PERIO NEWS/fb/ – Բոլորս քաջ տեղեակ ենք, որ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ ննջեցեալներուն համար յատուկ յիշատակութիւն ու աղօթք կ’ըլլան հինգ տաղաւարներուն Սբ. Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութեան, Սբ. Յարութեան, Քրիստոսի Պայծառակերպութեան-Վարդավառ, Վերափոխում-Սբ. Մարիամ Աստուածածին, Խաչվերացի Բ. (2-րդ) օրերը, որոնք հրամայեալ հանգստեան տօն ալ եղած են՝ հաւատացեալներուն դիւրութիւն ընծայելու համար իրենց մեռեալներուն այցելելու եւ անոնց համար աղօթելու։
Հետեւաբար, տօներու յաջորդող երկրորդ օրը Մեռելոց է: Այս օրը, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ ննջեցեալներու յատուկ յիշատակութիւն եւ աղօթք տեղի կ՛ունենայ:

Մեռելոցի օրը, առաւօտուն եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի հոգեհանգիստեան սուրբ պատարագ, յետ պատարագի մարդիկ կ’այցելեն գերեզմաններ աղօթելու իրենց ննջեցեալ հարազատներու հոգիններու փրկութեան եւ անոնք յիշատակելու համար:
Վերոնշեալ լոյսին տակ, պէտք է նշենք, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած պատերազմական վիճակը եւ յատկապէս Հալէպի մէջ մինչեւ օրս տեղի ունեցած ռմբակոծումները, հրթիռակոծումները եւ կրակոցները պատճառ եղան, որ բնակիչները ամէն տեսակով վտանգուին:

Արդարեւ, պէտք է ըսել, որ այս անապահով վիճակին մէջ եւ յատկապէս հայկական գերեզմաններու վայրը անապահով եւ զինեալներու բախումներու վայր ըլլալուն պատճառով Հայ ազգի զաւակները այս տարուան Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման յաջորդող օրը՝ Մեռելոցին ինչպէս անցեալ տարի եւս, չկրցան այցելել իրենց ննջեցեալներուն:

Առ այդ, Աստուած մեր ննջեցեալ հարազատներուն եւ նաեւ մեր ազգի բոլոր նահատակներուն հոգիները լուսաւորէ:
Մեր աղօթքներով յիշենք նաեւ մեր բիւրաւոր անշիրիմ նահատակներու յիշատակը:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի եւ վաստակն ապրողաց օրհնեալ եղեցի, Ամէն: