KANTSASAR/fb/ – Երեքշաբթի 6 Յունուար 2015-ի կէսօրին, յետ Ս. Եւ Անմահ պատարագին, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Հալէպի պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ շնորհաւորական այցելութիւն տուին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանին, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ «Սուրէնեան» դահլիճէն ներս:

Անոնց կարգին էին՝ Հալէպի նահանգապետը, «Պաաս» կուսակցութեան Հալէպի կուսակցապետը, Հալէպի քաղաքապետը, ոստիկանապետը, Հալէպի պետական համալսարանի «Պաաս» կուսակցութեան եւ համալսարանի տնօրէնութեան ներկայացուցիչները, իրենց շքախումբերով, իսկ Չորեքշաբթի 7 Յունուարին Հալէպի կրթական տնօրէնն ու մասնակի ուսման բաժանմունքի տնօրէնը: Այս առթիւ, անոնք սրբազան հօր եւ հայ համայնքին իրենց բարեմաղթութիւնները յայտնեցին: