10670256_628031850632178_3094460558213784626_nKANTSASAR – Երկուշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2014-ին, Հալէպի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ ժողովասրահէն ներս գումարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Սուրիահայութեան Կեդրոնական Մարմնի խորհրդակցական նիստը, մասնակցութեամբ՝ սուրիահայ երեք համայնքապետներուն, հայկական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն։

Նիստի ընթացքին ընթերցուեցաւ եւ քննարկուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի համահայկական հռչակագրին նախագիծը, զորս նախատեսուած է յայտարարել Յունուար 2015-ին, Երեւանի մէջ կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի հինգերորդ նիստին։

Քննարկումը պիտի շարունակուի կեդրոնական մարմնի յառաջիկայ նիստին ընթացքին։