kantsasar.com –

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Այս օրե­րուս Ե. Օտ­եա­նի «Անիծ­եալ տա­րի­ներ»-ը կը կար­դամ: Ոմանք կ՛ըսեն, թէ այս ծանր պայ­ման­նե­րու մէջ նման գրու­թիւն­ներ պէտք չէ կար­դալ, առա­ւել յո­ռե­տես ու յու­սա­հատ չդառ­նա­լու հա­մար: Հա­ւա­նա­բար ես շատ ալ զգա­յուն չեմ, քա­նի որ տա­կա­ւին յո­ռե­տես չեմ եղած, իսկ յու­սա­հատ` եր­բեք, քա­նի դեռ Հա­լէպ կան­գուն են հայ­կա­կան դպ­րոց մը ու եկե­ղե­ցի մը (իսկ անոնք մէ­կէ աւե­լի են տա­կա­ւին…):

Օտ­եան կը պատ­մէ այն, ին­չը հա­յեր յա­ճախ կը նա­խընտ­րեն մոռ­նալ, այն է` թուր­քին բուն էու­թիւնը իր արիւ­նոտ ճամ­բուն ան­վերջ ըն­թաց­քով: Բայց ես զա­նոնք վեր­յի­շե­լու կա­րիք չու­նիմ, ոչ ալ միայն դիպ­ուա­ծա­բար ու առիթ­նե­րով կը յի­շեմ: Ես զայն չեմ կր­նար մոռ­նալ, հօրս ծնն­դա­վայր գե­րի Կար­սը վկա՛յ, որ միշտ ին­ծի հետ է: Իրենք իսկ թոյլ չեն տար մոռ­նալ: Պի­տի ու­զէի որ ազ­գա­կից­նե­րէս շա­տեր, մա­նա­ւանդ երի­տա­սարդ հա­յեր եր­բեմն նման գիր­քեր թեր­թա­տէ­ին, նոյ­նիսկ քիչ մը տխ­րե­լու գնով: Հոգ չէ՛, տըխ­րու­թիւնը եւս մար­դու հա­մար է, մենք ալ պան­րաժ­պիտ ամե­րի­կա­ցի­ներ չենք, մա­նա­ւանդ` ամէ­նօր­եայ զըր­կանք­ներն ու վտանգ­նե­րը առա­ւել կո­փած են մեր կամ­քը:

Ինչ որ թուրքն էր երէկ, այ­սօր ու վաղն ալ նո՛յնն է. այս ճշ­մար­տու­թիւնը մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը պէտք է գիտ­նայ այ­սօր իսկ Ար­ցա­խի մէջ պա­տա­հող դէպ­քե­րէն, նա­եւ` սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թը ամ­բող­ջու­թեամբ կոր­ծա­նե­լու առա­քե­լու­թեամբ Սուր­իա խու­ժած թուրք ու ազե­րի զին­եալ­նե­րու գոր­ծե­րէն: «Այս­տե­ղէն թուր­քը ան­ցաւ, ամէն ինչ մո­խիր ու սուգ է դար­ձած»- Հիւ­կո­յի գրած օրէն աս­դին թուր­քին միայն տա­րա­զը փոխ­ուած է. նա­եւ` Քե­սա­պը վկայ… Երա­զը, որու հե­տա­մուտ են անոնք, նոյնն է միշտ` քան­դել, այ­րել, կո­ղոպ­տել, մոր­թել, պղ­ծել…
Մե՞նք… Հա­լէ­պա­հա­յոց կեա՞նքը…

