Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ երէկ ցերեկուան ժամերուն քանի մը պայթումներ ցնցեցին Դամասկոսը, ամէնէն ուժեղը եղաւ մայրաքաղաքի կեդրոններէն Մազրաա շրջանին մօտ Սաուրա թաղամասին մէջ ականուած ինքնաշարժի պայթումը, որ բացի շէնքերու եւ ինքնաշարժներու նիւթական վնասներէն, պատճառեց նաեւ, ըստ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան, աւելի քան 53 զոհ եւ 235 ծանր վնասուածքով վիրաւոր քաղաքացիներ, որոնց շարքին են անցորդներ եւ դպրոցականներ` շրջանին մէջ ստեղծելով խուճապ. սուրիական անվտանգութեան ուժերը անմիջապէս շրջափակեցին շրջանը եւ փակեցին ճամբաները:
«Ազդակ»-ի թղթակիցը կը նշէ, որ պայթումին պատճառով վիրաւորուած անցորդներու շարքին է թեթեւ վնասուածքով հայ վիրաւոր մը, որ անմիջապէս հիւանդանոց փոխադրուեցաւ ու բուժում ստացաւ:
Մազրաա բնակելի շրջանին մէջ կը գտնուին Պաաս կուսակցութեան կեդրոնատեղին, ռուսական դեսպանատունը, «Հայաթ» հիւանդանոցը եւ դպրոցներ: Ինքնաշարժի պայթումը տեղի ունեցաւ Պաաս կուսակցութեան կեդրոնէն 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Ռուսական դեսպանատան աղբիւրները կը հաղորդեն, որ շէնքը կրած է նիւթական փոքր վնասներ:
Նոյն ժամուն ինքնաշարժի պայթումներ արձանագրուեցան նաեւ Ռքնատին եւ Պարզէ թաղամասերուն մէջ «Զինուորական անվտանգութեան կեդրոն»-ին մօտ, պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Պայթումներէն ետք Պարզէ շրջանին մէջ արձանագրուեցան հրաձգութեան դէպքեր` զինեալներու եւ անվտանգութեան մարմիններու միջեւ բախումներու պատճառով:
Միւս կողմէ, հրասանդի հրթիռներ ինկան նոյն ժամերուն մայրաքաղաքի կեդրոնի տարբեր թաղամասերուն վրայ:
«ԱԶԴԱԿ», 22 Փետրուար 2013