Կռիւը սր­բա­զան բան է, ճա­կա­տա­մար­տը եր­բեմն նոյ­նիսկ օգ­տա­կար. անոնց­մէ ազգ մը դուրս կու գայ պարտ­ուած կամ յաղ­թա­կան, սա­կայն եր­կու պար­ագա­յին ալ դուրս կու գայ: Բայց նա­հան­ջը հո­գի­նե­րու, գլ­խու պտոյտ տուող զա­ռի­թա­փին վրայ սա նա­հան­ջը կը ջն­ջէ, կը ձու­լէ, կ՛ան­հե­տաց­նէ ամէն բան:
Շ. Շահ­նուր

Մեծ խա­ղը, զոր կը վա­րեն աշ­խար­հին տէ­րե­րը, Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ քրիս­տոն­եայ տարր, հե­տե­ւա­բար նա­եւ հայ, չի ալ նկա­տեր- այս­պէս է քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­նե­րու կար­ծի­քը: Յի­րա­ւի հե­տե­ւան­քը` հա­լէ­պա­հայ գա­ղու­թին օրըս­տօ­րէ աւե­լի ու աւե­լի նուա­զի­լը կը տես­նենք: Ար­դէն ոչ թէ բա­րե­կամ­ներդ ու ծա­նօթ­ներդ, ծա­նօթ դէմ­քերն ալ պակ­սած են, ու քա­ղա­քը օրէ­ցօր կը խոր­թա­նայ մնա­ցո­ղին:
Գո­յու­թիւն ու­նի՞ արդ­եօք ծրագր­ուած մօ­տե­ցում ժո­ղո­վուր­դի այս նա­հան­ջին, գա­ղու­թը պահ­պա­նել- պար­պե­լու խն­դի­րին: Առայժմ նման բան նկա­տե­լի չէ: Կան միայն խօս­քեր` «Պէտք է պահ­պա­նել գա­ղու­թը», կամ` «Այս կրա­կին տակ որո՞ւ կր­նաս մե­ղադ­րել»: Մե­ղադ­րես թէ ոչ` մար­դիկ կը հե­ռա­նան: Թէ­կուզ եւ պար­տադր­ուած նա­հանջ, սա­կայն պի­տի ու­զէ­ինք որ չըլ­լար «առանց եր­գի», այլ ըլ­լար ծրագըր­ուած ու կա­նո­նա­ւոր, մա­նա­ւանդ որ պա­տե­րազ­մին ար­դէն երեք ու կէս տա­րի եղաւ…

Գաղ­թո­ղը` գաղ­թեց, մնա­ցող­նե­րուն հա­մար կը ծա­գին բազ­մա­թիւ հար­ցեր: Բա­րե­կե­ցիկ դա­սա­կար­գին հե­ռա­նա­լը, ան­տա­րա­կոյս, տկա­րա­ցուց գա­ղու­թիս նիւ­թա­կան հի­մե­րը, որոնք յե­նած են նա­եւ բա­րե­գոր­ծութ­եանց վրայ: Կը հե­ռա­նայ նա­եւ մի­ջա­կը: Չենք գի­տեր, թէ այս ան­կազ­մա­կերպ ու խու­ճա­պա­յին գաղ­թէն ետք որ­քա՞ն հա­յու­թիւն պի­տի մնայ գա­ղու­թիս մէջ: Կը մխի­թար­ուինք, որ դեռ կա՛յ ժո­ղո­վուրդ, կը գոր­ծե՛ն մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը` առա­ւել մեծ ճի­գե­րու ու կամ­քի շնոր­հիւ: Ու թէ­եւ ապա­գան կա­տա­րե­լա­պէս մշու­շոտ է, սա­կայն յու­սա­հատ չենք. կը տագ­նա­պինք, բայց նա­եւ կը փոր­ձենք այս դժն­դակ օրե­րուն աւեր­նե­րը շի­նիչ աշ­խա­տան­քով նո­րո­գել, պա­հե­լու հա­մար Մայր գա­ղու­թը:
Եթէ դրա­մա­տէր դա­սա­կար­գին հե­ռա­նա­լը տկա­րա­ցուց գա­ղու­թին նիւ­թա­կան հի­մե­րը, սա­կայն անոր հետ ու աւե­լի դժ­ուար դար­մա­նե­լին կայ` մտա­ւո­րա­կան կո­չուող կա­րե­ւոր մէկ տար­րին գաղ­թե­լը: Բնաւ դա­տա­ւո­րի աթո­ռի չեմ նս­տիր ու ոչ ոք մե­ղադ­րել կը փոր­ձեմ, մա­նա­ւանդ որ ամէն ոք իրա­ւունք ու­նի իր ու ըն­տա­նի­քին ապա­հո­վու­թիւնը խոր­հե­լու: Այ­սօր­ուան իրա­վի­ճակն ու վաղ­ուան հե­տե­ւան­քե­րը կը խոր­հիմ:

Վեր­ջերս յօդ­ուա­ծա­գիր մը տե­ղին ու իրա­ւացի­օ­րէն մատ­նան­շած էր, թէ պա­տե­րազ­մի առա­ջին իսկ օրե­րէն սկս­եալ եր­կի­րը (մեր պա­րա­գա­յին` Հա­լէ­պը) լքող­նե­րուն մէջ նկա­տե­լի թիւ կազ­մե­ցին բժիշկ­նե­րը: Մինչ­դեռ պա­տե­րազ­մա­կան երկ­րի մը մէջ (որ հայ­րե­նի՛ք է) ամէ­նէն կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տար­նե­րու կար­գին են բժիշկ­նե­րը, թէ՛ ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րու վրայ ու թէ՛ որ­պէս ան­դա­դար ռմ­բա­կո­ծուող քա­ղաք­նե­րու բնակ­չու­թեան մարմ­նա­կան ու հո­գե­կան վէր­քե­րը ամո­քող­ներ: Ու այ­սօր Հա­լէ­պի բնա­կի­չը հիւան­դա­նա­լու ալ իրա­ւունք չու­նի (շատ այլ բա­նե­րու կար­գին), թէ­եւ բազ­մա­զան ձե­ւե­րով մեռ­նե­լու կա­տար­եալ ազա­տու­թիւն ու­նի:

Այս ան­հեր­քե­լի ճշ­մար­տու­թիւն մըն է, սա­կայն ին­չո՞ւ ծան­րա­նանք միայն բժիշկ­նե­րու եր­դու­մին վրայ (մա­նա­ւանդ` ար­դէն ձե­ւա­կան բնոյթ կրող աւան­դու­թիւն դար­ձած) ու մոռ­նանք միւս մաս­նա­գէտ­նե­րը, ո՛չ պա­կաս կա­րե­ւոր երկ­րին ու մեր պա­րա­գա­յին` ազ­գին հա­մար:
Եր­դում տա­լը ու պա­հե­լը խիղ­ճին հետ կապ­ուած երե­ւոյթ է, ու մարդ պէտք չէ բժիշկ ըլ­լայ, իր պար­տա­կա­նու­թիւնը խո­րա­պէս գի­տակ­ցե­լու հա­մար, թէ­կուզ հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն եր­դում տուած չըլ­լայ: Գո­յու­թիւն չու­նի՞ ինքն իր հոգի­ին տուած եր­դում, այ­սինքն` սկզ­բուն­քա­յին կեց­ուածք ըս­ուած բան մը: Կան ժա­մա­նակ­ներ, երբ բա­ռե­րը կը կորսնց­նեն իրենց ար­ժէ­քը, երբ խօս­քե­րը կը մեր­կա­նան իրենց սնան­կութ­եան մէջ ու կը խօ­սի միայն գոր­ծը:

Այս մտա­ծում­նե­րը կը ծնին, երբ կ՛անդ­րա­դառ­նանք, թէ դպ­րո­ցա­կան նոր տա­րեշր­ջա­նի վե­րա­մու­տը մեր դպ­րոց­նե­րը կը դի­մա­ւո­րեն կա­րե­ւոր նիւ­թե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րու չգո­յու­թեան ու որ ամէ­նէն ահա­զան­գա­յինն է` հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րու չգո­յու­թեան տագ­նա­պով:
Հա­յե­րէ­նա­ւանդ ու­սու­ցի­չը եւս խո­ցե­լի մարդ է ու իրա­ւունք ու­նի իր ապա­հո­վու­թիւնը խոր­հե­լու, մա­նա­ւանդ որ ոչ ոք կ՛երաշ­խա­ւո­րէ մեր կեան­քին հա­մար, եթէ «անոնք» մըտ­նեն Հա­լէպ… ու սա­կայն` Մայր գա­ղու­թը, որ սնու­ցիչ էր ամ­բողջ Սփիւռ­քին, ինք կը հա­յա­թափ­ուի: Իսկ գա­ղու­թի մը ապ­րիլ-չապ­րի­լը եր­կու երաշ­խիք չու­նի, այլ մէկ միայն, այն է` հա­յե­րէ­նի կար­կա­չը նոր սե­րունդ­նե­րու շուր­թե­րէն:
Տա­րի­նե­րէ ի վեր Հա­մազ­գա­յի­նի Հա­յա­գի­տա­կան Հիմ­նար­կը կը գո­հաց­նէր գա­ղու­թիս այդ կա­րի­քը եւս: Իր գո­յու­թեան գրե­թէ եր­կու տաս­նամ­եակ­նե­րու ըն­թաց­քին հիմ­նար­կը տուած է բազ­մա­թիւ ար­ժա­նա­ւոր շր­ջա­նա­ւարտ­ներ, որոնք լրա­ցու­ցեր են շար­քե­րը թէ՛ դպ­րոց­նե­րու եւ թէ՛ այլ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ (եթէ եղած են նա­եւ որ չեն ար­դա­րա­ցու­ցած իրենց կապ­ուած յոյ­սե­րը, այդ ար­դէն ան­ձին գի­տակ­ցա­կան մա­կար­դա­կին ու ձգ­տում­նե­րու չա­փե­րուն ար­գա­սիքն է):

Արդ, հիմ­նար­կը եւս կե­ցած է հա­յա­գի­տա­կան նիւ­թե­րու դա­սա­խօս­նե­րու նախ­կին բազ­մա­զա­նու­թիւնը պա­հե­լու դժ­ուա­րու­թեան առ­ջեւ: Այն­ուա­մե­նայ­նիւ ե՛ւ վար­չու­թիւնը, ե՛ւ մնաց­եալ դա­սա­խօս­ներն ու ու­սա­նող­նե­րը վճ­ռա­կան են դա­սա­ւան­դու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կե­լու եւ ամէն գնով հիմ­նար­կը ոտ­քի պա­հե­լու իր առա­քե­լու­թեան մէջ (վաղ­ուան նոր ու փայ­լուն վե­րել­քի տե­սիլ­քով):
Մար­դը կը ծրագ­րէ, Աստ­ուած կը տնօ­րի­նէ….

***
Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մը մի­ջազ­գա­յին լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րու առա­ջին լու­րե­րէն չէ այ­լեւս: Ի՞նչ պա­տա­հե­ցաւ. երկ­րա­գուն­դի վրայ հր­դեհ­նե՞րը շատ­ցան, ու հո՞ն դար­ձան դի­տակ­նե­րը, թէ՞ տղա­քը ձանձ­րա­ցան մեզ­մէ: Հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե՞ր կա­յա­ցան, վեր­ջա­ցա՞ւ պա­տե­րազ­մը. մշուշ է: Հա­ւա­նա­բար ներ­քին հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ եղան, ու վե­րին ոլորտ­նե­րու մէջ հար­ցը լուծ­ուած է, առ­նե­լի­քը առած, ծա­խե­լի­քը ծա­խած են. իւ­րա­քան­չիւր ստո­րագ­րու­թեան տակ որ­քա՞ն արիւն` ի՜նչ տար­բե­րու­թիւն… Ու սա­կայն մե­զի հա­մար ոչ միայն չէ վեր­ջա­ցած, այլ անո­րո­շութ­եան քօ­ղով պա­տած է առա­ւել քան եր­բեք: Կը լսենք, թէ մեծ եր­կիր­ներ, զգու­շա­նա­լով ՏԱ­ՀԵ­Շ-ի սպառ­նա­լիք­նե­րէն ու իրենց եր­կիր­նե­րը անոնց ներ­թա­փան­ցու­մէն` որո­շում տուած են իրենց որ­դե­գիր­նե­րը «մաք­րել»: Պրն. Օպա­ման նոյ­նիսկ ար­դէն կը դաշ­նակ­ցի (եղեր) Սուր­իոյ նա­խա­գա­հին հետ, որու դեռ երէկ ոխե­րիմ թշ­նա­մի էր: Հա­ւա­տա՞նք, որ գի­շա­տի­չը որ­սը ձգէ առանց համ­տե­սե­լու: Բայց ռո­ման­թիկ կար­ծիք­ներ կան, թէ ամե­րի­կա­ցի երկ­րորդ լրագ­րո­ղին մորթ­ուի­լը ազ­դած է Օպա­մա­յի ու իր մանկ­լա­ւիկ­նե­րու հո­գե­կա­նին, թէ անոնք փախ­ցու­ցեր են իրենց քունն ու հան­գիս­տը, մա­նա­ւանդ որ տղան, անա­պա­տի աւազ­նե­րու վրայ, մա­տա­ղա­ցու ոչ­խա­րի պէս, դա­նա­կը ձեռ­քին բռ­նած զինք մոր­թո­ղին առ­ջեւ ծուն­կի, իբ­րեւ վեր­ջին խօսք, Օպա­մա­յին դի­մեց. «Ին­չո՞ւ ես պի­տի մորթ­ուիմ քու սխալ քա­ղա­քա­կա­նու­թեանդ պատ­ճա­ռով»: Երե­ւա­կա­յե­ցէ՛ք, որ նման մե­ղադ­րանք ձե­զի տր­ուի. ալ կր­նա՞ք ապ­րիլ կամ սխալ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն վա­րել…
Թէ ի՞նչ բան է ճիշդ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը, տա­կա­ւին տեղ­եակ չենք: Ամե­րի­կա­ցի լրագ­րո­ղը կը կար­ծէր, թէ իր եր­կի­րը ճի՞շդ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն կը վա­րէ: Խե՜ղճ տղայ, քիչ էր իր հի­աս­թա­փու­թիւնը, մէկ ալ` մորթ­ուիլ… Մենք կը կար­ծենք, թէ ճիշ­դը բա­րին է, հե­տե­ւա­բար կը կաս­կա­ծինք, թէ Օպա­մա­յա­կան­նե­րը վըճ­ռած են բա­րի ըլ­լալ: Բայց ին­չո՞ւ ոչ` ամէն ինչ հնա­րա­ւոր է, չա­րը կր­նայ բա­րի հրեշ­տակ դառ­նալ… մա­նա­ւանդ ռո­ման­թիկ վէ­պե­րու եւ cowboy-ական ֆիլ­մե­րու մէջ…

Այն­ուա­մե­նայ­նիւ կը լսենք դարձ­եալ, թէ Սուր­իոյ բա­նա­կը յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կ՛ար­ձա­նագ­րէ: Նման «մաք­րու­թիւն» շա­տոնց ար­դէն կեն­սա­կան է, եւ ո՛չ միայն Սուր­իոյ հա­մար: Սա­կայն հա­ւա­տա՞նք արդ­եօք, թէ մօտ է մեր սար­սափ­նե­րուն ու զր­կանք­նե­րուն վեր­ջը, մա­նա­ւանդ որ Օպա­ման Սաուտի­էի մէջ նոր տե­սա­կի զօ­րա­մա­սեր պատ­րաս­տե­լու ծրա­գիր­ներ կը գծէ, մինչ Ռուս­ի­ան մկան կը ցուց­նէ անոր, ու խօսք ալ կայ` թէ ռու­սա­կան բա­նակ կր­նայ հիւ­րըն­կալ­ուիլ Սուր­իոյ ծո­վե­զեր­քը… Ու այս ամէ­նը` մեր գլ­խուն վրայ…

Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դը դեռ շա՞տ պի­տի նա­յի եր­կին­քին: Ան այ­լեւս ան­ցած է հո­գե­բա­նա­կան բո­լոր հնա­րա­ւոր փու­լե­րէն` հա­ւատք, շփոթ­մունք, հի­աս­թա­փու­թիւն, զայ­րոյթ, մե­ղադ­րանք­ներ, սպա­սում, այ­լեւս ան­տար­բե­րու­թիւն ու հի­մա այդ բո­լո­րէն ան­դին վի­ճա­կի մէջ է, որ անուն չու­նի: Պար­զա­պէս կը գոր­ծէ մէկ իմաս­տու­թիւն` «Եղունգ ու­նիս` գլուխդ քե­րէ»: Վա՜յ կարճ եղունգ ու­նե­ցող­նե­րուն:

***
Նպաստ սուր­ի­ա­ցի­նե­րուն: Գի­տենք որ պա­տե­րազմ հրահ­րող­նե­րը ու­րիշ, իսկ նպաստ կամ «մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւն» ղր­կող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ու­րիշ են: Այն­ուա­մե­նայ­նիւ մտ­քիդ մէջ շփոթ կ՛ըլ­լայ` մար­դիկ ին­չո՞ւ այս­չափ ան­կա­տար, ան­կազ­մա­կերպ եւ ու­նայ­նա­միտ են` մէկ կող­մէն կրակ կը թա­փեն ան­մեղ մար­դոց գլ­խուն, միւս կող­մէն` մար­դա­սի­րա­կան փշ­րանք­ներ կը ղր­կեն…
Այս բարդ հան­գոյ­ցը լու­ծել կա­րե­լի չէ, սա­կայն կայ նա­եւ անոնց ղր­կա­ծը բաժ­նե­լու մեծ հար­ցը: Որո՞նց կը տր­ուի նպաստ: Կ՛ըս­ուի` բո­լոր անոնց որոնք տու­ժած են ու կ՛ար­ձա­նագր­ուին: Առա­ջին ան­կա­տա­րու­թիւնը. քա­նի որ ո՛չ բո­լոր կա­րի­քա­ւոր­նե­րը կ՛ար­ձա­նագր­ուին, ու նա­եւ` ո՛չ միայն կա­րի­քա­ւոր­նե­րը… երկ­րորդ` Սուր­իոյ մէջ կա՞յ մարդ, որ որե­ւէ ձե­ւով չէ տու­ժած: Այս հար­ցը, ան­շուշտ, ու­նի աւե­լի ճիշդ լու­ծում, եթէ ու­զենք ու գոր­ծադ­րենք:

Սա­կայն հար­ցը այդ ալ չէ միայն: Գաղտ­նիք չէ, թէ շատ- շա­տեր ստա­ցա­ծը կը վա­ճա­ռեն խա­նութ­նե­րու` շատ չն­չին գի­նե­րով: Պի­տի ըսենք` թո՛ղ շա­հին (առա­ւե­լա­բար խա­նութ­պա­նը): Ու­րեմն ի՞նչ է պատ­կե­րը. բա­րե­գոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ դուր­սէն եկած դրա­մով կը գնեն սնն­դամ­թերք­ներ, որոնք նպաս­տըն­կալ­նե­րը կր­կին կը ծա­խեն` առա­ւել աժան գի­նե­րով: Ո՞վ կը վնա­սէ մէջ­տեղ…

Ա՛յս ալ վեր­ջին սխա­լը չէ. Հա­լէպ ապ­րող­նե­րէն ո՞վ բազ­միցս չէ տե­սած փո­ղոց­նե­րը, մայ­թեզ­րե­րու յա­ւեր­ժա­կան աղ­բե­րու մէջ թափ­ուած ոս­պի ու բրին­ձի կոյ­տեր: Հա­լէպ­ցի­նե­րու նուրբ սիր­տե­րուն մէջ յան­կար­ծա­կի սէ՞ր ծնաւ ան­տէր թըռ­չուն­նե­րուն հան­դէպ… Բայց աշ­խար­հին մէջ այդ ոսպ կամ բրին­ձէն ափ մը երա­զող միլի­ո­նա­ւոր մար­դիկ կան…

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