թէ հայաբնակ Նոր Գիւղ շրջանը եւս իր բաժինը ստացաւ, յատկապէս «Ուարշէթ Քուէյթ»ի արհեստանոցին դիմացը:
Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ այսօր եւս հրթիռակոծման ենթարկուեցան զանազան շրջաններ եւ թաղամասեր, որոնց կարգին Նոր Գիւղի ազգապատկան շէնքերէն «Կիլիկիա»ի թաղամասը, արձակուած հրթիռի պայթումէն զոհուեցաւ 1991-ի ծնունդ Գօգօ Գըպըճեանը, իսկ քանի մը այլ հայեր վիրաւորուեցան: