Երկամեայ ակամայ բացակայութենէ ետք, Հալէպի մէջ չորս տասնամեակներու երթ ունեցող Բերիոյ Հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» մանկապատանեկան երգչախումբը, արհամարհելով ամէն դժուարութիւն, Շաբաթ, 20 եւ Կիրակի, 21 Դեկտեմբերին կրկին բեմ բարձրացաւ 103 պարման-պարմանուհիներով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեանի, երգերու երաժշտական գործիքաւորմամբ բժշկ. Ռաֆֆի Ապէճեանի :
Ելոյթի հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերը յաջորդաբար ներկայացուցին Ուսումնական խորհուրդի երիտասարդ անդամներ Շանթ Ղազարեան եւ Մինաս Ապաճեան, որոնք մանուկներու ներաշխարհի ձեւաւորման մէջ երաժշտութեան կարեւոր դերին անդրադառնալէ ետք նշեցին, որ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախումբը եղաւ այն երաժշտական դարբնոցը, որ իրերայաջորդ սերունդներուն փոխանցեց երաժշտական ոգեղէն եւ իմացական ունակութիւն, որ իր անջնջելի դրոշմը պիտի քանդակէ մատղաշ փոքրիկներու հոգեմտաւոր աշխարհին մէջ:
Իսկոյն, երգչախումբը երկու արարներով ներկայացուց հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն քսան երգեր: Կոմիտասեան «Մանկական Աղօթք»ով սկիզբ առած եւ Ռ. Ամիրխանեանի «Նոր Տարուայ Հանդէս» երգով փակուած սոյն համերգով։
Աւարտին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան մեծ ցնծութեամբ եւ ոգեւորութեամբ ողջունեց երգչախումբի անդամները, խմբավարն ու բոլոր անոնք, որոնք սատարեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան, ապա հաստատեց, որ այս փոքրիկները քով քովի գալով մեր մէջ ամրագրեցին ապրելու եւ գոյատեւելու յոյսը, անոնց դէմքերու հետաքրքրական արտայայտութիւնները ինքնավստահ եւ իւրայատուկ կեցուածքներ էին, որոնք վտանգներով լեցուն մեր կեանքին աղ տուին, համ ու հոտ տուին:
Հուսկ սրբազան հօր «Պահպանի»չ աղօթքով վերջ գտաւ օրուան հանդիսութիւնը:
asbarez.com
22/12/2014