Մեր ամէ­նօր­եայ վտանգ­ուա­ծութ­եան մա­սին խօ­սի­լը հե­ռու­նե­րը գըտ­նուող­նե­րը կր­նայ յոգ­նեց­նել, ես ալ չեմ սի­րեր ձանձ­րաց­նել մար­դի­կը, իսկ մեր վրայ խղ­ճա­հա­րու­թիւն հրա­ւի­րե­լէ հե­ռու ենք: Ուս­տի այդ մա­սին չեմ խօ­սիր, թէ, օրի­նակ` հրա­սան­դե­րը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կեն թա­փիլ, թէ այս վայրկ­եա­նին ալ տար­բեր կող­մե­րէ նոր ու ահա­ւոր զէն­քե­րու պայ­թիւն­նե­րու ձայ­ներ կ՛առ­նեմ, ու ռազ­մա­կան օդա­նա­ւը շատ վա­րէն, մեր առաս­տաղ­նե­րը քե­րե­լով կը թռ­չի (լսա՞ծ էք այդ ձայ­նը- չլ­սե­լը աւե­լի լաւ է), թէ այ­սօր ալ ազ­գա­յին- յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րու ոգի­ով սնած հայ նա­հա­տակ մը յանձն­ուե­ցաւ սուր­ի­ա­կան հո­ղին, որու ազա­տու­թեան հա­մար ան ին­կաւ…
Աւե­լի կ՛ու­զեմ խօ­սիլ մեր առօր­եա­յի մա­սին եւ ար­դա­րացի­օ­րէն հիա­նալ այս ժո­ղո­վուր­դի կամ­քով ու ստեղ­ծա­րար ոգի­ով: Հե­ռա­ցող իւ­րա­քան­չիւր ըն­տա­նի­քի հետ, ան­տա­րա­կոյս, կը տկա­րա­նայ ու նա­եւ կ՛որա­կազրկ­ուի գա­ղու­թը: Միայն, հա­կա­ռակ հա­մե­մա­տու­թեամբ` կար­ծես մնա­ցող­նե­րը կրկ­նա­կի եռան­դով գոր­ծի կը փա­րին` հե­ռա­ցող­ներն ալ փո­խա­րի­նե­լու ջան­քով: Քա­նի մը դպ­րոց մէկ շէն­քի մէջ գոր­ծե­լուն տեղ­եակ էք. ապա նա­յե­ցէ՛ք, թէ ի՜նչ կը կա­տար­ուի Արամ Մա­նուկ­եան կեդ­րո­նին մէջ: Քան­դե­ցին մեր մեղ­ուա­փե­թակ Նոր Գիւ­ղը, բայց կա­րե­լի չե­ղաւ մա­րել Օգ­նու­թեան Խա­չի հա­յու­հի­նե­րուն եռանդն ու հնա­րամ­տու­թիւնը: Անոնք այլ տե­ղեր հիմ­նե­ցին իրենց ե՛ւ Փե­թա­կը, ե՛ւ Դար­մա­նա­տու­նը, ե՛ւ ձե­ռա­գործ­նե­րու խա­նու­թը, ե՛ւ նոյն ոգի­ով շա­րու­նա­կե­ցին մաս­նա­ճիւ­ղե­րու գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը… Ճե­մա­րա­նի շէն­քէն աք­սո­րա­կան Հա­յա­գի­տա­կան Հիմ­նար­կը եւս, քա­նի մը կա­յան փո­խե­լէ ետք, հանգր­ուա­նե­ցաւ ազ­գա­յին այս հիւ­րըն­կալ շէն­քին մէջ եւ ու­սա­նող­նե­րու նա­խըն­թա­ցը չու­նե­ցող թիւով սկ­սաւ ու­սում­նա­կան տա­րին, առանց ջե­ռու­ցու­մի ու այլ յար­մա­րու­թիւն­նե­րու… Կա­րե­ւո­րը կամքն է: Նոյն յար­կին տակ է իր աւեր­ուած բոյ­նէն փախս­տա­կան մեր փոք­րիկ­նե­րու Պատս­պա­րա­նը, իրենց հո­գա­տար մայ­րիկ­նե­րուն եւ խնա­մա­տար վար­չա­կան­նե­րուն մըշ­տա­կան ու­շադ­րու­թեան տակ, հո՛ս է «Բ. Կա­նաչ­եան» երաժշ­տա­նո­ցը, հոս է…. Կա­րե­ւո­րը կամքն է: Աշ­խոյժ կը գոր­ծեն երգ­չա­խում­բե­րը, ման­կա­կան աս­մուն­քի ու թատ­րո­նի խում­բեր, կի­րա­կի­նե­րը տա­կա­ւին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պար­տէ­զէն կը լս­ուին գայ­լիկ-արծ­ուիկ­նե­րու զիլ կան­չե­րը… Կ՛ապ­րի այս ժո­ղո­վուր­դը, որ չի գի­տեր ընկճ­ուիլ:

Ու կը յի­շեմ Օտ­եա­նին նկա­տո­ղու­թիւնը, թէ անա­պատ­նե­րը քըշ­ուած ժո­ղո­վուր­դը, ուր ալ որ ժա­մա­նա­կա­ւոր վրան­նե­րու տակ պա­հէ­ին զինք, հա­կա­ռակ ամէն երե­ւա­կա­յու­թիւն գե­րա­զան­ցող իր թշ­ուա­ռութ­եան ու թուրք ոս­տի­կան- աւա­զակ­նե­րու դա­ժա­նու­թեանց, նուա­զա­գոյն կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը կ՛օգ­տա­գոր­ծէր ու շուր­ջը կեան­քով կը լեցը­նէր` գործ կը գտ­նէր, կը ստեղ­ծէր, կը շէնց­նէր նոյ­նիսկ անա­պա­տը… Այ­լեւս կր­նա՞ք չյի­շել Սա­րոյ­եա­նին խօս­քը` «Եթէ կր­նաք…»: Միայն մենք կր­նանք զմեզ կոր­ծա­նել ու ու­րիշ ոչ ոք: Ու հի­մա, այս ժո­ղո­վուր­դին ան­կազ­մա­կերպ, տա­րե­րա­յին, «առանց եր­գի» աշ­խար­հով մէկ ցր­ուի­լը ա՛յդ է որ կ՛ընէ…
Թե­րեւս ալ ոմանց կող­մէ ծրագր­ուած ու կազ­մա­կերպ­ուա՞ծ…
***
Ար­ջը ինն­սու­նի­նը երգ ու­նի, ամէնն ալ մեղ­րի մա­սին:

Հայկ. առած
Այս օրե­րուս Հա­լէ­պի մէջ շր­ջա­նա­ռու­թեան դր­ուած է նոր բա­ռա­կա­պակ­ցու­թիւն, զոր կը լսես գրե­թէ ամէն օր` տու­նե­րէ, հիմ­նարկ­նե­րէ ներս ու նա­եւ` փո­ղոց­նե­րը քա­լած մի­ջո­ցիդ: Շատ գե­ղե­ցիկ, հա­րա­զատ, տա­քո՜ւկ բան մը կը յի­շեց­նէ ան, մեր սիր­տե­րը կը ջեր­մաց­նէ ու… մեր շար­քե­րը կը նօս­րաց­նէ նոյն ատեն. «ՀԱՅ ՏՈ՜ՒՆ»: Չեմ գի­տեր թէ դուք` ի՞նչ, բայց ես ան­մի­ջա­պէս յի­շե­ցի «Արի՛ Տուն»-ը ու պահ մը շուա­րե­ցայ, թէ ին­չո՞ւ փոխ­ուած է անու­նը: Սա­կայն շու­տով իմա­ցայ, թէ այս ան­գամ տու­նը, այ­սինքն` Հա­յե­րուս Տու­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ չէ, այլ… երէկ` Հո­լան­տա, Շուէտ եւայլն, այ­սօր` Գա­նա­տա կամ Աւստ­րալ­իա, իսկ վա­ղը` կր­նայ ըլ­լալ Քէն­իա, կամ Պիր­մա… ուր որ ու­զեն մեր սիր­տը կամ մե­զի «տուն» տա­նող­նե­րը:

Չխոր­հիք, թէ սուր­ի­ա­հա­յե­րուն կրա­կի տակ մնա­լով կոր­ծա­նի­լը կ՛ու­զեմ: Ան­տա­րա­կոյս պի­տի չու­զէի նա­եւ, որ Հա­լէ­պի նման հին ու սա­կայն երի­տա­սար­դա­կան նե­րուժ ու­նե­ցող գա­ղու­թը, ոմանց աչ­քին փու­շը, պարպ­ուէր: Բնա՜ւ պի­տի չու­զէի. տա­կա­ւին հոս մնալս վկա՛յ: Սա­կայն մար­դիկ կ՛եր­թան ու ես ան­կա­րող եմ բան մը ընել: Կան ու­րիշ­ներ, որոնք կա­րող են ընել ա՛յլ բան, այ­սինքն` կազ­մա­կերպ­ուած ձե­ւով պար­պել գա­ղու­թը, նե­րո­ղու­թիւն` հա­յե­րը փր­կե՛լ պի­տի ըսէի (ինչ­պէս որ ժա­մա­նա­կին այլ փրկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը պար­պեց սո­վե­տա­կան Հա­յաս­տա­նը, դէ­պի Քո­լոմ­պո­սի եր­կի­րը` դրախտ տա­նե­լով զա­նոնք):
Հի­ա­ցած եմ մա­նա­ւանդ մար­դոց հան­ճա­րով, թէ ինչ­պէ՜ս կր­ցած են մեր Աքիլ­լէս­եան գար­շա­պա­րը` մեր տկար կող­մը ճանչ­նալ, մեր ջի­ղե­րը տկա­րաց­նող անուն յօ­րի­նել, ան­տուն ու այ­սօր ալ ան­տէր հա­յուն «Հայ Տուն» հրա­ւի­րե­լու հա­մար: Ո՞վ է սա­կայն այս հան­ճա­րը, ո՞վ կայ այս մեծ տե­ղա­հա­նու­մին ետին, որո՞ւն շա­հին ու հաշ­ւոյն կու գայ Սուր­իոյ ու մա­նա­ւանդ Հա­լէ­պի հա­յա­թա­փու­մը: Կը կար­ծէ՞ք, որ նպա­տա­կը հա­յափր­կու­թիւնն է:
Նախ ձայ­ներ լսե­ցինք, թէ հա­յե­րը ձր­ի­ա­բար Գա­նա­տա փո­խադ­րո­ղը ար­քա­յա­վա­յել կեց­ուած­քով հայ բա­րե­րար մըն է, ապա, այլ տե­ղե­կու­թեան հա­մա­ձայն` թէ գա­նա­տա­կան ըն­կե­րու­թիւն մըն է, որ Սուր­իոյ բնակ­չու­թեան փր­կու­թեան ծրա­գիր բա­ցեր ու ընտ­րեր է յատ­կա­պէս հա­յե­րը… հա­ւա­նա­բար մեր գե­ղե­ցիկ աչ­քե­րուն հա­մար:
Այ­լեւս ո՞ր հա­յը պի­տի չգայ­թակ­ղի նման հնա­րա­ւո­րու­թեան առ­ջեւ, երբ այս երկ­րին վի­ճա­կը կը շա­րու­նա­կէ մնալ վտան­գա­ւոր-անո­րոշ: Ին­չո՞ւ այս ու այն եր­կի­րը մըտ­նե­լու հա­մար 6-7000 եւ­րօ պի­տի տայ ինչ որ մար­դոց, երբ կա­րե­լի է ձրի՜ եր­թալ: Կը մնայ ափ­յա­փոյ, ջու­րի գի­նով ծա­խել եղած չե­ղա­ծը, ինք­զինք նե­տել Պէյ­րութ, քա­նի մը ամիս հոն կեղ­ուա­հան ըլ­լալ եւ կար­գը գա­լուն պէս, մերկ ու եր­ջա­նիկ հաս­նիլ աւետ­եաց եր­կիր­նե­րուն ափե­րը: Տա­կա­ւին խօսք ալ կայ, թէ գրա­սեն­եա­կը կր­նայ նա­եւ Հա­լէպ հաս­տատ­ուիլ, մեր ոտ­քը գալ… ու մեր հա­ցին իւղ կը քս­ուի:

Ոչ ոք կր­նայ մե­ղադ­րել հե­ռա­ցող­նե­րը, սա­կայն մեր աչ­քը բաց պի­տի տես­նենք զմեզ առա­ւել փոշ­ի­ա­ցու­մի տա­նող այս աղէ­տը ու լռե՞նք, ու ոչի՞նչ ընենք: Հաս­տատ հա­մոզ­ուած, թէ գա­լիք սե­րունդ­ներ պի­տի չըլ­լա՛ն, կամ պի­տի ըլ­լան «օտար բա­նիւ ու գոր­ծով, կա­մայ թէ ակա­մայ», կրա­ւո­րա­կան կեց­ուած­քով պի­տի դի­տե՞նք եղա­ծը: Եթէ գա­նա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւնը (կամ` ով որ է) այս­չափ հա­յա­սէր է, չէ՞ր ըլ­լար ազ­գո­վին ծն­րադ­րէի՜նք անոր առ­ջեւ, լա­յի՜նք (ես առա­ջի­նը ծուն­կի կու գա­յի. վարժ­ուած ենք), խնդ­րէի՜նք, պա­ղա­տէի՜նք, որ այդ ծախ­սե­րը յատ­կաց­նէր զմեզ մեր Եր­կի­րը տա­նե­լուն: Շա՞տ մի­ա­միտ եղած կ՛ըլ­լա­յինք, կամ թէ` Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­րե­լի չէ՞ր ու­նե­նալ «Մեր Տուն», թէ՞ ան ան­պայ­ման անդ­րովկ­ի­ա­նոս­եան հե­ռու­նե­րը պի­տի ըլ­լար` որ­քան կա­րե­լի է հե­ռու Երկ­րէն:

Հրաչ­եայ Քո­չա­րին հե­րո­սը` Առա­քել Սա­սու­նի իր կա­րօ­տը առ­նե­լու հա­մար սո­վե­տա­կան երկ­րին սահ­մա­նը` Արաք­սը ան­ցած ու Սա­սուն գա­ցած էր: Հա­մայ­նա­վար Ռուս­ի­ան մեծ տագ­նապ ապ­րե­ցաւ, Թուրք­իա­յէն զայն վե­րա­դարձ­նե­լը պա­հան­ջեց ու ձեր­բա­կա­լեց հայ­րե­նա­կա­րօտ սա­սուն­ցին: Մի­ա­միտ ծե­րու­նին հա­մայ­նա­վար քն­նի­չին հարց կու տար, թէ` ին­չո՞ւ մըր էր­գիր չենք եր­թար, հոն քո­մու­նիզմ կա­ռու­ցե­լու հա­մար գէ՞շ տեղ ի… (բա­ռա­ցի չեմ յի­շեր, գա­ղա­փա­րը այս է): Ես ալ Առա­քե­լէն ոչ պա­կաս մի­ա­միտ մը այ­սօր, կը խոր­հիմ` «Մըր Էր­գի­րը» չէ՞ր կր­նար ըն­դու­նիլ ամ­բողջ սուր­իա­հա­յու­թիւնը, առանց օգ­նե­լու, միայն թոյլ տա­լով, որ իրենք իրենց կեան­քը կազ­մա­կեր­պեն հա­ւա­քա­կան վայ­րի մը մէջ:

Լալա Միսկարեան-Մինասեան