(21-24 Յուլիս 2014)
Սուրիական տագնապի ընթացքին մեր համայնքի զաւակները պարտաւորուեցան յաճախ ձգել տուն ու հարազատ եւ ապաստանիլ աւելի ապահով նկատուած տարածքներու մէջ:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովը նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր` Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, մնայուն ուշադրութեան եւ հոգատարութեան առարկայ դարձուց համայնքի զաւակներն ու անոնց իրավիճակները (հոգեւոր խնամատարութիւն, նիւթաբարոյական աջակցութիւն` ընկերային, բժշկական ու կենցաղային): Այս իմաստով նըստավայրին` Հալէպի ահաւոր կացութիւնը եւ երկրի հաղորդակցական կապերու բացակայութիւնը, բնականոն պայմաններու տակ մնայուն ու յաճախակի այցելութիւններու կարելիութիւնը երբեմն դժուարացուցին, սակայն յարաբերաբար աւելի տանելի կացութեան բերումով վերաշխուժացան հաղորդակցութիւնն ու մանաւանդ հովուական այցելութիւնները:
Այստեղ կ՛արձանագրենք այն պարզ իրողութիւնը, որ թեմակալ առաջնորդը անձամբ կամ Ազգային իշխանութիւններէն ընկերակիցներով, Քեսապէն Լաթաքիա եռամսեայ շրջանով գաղթական մեր ժողովուրդին, աշխատանքային եւ հովուական երեք այցելութիւններ կատարեց, իսկ շրջանին ազատագրումէն յետոյ` հոգեւորական դասուն եւ ազգայիններու հետ յաջորդական երկու այցելութիւններ շնորհեց Քեսապին, տեղւոյն վրայ ստուգելու, քննելու եւ համապատասխան տնօրինումներ կատարելու:
Մեր համայնքի զաւակներէն վստահաբար նկատառելի թիւ մը տեղաւորուած է ծովափի քաղաքներուն եւ աւաններուն մէջ: Կրօնական ժողովը յատկապէս այս պարագան նկատի ունենալով, ծրագրեց եւ գործադրութեան դրաւ յատուկ յանձնախումբով մասնաւոր առաքելութիւն մը:
Արդարեւ, Երկուշաբթի 21 Յուլիսին, այս յանձնախումբը` Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան, Արժ.Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան եւ Ազգային վարչութենէն տիար Զարեհ Փոլատեան Թարթուս մեկնեցան նախապատրաստական եւ ուսումնասիրական այցելութեամբ մը, իսկ Երեքշաբթի 22 Յուլիսին Սաֆիթայի եւ Պանիասի շըրջանները այցելեցին: Անոնք ծանօթացան բնիկ ու մանաւանդ գաղթական հայ ընտանիքներուն, կազմակերպելով առաջնորդ սրբազան հօր այցելութիւնը:
Չորեքշաբթի 23 Յուլիսի առաւօտուն առաջնորդ սրբազան հայրը յանձնախումբին հետ Թարթուսի մէջ յատուկ հանդիպումներ ունեցաւ եւ յետմիջօրէին Ս. Դանիէլ (Յոյն Օրթոտոքս) եկեղեցւոյ մէջ ներկաները ժամերգութեան, աղօթքի, հոգեւոր խորհրդածութեան եւ սրտբաց զրոյցի ոգեշնչող պահեր ապրեցան: Նոյն եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ հաւատացեալներուն բաժնըուեցան նորատիպ Սաղմոսագիրքեր, ինչպէս նաեւ նիւթական օժանդակութիւններ: Սրբազան հայրը իր պատգամի խօսքին մէջ շեշտեց Աստուծոյ վստահելու անհրաժեշտութիւնը, հաւատքով, յոյսով ու լաւատեսութեամբ ապրելով հայկական ու քրիստոնէական մեր նկարագրին ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ փոխանցեց Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնը:
Այս ծրագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Սաֆիթայի մեր ազգակիցները:
Այս միջոցին, Տ. Զարեհ Կիրակնօրեայի մասնաւոր ծրագիր մը իրականացուց փոքրիկներուն եւ պատանիներուն համար: Այս առթիւ նոր հրապարակուած մանկական Աստուածաշունչներ եւ գծագրութեան տետրակներ բաշխըւեցան մասնակցողներուն:
Վերոնշեալ ծրագիրը որոշ պատշաճեցումներով գործադրուեցաւ նաեւ Հինգշաբթի 24 Յուլիսի առաւօտուն, Պանիասի մէջ:
Սրբազան հայրը եւ յանձնախումբը երախտագիտութեամբ ու գնահատանքով անդրադարձան տեղական եկեղեցիներու բարի ու հիւրընկալ վերաբերմունքին, ինչպէս նաեւ անոնք եղբայրական այցելութիւններ տուին հոգեւոր պատասխանատուներուն:
Հովուական այցելութեան տուեալներով, երեք շրջաններու մէջ տեղակայուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն թիւը մօտաւորապէս 160 ընտանիք կը հաշուուի:
Տեղեկագրի ամփոփ նկարագրականը հաւանաբար չարտացոլացնէ հոգեւոր մխիթարութիւնն ու ցնծութիւնը մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն, որոնց ականատես եղան այցելողները, մասնաւորաբար ի տես վերանորոգուած հաւատքի գեղեցիկ ապրումներուն եւ ինքնավստահութեամբ լեցուն դէմքերուն:
Հովուական այցելութիւնը շարունակուեցաւ Ուրբաթ 25 Յուլիսին դէպի Լաթաքիա եւ Քեսապ, որուն նկարագրականը, յատուկ խորհրդածութեամբ մը լոյս պիտի ընծայուի պաշտօնաթերթին մէջ:
Այս տագնապին մէջ մեր ժողովուրդը մինակ կամ լքուած չէ: Հակառակ բազմատեսակ նեղութեանց ան կը վայելէ Ամենակարողին հովանին եւ պաշտպանութիւնը: Ան ունի վեհափառ հայրապետի անվերապահ զօրակցութիւնն ու քաջալերանքը, յատկապէս` համայն հայութեան նիւթաբարոյական աջակցութիւնը:
Յոյսով ենք` Աստուծոյ օրհնութեամբ, որ ներկայ տագնապը կ՛աւարտի եւ մեր ժողովուրդը կը վերակազմակերպէ ու կը վերականգնէ իր կեանքը:
Տաթեւ Ա.Քհնյ. Միքայէլեան
Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»