Քաղաքիս մէջ տիրող ներկայ պայմաններուն որպէս հետեւանք տեղի ունեցող անախորժ անակնկալները, քանդումները, տեղացող հրասանդները, մանաւանդ զոհերը մեր առօրեային անցանկալի ուղեկիցներն են:
Անցեալ շաբաթ, Հալէպի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ դիմաց պայթող հրասանդը թէ տակառը անմեղ նոր զոհեր խլեց… Ամէն անգամ, երբ պայթող հրասանդի գոյժը, որ նոյնքան ուժգին ու սահմռկեցուցիչ է, որքան անոր գործած աւերները, կը տարածուի քաղաքով մէկ, ի սրտէ կը մաղթենք.
«Թող ալ վերջինը ըլլայ», դժբախտաբար մեր մաղթանքը կը մնայ պարզապէս սրտի խորքէն (ի խորոց սրտէ) բխող ջերմ, բայց անիրականանալի ցանկութիւն… քանի մը օր դադար, լաւատեսութեան կայծեր ու ահաւասիկ նոր հիասթափութիւն…
Երկու քոյրեր այդ հրասանդին զոհերը եղան, երկու գարուններ, որոնք անգիտակից «Մեծ»-երու կողմէ ծրագրուած բարեկարգիչ «գարուն»-ի մը բաշխած բարիքներուն, անոր ի պատիւ զենեալներու անվերջանալի ցանկին մէջ տեղ գրաւեցին:
Ինչպէս միշտ` լուրերու շտեմարան դիմատետրի աշխոյժ լրատուները անոնց մահազդն ու նկարները տեղադրած էին, տասնեակ մեկնաբանութիւններ, անիծող թէ մխիթարական, յուսահատեցնող թէ հրահրող խօսքերով: Որպէս մարդ ու հայ դիտելով մանկամարդ այս կիներու լուսանկարները, անոնց նայուածքներուն մէջ տեսնելով դէպի կեանք ուղղուած անմեղ ժպիտները կ՛ափսոսայինք:
– Ինչո՞ւ այդքան կը նեղուիք որ, իրենց կեանքը այսքան է եղեր, ճակատագիր է…,- պատանին եզրակացուց` աշխարհը ճանչցողի հովեր առած:
Թերեւս հազարերորդ անգամ ըլլալով ի զուր կը մտածեմ, թէ այս պատերազմը, որուն մէջ կամայ թէ ակամայ մխրճուած ենք, նորաբոյս պեխ ու մօրուքով, զէնքով ու զինուորական տարազով ոգեւորուած այս պատանիներու վրայ, ինչպիսի կործանիչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ: Հապա՞ փոքրիկներուն, հարցումը ուղեղիս մէջ, կը հետեւիմ պատանիին հազիւ երեք տարեկան եղբօր, ան շրջուած աթոռներով անցարգել շինած է պատշգամին դրան առջեւ եւ դէպի դուրս անցումը կ՛արգիլէ, աթոռներու բացուածքներէն գաւազան մը երկնցուցած` իբր նշան կը բռնէ ու «Պո՜ւմ»…
Դուրսը եւս «պո՜ւմ, պո՜ւմ»…
Ափսոս, առօրեայ կենդանի պատկերները ընդօրինակելի մանրանկարներ են այս սերունդին համար:
Տակաւին կան դիմատետրի վրայ զետեղուած ահաւոր տեսանիւթեր, մարդկութիւնը մարդուն մէջ տապալող, խեղդող…
Փշաքաղուիլ բառը տեղին է, թէ՞ աւելի ազդուն բառ կայ, երբ կը դիտես նման զարհուրելի պատկեր:
Զօրակոչիկը, քանի մը ամսուան զինուորական ծառայութիւն կատարած` գերի ինկած էր զինեալ խմբաւորումներուն ձեռքը (այդպէս կը ջանար բացատրել տանջուած զինուորը զինք խօսեցնող աներեւոյթ անձերուն):
Պատերազմի ընթացքին սովորական երեւոյթ է գերին չարչարելը, խոստովանեցնելը, ստըրուկի նման բանեցնելը, ի հարկին սպաննելը, սակայն երեւոյթը խորթ է եւ անմարդկային, երբ երկրի «ազատարար»-ը հռչակուող յեղափոխականները, իրենց արիւնակցին` զինուորական ծառայութեան կոչուած պատանիին վզին կապ անցնելով կը պարտադրեն շան նման հաջել:
Տակաւին յոխորտալով տեսանիւթը կը զետեղեն դիմատետրի էջերուն վրայ:
Ու տակաւին տեսանիւթը հետաքրքրական համարելով մեր փոքրիկները անարգել կը դիտեն նման պատկերներ, կ՛ընդօրինակեն
ֆէյսպուքեան սեփական էջին վրայ, որպէս շահեկան նիւթ ցոյց կու տան շրջապատին ու լիաթոք կը ծիծաղին…
– Տեսա՞ր, ինչպէս կը հաջէ…
Արդէն սկսած ենք դատարկըւիլ մարդկային յոյժ կարեւոր հոգեկան զգացումէ, որ կը կոչուի ԽՂՃՄՏԱՆՔ: Խողխողեալին ահաւոր վիճակը ընբռնելու, անոր դէմ գործուած անիրաւութիւնը քննադատելու, դատապարտելու ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ կարողութենէն:
«Տէ ե՛կ հայորդի ու մի խենթանայ»:
Մանրադիտակ
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»