Հալէպի շարունակուող պատերազմը անգութ գտնուեցաւ ոչ միայն մարդոց ու անոնց բնակարաններուն կամ գործատեղիներուն նկատմամբ, այլեւ չխնայեց նոյնիսկ հիւանդանոցները, աղօթատեղիները (մզկիթ եւ եկեղեցի), դպրոցները…:
Այս ընդհանուր գորշ համայնապատկերին մէջ` իրենց բաժինն ստացան նաեւ հայկական վարժարանները: Ատոնցմէ ոմանք փակեցին իրենց դռները ու տեղափոխուեցան «ապահով» նկատուած այլ վայրեր, ժամանակաւորապէս:
Ճիշդ երկու տարիէ իվեր` նմանօրինակ կացութեան մը մէջ է Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանն ալ: Մեր սիրելի վարժարանին փառաւոր շէնքը թափուր է…
Ճեմարանը 67 տարուան անցեալ ունեցող հաստատութիւն է. կը գոյատեւէ 1947-էն իվեր: Եւ եթէ յիշեցնենք, թէ իր հիմնադրութենէն սկսեալ ո՛չ մէկ պատճառով Ճեմարանը այսքան երկար ժամանակաշրջանով ՍՏԻՊՈՒԵՐ Է փակել իր դռները` այն ատեն կրնանք հասկընալ տարողութիւնն ու լրջութիւնը Սուրիոյ այժմու տագնապին կամ քաոսին…:
Բարեբախտութիւնն այն է սակայն, որ Ճեմարանը կը շարունակէ բանիլ: Շէնքը թափուր է, բայց գործը, առաքելութիւնը, ծառայութիւնը կը շարունակուի: Եւ թէ ինչպէ՜ս…
Ամրան արձակուրդին հետ` մեր սեղանին հասան զոյգ մը հրատարակութիւններ, երկուքն ալ Ճեմարանի գործ եւ արտադրութիւն:
Այս հրատարակութիւնները կրկին յիշեցուցին մեզի, թէ հակառակ առկայ բազմաբնոյթ դժուարութիւններու, Ճեմարանէն ներս կը շարունակուի աւանդական «մեղրաշինութիւն»-ը…:
* * *
Առաջին հրատարակութիւնը, զոր ստացանք, Ճեմարանի «Ծիլեր» պարբերաթերթին նոր թիւն էր:
Ծի՜լ, ծիլե՜ր…:
Ծառերու ճիւղերէն պայթած առաջին կանանչ ընձիւղները, առաջին բողբոջները, առաջին մատղաշ ցօղունները…:
Բայց փոխաբերական իմաստով` «ծիլեր» կը կոչենք նաեւ գրական ասպարէզի սկսնակները, այսինքն անոնք` որոնք իրենց առաջին վարանոտ քայլերը կը նետեն մամուլի էջերուն վրայ…: Այս իմաստով ալ, Ճեմարանի պարբերաթերթին անունը ունի առանձին թելադրականութիւն մը:
«Ծիլեր» զուտ աշակերտական պարբերաթերթ մըն է, որուն ծննդեան թուականը կ՛երթայ մինչեւ 1961:
Իրականութեան մէջ, «Ծիլեր»-ը ունեցած է հրատարակութեան երկու շրջան: Նախ 1961-64, այնուհետեւ, ութը տարուան դադարէ մը ետք` 1972-էն մինչեւ այսօր, անխափան: Այլ խօսքով, «Ծիլեր» 45 տարուան… հաստաբուն ԾԱՌ մըն է արդէն, որ տարեկան մէկ-երկու թիւերու մէջ ի մի կը խմբէ ճեմարանական աշակերտներու գրական նախափորձերն ու հայերէն յաջող շարադրութիւնները:
Շատ շատերու համար` «Ծիլեր» գրական մկրտութեան աւազան մը եղած է: Անձնապէս, իմ ալ գրչի առաջին փորձերը հո՛ն երեւցեր էին, 80-ականներուն…: Հասկնալի է հետեւաբար, թէ ինչո՞ւ գուրգուրանքով ձեռք առի նորատիպ «Ծիլեր»-ը ու սկըսայ թղթատել զայն:
96 էջանի սիրուն պարբերական մը, ուր իրենց ստորագրութիւնները դրած են շուրջ 40 ճեմարանականներ:
Պիտի զարմանաք անշուշտ, եթէ մտաբերէք Հալէպի դժոխային պայմանները,- Ճեմարանը ի՛նք «գաղթական» է հիմա, ելեկտրական հոսանքի յաճախակի ընդհատումները կը խանգարեն ամէն աշխատանք, տնտեսական սուր տագնապը իր գլանին տակ կը ճզմէ ամէն շինիչ ծրագիր, ու… «Ծիլեր»-ը դա՛րձեալ իր գլուխը կը բարձրացնէ հողին տակէն…: Հրաշք է ասիկա:
Այս նոր թիւը խմբագրուած է Ճեմարանի հայերէնաւանդ նորընծայ ուսուցչուհիներէն Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեանի կողմէ: Սօսին Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկի փայլուն շրջանաւարտներէն էր: Ան իր առաջնորդող գրութեան մէջ նկատել կու տայ, որ «երկրին պատերազմական ահաւոր պայմանները ակնյայտօրէն իրենց ազդեցութիւնը թողուցին մեր ուսանողութեան մտային եւ հոգեկան զարգացումին վրայ»:
Եւ իրապէս: Շարադրութիւններուն վերնագիրներն անգամ խօսուն են.- «Ապառաժ Հալէպը», «Գաղթը եւ անոր հետեւանքները», «Անիծեալ հրասանդը», «Պատերազմը», «Նահատակը», «Անմեղ զոհեր», «Երանի՜ այդ օրերուն» եւայլն:
Միւս կողմէ, այս թիւը տեղ տուած է քանի մը կարեւոր նիւթերու ալ: Օրինակ, Ճեմարանի հայերէնաւանդ ուսուցչուհիները իրենց տեսակէտները արտայայտած են Պրն. Յակոբ Չոլաքեանի կողմէ պատրաստուած ու քանի մը տարիէ իվեր հերթաբար տպագրութեան յանձնուող հայերէնի «ԱՆԴԱՍՏԱՆ» նորատիպ դասագիրքերու շարքին մասին (հրատարակութիւն` Բերիոյ Հայոց Թեմի):
Այս շարքը ներկայիս կ՛օգտագործուի Ճեմարանի բոլոր կարգերուն մէջ:
Այլ էջերու վրայ, նախկին ու ներկայ ճեմարանականներ իրենց ջերմ զգացումները արտայայտած են Ճեմարանի հայերէնաւանդ (այժմ` պաշտօնէ դադրած) երկու երկարամեայ ուսուցիչներուն` Յակոբ Չոլաքեանի եւ Լալա Մինասեանի մասին: Այստեղ, շատ տպաւորիչ գտանք 1993-ի շրջանաւարտ Անի Փանոսեանի (այժմ Նիւ Ճըրզի) տպաւորութիւնները, որոնք տրուած են գրական ճաշակով ու շահեկան մերձեցումներով:
«Ծիլեր»-ու այս թիւէն, ընդհանրապէս, վառօդի հոտ կու գայ…:
Անշո՛ւշտ: Որովհետեւ, ինչպէս Ճեմարանի տնօրէն Պրն. Յակոբ Քիլէճեանն ալ կը գրէ իր նախաբան խօսքին մէջ` «Ճեմարանի պատմութեան մէջ 2012-2013 տարեշրջանը եղաւ ամէնէն տագնապալին ու տխրայարոյցը»…:
* * *
Երկրորդ հրատարակութիւնը, որ «Ծիլեր»-ուն զուգահեռ հասաւ մեզի, Ճեմարանի «Տարեգիրք»-ն է:
Արտասահմանի մէջ քիչեր գիտեն, թէ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը ունի 3 տարբեր հրատարակչական ձեռնարկներ:
Ամէնէն առաջ, ինչպէս յիշեցինք արդէն, կայ աշակերտական «Ծիլեր» պարբերաթերթը:
Յետոյ կայ Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան «Շաւիղ» հանդէսը, որ արդէն 15 տարեկան է: Անոր առանցքին շուրջ համախըմբուած կը տեսնենք հին ու նոր ճեմարանաւարտները, ընդհանրապէս` համալսարանականներ կամ համալսարանաւարտներ, որոնք մշակուած տարաբնոյթ նիւթեր կ՛արծարծեն այստեղ, կերպով մը երաշխաւորելով իրենց կապուածութիւնն ու հաւատարմութիւնը Ճեմարանին նկատմամբ:
Ու վերջապէս` «Տարեգիրք»-ը, որ շուրջ տասնամեակէ մը իվեր կը հրատարակուի անխափան, եւ ուր կ՛արձանագրուին ու կ՛ամփոփուին Ճեմարանի վերաբերեալ ամէն դէպք ու իրադարձութիւն:
«Տարեգիրք»-ին նորագոյն թիւը կ՛ամփոփէ վարժարանին նախանցեալ երկու տարիներուն (2010-2012) ժամանակագրութիւնը: Հատորը խմբագրուած ու հրատարակութեան պատրաստուած է հաստատութեան հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներէն Օրդ. Անի Ֆիշէնկճեանի կողմէ:
«Տարեգիրք»-ը 188 էջ է, պատկերազարդ եւ գեղատիպ: Հոն կրնաք գտնել այն բոլոր տեղեկութիւնները, կարեւոր կամ նուազ կարեւոր, որոնք կ՛առնչուին Ճեմարանի առօրեային.- Աշակերտներու անուանացանկ, աշակերտներու խմբանկարներ` դասարան առ դասարան, դասատուներու եւ պաշտօնեաներու անուններ, հրաժարող կամ նորանըշանակ ուսուցիչներ, տեսչական գործունէութիւն, խնամակալութեան աշխատանք, պաքալորիայի արդիւնքներ, ներքին կեանք, մշակութային-գեղարուեստական ձեռնարկներ, մարզական յաջողութիւններ, հանդէսներ…:
Ինչի՞ կը ծառայեն այս տեղեկութիւնները,- ՊԱՏՄԱԳՐՈՒԹԵԱՆ:
Գիտենք, որ Ճեմարանի 50ամեակին առթիւ, 1997-ին, հրատարակուեցաւ Ճեմարանի պատկառելի Յուշամատեանը` Յակոբ Չոլաքեանի հեղինակութեամբ:
Ապագային, եթէ պիտի գրուի Ճեմարանի Բ.յիսնամեակին պատմութիւնը, այս տարեգիրքերը պիտի դառնան գլխաւոր սկզբնաղբիւրները` այդ գրառումներուն: Եւ այս տարեգիրքերուն ալ գլխաւոր առաքելութիւնը ա՛յդ է երեւի,- թթխմոր դառնալ ապագայ պատմագրութեան:
Հալէպի այժմու արտասովոր ու անբնական պայմաններուն մէջ` իսկապէս անհաւատալի է նման «Տարեգիրք»-ի մը պատրաստութիւնն ու հրապարակումը:
Բայց չէ՞ որ ըսուած է` «Ոչ միայն հացիւ…»:
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»