kantsasar.com – Հա­լէ­պա­հա­յե­րը Երե­ւան ոտք դրած օրէն, փոր­ձած են իրենց օրա­պա­հի­կը ապա­հո­վել, յար­մար աշ­խա­տանք մը որո­նե­լով. որոշ տո­կոս մը յա­ջո­ղած է, իսկ մնաց­եալ­նե­րը դեռ փնտռ­տու­քի մէջ են, կամ ալ յու­սա­հատ, վե­րա­դառ­նա­լու մա­սին կը մտա­ծեն:
Աշ­խա­տանք ճա­րող­նե­րէն շա­տեր իրենց Հա­լէ­պի մաս­նա­գի­տու­թեան աս­պա­րէ­զէն տար­բեր աշ­խա­տանք­նե­րու մէջ ներգ­րաւ­ուած են: Երե­ւի ամէ­նէն դիւ­րին իւ­րաց­նե­լիք գոր­ծը եղած է ու­տես­տե­ղէ­նի աս­պա­րէ­զը: Երե­ւա­նի բազ­մա­թիւ փո­ղոց­նե­րուն վրայ սո­վո­րա­կան է հան­դի­պիլ հա­լէպ­եան ապ­րանք­ներ վա­ճա­ռող խա­նութ­նե­րու` պատ­րաս­տի ճա­շա­տե­սակ­ներ, հա­մեմ­ներ, քաղց­րե­ղէն­ներ եւայլն: Կր­պակ­ներ սենտ­ուի­չի տե­սակ­նե­րու, նոյ­նիսկ ճա­շա­րան­ներ մեր նշա­նա­ւոր սմ­բու­կով քե­պապն ու ման­թին, մի­ջու­կով քիւֆ­թէն ու սար­ման, եա­լան­ջին ու հում­մո­սը, թա­պու­լէն ու ֆաթ­թու­շը սպա­սար­կող:

Կան կա­նայք, որոնք տու­նե­րու մէջ կը պատ­րաս­տեն ճա­շա­տե­սակ­ներ, քաղց­րե­ղէն­ներ ու խմո­րե­ղէն­ներ, ըստ պատ­ուի­րատ­ուի փա­փա­քին: Այս կի­նե­րը յա­ճախ իրենց հա­մա­դամ ու­տես­տե­ղէն­նե­րով եւ նա­եւ ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­նե­րով ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու կը մաս­նակ­ցին: Հա­լէ­պէն եկած ար­հես­տա­ւոր­ներ աւե­լի արագ գործ կը ճա­րեն, յատ­կա­պէս ինք­նա­շարժ­նե­րու նո­րո­գու­թեան մար­զին մէջ: Հա­մալ­սա­րա­նա­կան տղաք ու աղ­ջիկ­ներ ճա­շա­րան­նե­րու մէջ մա­տու­ցող կ՛աշ­խա­տին իրենց ազատ ժա­մե­րուն:

Սա­կայն եւ այն­պէս, տա­կա­ւին մեծ թիւ մը կայ ան­գործ­նե­րու, որոնք չեն յա­ջո­ղիր գոր­ծի մը մէջ ընդգրկ­ուիլ: Նիւ­թա­կա­նով ապա­հով մար­դիկ, իրենց ու­նե­ցա­ծին յե­նած, սր­ճա­րան­նե­րու մէջ կ՛անց­ընեն իրենց օրե­րը ու կը ձանձ­րա­նան:

Հա­յաս­տա­նի մէջ կեան­քը սուղ է եւ բա­ւա­կան մտա­հո­գիչ է, երբ եկա­մուտ չու­նիս ու խնա­յածդ ջու­րի պէս կ՛եր­թայ մատ­նե­րուդ արան­քէն:
Բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը բա­ւա­կան օգ­տա­կար կը դառ­նան կա­րի­քա­ւոր դի­մորդ­նե­րուն: Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թիւնը, իր կա­րե­լիու­թեանց սահ­ման­նե­րուն մէջ, իր օժան­դա­կու­թիւնը չի զլա­նար, մաս­նա­ւո­րա­բար մե­ծա­ծախս բժշ­կա­կան մի­ջամ­տու­թեանց կա­րիք ու­նե­ցող­նե­րուն:

Հա­լէ­պա­հա­յը աշ­խա­տա­սէր է, ծու­լու­թիւն չի սի­րեր եթէ նոյ­նիսկ նիւ­թա­պէս ապա­հով է: Ծա­նօթ հա­լէ­պա­հայ մը, որ դրա­մի սի­րոյն աշ­խա­տե­լու պէտք չու­նի, քա­նի տեղ դի­մեր է անվ­ճար աշ­խա­տե­լու, միայն թէ զբա­ղում մը ու­նե­նայ. «Ան­գործ նս­տի­լը մա­շե­ցու­ցիչ է», կ՛ըսէ:
Այս­տեղ, որ­քան դի­պուկ է առաջ­նորդ­ուիլ Քիփ­լին­կի «ԵԹԷ»-ով, եւ որ­պէս ՄԱՐԴ, ան­կու­մէն ետք վերս­տին ոտ­քի կանգ­նե­լու կամ­քը ու­նե­նալ. հա­լէ­պա­հա­յը այդ կամ­քը ու­նի ան­կաս­կած:

Յակոբ Միքայէլեան