PERIO NEWS/fb/- Չորեքշաբթի 4 փետրուար 2015-ի կէսօրուան ժամերուն, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման թիրախ դարձաւ Թիլել շրջանը գտնուող հայու մը բնակարանը:
Արձակուած հրթիռի պայթումին պատճառով քանդուեցաւ բնակարանը, ինչպէս նաեւ վնասուեցան կողքի բնակարններն ու շէնքերը, բարեբախտաբար մարդկային վնասներ չկան: