kantsasar.com – Կեանքի մէջ մահը ամենադաժան իրողութիւնն է, որուն ճակատագրին ենթարկուած ենք բոլորս անխտիր: Մահը իր զանազան երեսներով կը դիմաւորէ մեզ, սակայն մահերուն մէջ գերագոյնը նահատակութիւնն է, իսկ նահատակութիւնը վայել է միայն խիզախներուն եւ քաջերուն: Մեր սիրելի Յովսէփը մաս կը կազմէ այդ արիներու փաղանգին:

Անցնող մօտաւորապէս չորս տարին անողոք էր Սուրիական հայրենիքին եւ սուրիացի ժողովուրդին համար, որմէ անմասն չմնացինք նաեւ մենք: Օրհնաբեր Սուրիան կքած էր պատերազմի ծանր բեռին տակ, բայց չէր յանձնուած, ճաշակած էր պատերազմի ամենաանմարդկային երեսը, բայց չէր պարտուած` շնորհիւ իր ժողովուրդին եւ անձնուրաց զաւակներուն: Յովսէփը անսաց Սուրիական հայրենիքին կոչին եւ հայու վայել խիզախութեամբ նետուեցաւ պատերազմի թոհուբոհին մէջ, արհամարհելով իր կեանքին սպառնացող ամէն վտանգ եւ նոյնիսկ մահ:

Սիրելի՛ Յովսէփ,

Ճակատագիրդ այնպէս մը տնօրինուած էր, որ դուն պատիւը ունենաս յայտնուելու պարտականութեան պատնէշին վրայ, հակառակ որ փառք ու պատիւ փնտռող չէիր, եւ կը սիրէիր լուռ եւ աննշան աշխատիլ: Սակաւախօս էիր, բայց գործելու մեծ եռանդ ունէիր. աշխատանքը սուրբ էր քեզի համար, մանաւանդ հայրենիքի նկատմամբ: Երբեք չդաւաճանեցիր սկզբունքներուդ եւ նահատակութեամբդ պսակեցիր աշխատանքդ, երբ տակաւին շատ բան ունէիր կատարելիք:

Փոքր տարիքէդ, անդամակցեցար Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շարքերուն, եւ այդ շարքերուն մէջ թրծուած պատանին այլ բան չէր կրնար ըլլալ իր հասուն տարիքին, եթէ ոչ` ծառայասէր, հայրենասէր եւ ազգասէր:

Այսօր մեզմէ առյաւէտ կը բաժնուի Յովսէփը, անկասկած որ ցաւն ու կսկիծը մեծ են եւ կորուստը անդառնալի, սակայն նոյնպէս մեծ է մեր մխիթարանքը, որ մեր սիրելին եւ հարազատը, սովորական մահկանացու մը չէր եւ մահուան խաղալիքը չդարձաւ, այլ իր գիտակից մահով յաղթեց մահուան եւ կեանքը իմաստաւորեց նահատակութեամբ: Որքան վիշտ կայ մեր սրտերուն մէջ, նոյնքան հպարտութեամբ լեցուած են մեր հոգիները, քանզի նահատակին մահ չկայ:

Ննջէ՛ խաղաղ, սիրելի՛ ընկեր, խունկ ու մոմին հետ արցունք պիտի չթափենք, վասնզի նահատակին միայն դափնի կը վայելէ:

Հ.Ե.Մ.-ի Մեծ Ընտանիք