Վատիկանի պաշտօնական լրատուական գործակալութիւնը Agenzia Fides Փետրուար 20-ին հրապարակուած լրատուութեամբ մը կը հաղորդէ, թէ անցնող օրերուն, դէպի Հալէպ ուղղուող փոխադրակառք մը խուզարկութեան ենթարկուած է սուրիացի ընդդիմադիրներու անցարգելի մը մօտ: Զինեալները պահանջած են փոխադրակառքին մէջ գտնուող ճամբորդներուն անձնագիրները, որոնցմէ մէկուն վրայ կարդացած են Յովհաննէս անունը կրող անձին ԵԱՆ-ով աւարտող մականունը: Յովհաննէսին խուզարկելու ժամանակ վիզին վրայ շղթայի վրայ զտետեղուած քրիստոնէական խաչը տենելով, զինեալներէն մէկը հրացանը Յովհաննէսի կուրծքին ու խաչին ուղղելով կրակած է ու սպաննած է հայորդին:

Նշենք նաեւ, որ Փետրուար 9-էն ի վեր հայ կաթողիկէ վարդապետ Միշէլ Քայալ եւ յօյն ուղղափառ եկեղեցւոյ վարդապետ Մահէր Մահֆուզ առեւանգուած կը մնան եւ իրենց համար փրկագին կը պահանջուի:

«ՀՈՐԻԶՈՆ», 21 Փետրուար 2013