KANTSASAR – Այսօր, Երեքշաբթի 16 Դեկտեմբեր 2014-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան եւ հալէպահայ արձակագիր Պերճուհի Աւետեան տօնական օրերու նախօրեակին այցելեցին ազգային նախակրթարաններ եւ աշակերտներուն նուիրեցին հեղինակ Պերճուհի Աւետեանի Բերիոյ Հայոց Թեմի «Մանկական» մատենաշար-5 «ՍՓԱՅՏԻԿ ՆՈՐ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄԷՋ» գրքոյկն ու գունազարդման յատուկ մատիտներ։
Սրբազան Հայրն ու հալէպահայ արձակագիր Պերճուհի Աւետեանը շնորհաւորեցին փոքրիկները եւ բարի Ամանոր մաղթեցին անոնց։ Սրբազան Հայրը աշակերտներուն թելադրեց յաճախակիօրէն ընթերցել հայերէն գիրքեր՝ լաւ իմանալու համար մեր մայրենի լեզուն եւ վայելելու ընթերցման հաճոյքը։
Այս առիթով Սրբազան Հայրն ու Օր. Աւետեանը մտերմիկ զրոյցներ ունեցան վարժարաններու հոգաբարձութեանց եւ տնօրէնութեանց հետ, որոնց ընթացքին անոնք շեշտեցին մանկական գրականութեան կարեւորութիւնը։
Նշենք, որ սոյն գրքոյկը պիտի նուիրուի հալէպահայ բոլոր նախակրթարաններու աշակերտութեան՝ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի զոյգ առիթներով։