PERIO NEWS/fb/ – Այսօր, չորեքշաբթի, 7 յունուար 2015-ին, Հալէպի կրթական տնօրէնն ու մասնակի ուսման բաժանմունքի տնօրէնը այցելեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Սուրէնեան» դահլիճէն ներս: Անոնք, առաջին հերթին շնորհաւորեցին Հայ առաքելական համայնքի Ս. Ծննդեան Տօնը եւ իրենց բարեմաղթութիւնները յայտնեցին սրբազան հոր, ապա մտերմիկ մթնոլորտի մէջ նիւթ լուսարձակի տակ առնուեցաւ 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանը, կողմերը քննարկեցին նաեւ բոլորիս ծանօթ շրջանը իր ազդեցութեան տակ առած սաստիկ ցուրտն ու անոր պատճաչով դպրոցներու երկորեայ արձակուրդը:

Հանդիպումին ներկայ էին Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի եւ Ազգ. նախակրթարաններու տնօրէնները: