KANTSASAR/fb/ – Երեւան․- Ուրբաթ, 30 Յունուար 2015-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տ. Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեան այցելեց Երեւանի «ՀԱԼԷՊ» Հայրենակցական Բարեսիրական Հասարակական Կազմակերպութեան գրասենեակ:
«ՀԱԼԷՊ» Հ․Բ․Հ․Կ․-ի հիմնադիր նախագահ Անի Բալխեան ողջունելով սրբազան հօր այցելութիւնը, ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութիւնն ու ընթացիկ և հետագայ ծրագիրները:

Գերաշնորհ սրբազան հայրը իր սրտի խօսքն ուղղելով «ՀԱԼԷՊ» Հ․Բ․Հ․Կ․-ի Տիկնանց Խորհուրդի և Երիտասարդաց Խորհուրդի անդամներուն, բարձրօրէն գնահատեց կազմակերպութեան առաքելութիւնն ու սուրիական պատերազմին հետևանքով Հայաստան հաստատուած սուրիահայութեան առջև ծառացած դժուարութիւններու յաղթահարման օժանդակելու նպատակով ծաւալած գործունէութիւնը ու նշեց, որ կազմակերպութեան «ՀԱԼԷՊ» անուանումը իւրայատուկ նշանակութիւն կը ստանայ սուրիահայ կարօտեալ ընտանիքներուն համար:

Նկատի ունենալով կազմակերպութեան նախատեսած հետագայ գործունէութիւնը Սուրիոյ մէջ եւս, անդրադարձ կատարուեցաւ այս ուղղութեամբ հնարաւոր գործակցութեան մասին:

Հանդիպման աւարտին, սրբազան հայրը ծանօթանալով կազմակերպութեան տարածքին մէջ տարուող վերանորոգման աշխատանքներուն, օրհնեց գրասենեակն ու աղօթելով առ Աստուած խնդրեց, որ զօրավիգ ըլլայ կազմակերպութեան գործունէութեան: