PERIO NEWS/fb/Բոլորս քաջ տեղեակ ենք, որ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ ննջեցեալներուն համար յատուկ յիշատակութիւն ու աղօթք կ’ըլլան հինգ տաղաւարներուն Սբ. Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութեան, Սբ. Յարութեան, Քրիստոսի Պայծառակերպութեան-Վարդավառ, Վերափոխում-Սբ. Մարիամ Աստուածածին, Խաչվերացի Բ. (2-րդ) օրերը, որոնք հրամայեալ հանգստեան տօն ալ եղած են՝ հաւատացեալներուն դիւրութիւն ընծայելու համար իրենց մեռեալներուն այցելելու եւ անոնց համար աղօթելու։

Հետեւաբար, տօներու յաջորդող երկրորդ օրը Մեռելոց է: Այս օրը, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ ննջեցեալներու յատուկ յիշատակութիւն եւ աղօթք տեղի կ՛ունենայ:

Մեռելոցի օրը, առաւօտուն եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի հոգեհանգիստեան սուրբ պատարագ, յետ պատարագի մարդիկ կ’այցելեն գերեզմաններ աղօթելու իրենց ննջեցեալ հարազատներու հոգիններու փրկութեան եւ անոնք յիշատակելու համար:

Վերոնշեալ լոյսին տակ, պէտք է նշենք, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած պատերազմական վիճակը եւ յատկապէս Հալէպի մէջ մինչեւ օրս տեղի ունեցած ռմբակոծումները, հրթիռակոծումները եւ կրակոցները պատճառ եղան, որ բնակիչները ամէն տեսակով վտանգուին:

Արդարեւ, պէտք է ըսել, որ այս անապահով վիճակին մէջ եւ յատկապէս հայկական գերեզմաններու վայրը անապահով եւ զինեալներու բախումներու վայր ըլլալուն պատճառով Հայ ազգի զաւակները այս տարուան՝ 2015-ին Ս. Ծնունդի յաջորդող օրը՝ Մեռելոցին ինչպէս անցեալ տարի եւս, չկրցան այցելել իրենց ննջեցեալներուն:

Առ այդ, Աստուած մեր ննջեցեալ հարազատներուն եւ նաեւ մեր ազգի բոլոր նահատակներուն հոգիները լուսաւորէ:
Մեր աղօթքներով յիշենք նաեւ մեր բիւրաւոր անշիրիմ նահատակներու յիշատակը:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի եւ վաստակն ապրողաց օրհնեալ եղեցի, Ամէն: