ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Արիւնալի աղէտներով, աղմուկներով ահարկու,
Արեւմուտքի ստրուկները մեքենայի ու ոսկու`
Իրենց հոգու անապատից խուսափում են խուռներամ
Դէպ Արեւելքն աստուածային` հայրենիքը իմ հոգու…
Յ. Թումանեան

Կը դիտես մարդուն ունայն գործերը ու չես կրնար զուգահեռներ չգծել: Մայր բնութեան համար իր բոլոր զաւակները մէկ են` ասուն թէ անասուն: Նոյնիսկ եթէ մարդկային խելքով դատելու ըլլանք, անասունները պէտք է որ նախընտրելի ըլլան, քանի որ անոնք հաշտ ու ներդաշնակ կ՛ապրին իրենց մօր հետ, մինչդեռ մարդը իր զարգացումի ճանապարհին քայլ առ քայլ կը կործանէ բնութիւնը: Ինչպէս որ անասուններու, մարդու համար եւս երկրագունդը տարածք մըն է, զոր իւրաքանչիւրը կ՛ուզէ չափել իր մկաններու զօրութեան համաձայն: Մարդը չափանիշ ընդունած է` «Քաջերուն սահմանը իրենց զէնքն է»: Այսօր «քաջ»-ին տեղ կրնաք դնել ձեր ուզած բառը` ստոր, գազան, ոճրագործ, խարդախ, դաւաճան եւ այլն: Ու մարդը անվերջ լծուած է երկրագունդը ձեւելու, վերաձեւելու գործին: Անասունները այդ նպատակով, գիտէք, կարգ մը տեղեր ետեւի մէկ ոտքը վեր կ՛առնեն ու իրենց սահմանը կը գծեն: Ու եթէ առիւծը կ՛որոշէ գծել իր սահմանը, ան կը հարցնէ՞ իր տարածքին մէջ ապրող միւս արարածներուն կարծիքը: Ա՛յդ միայն պակաս էր: Մեր մեծ քեռիներն ալ նոյն գործին վրայ են: Իսկ թէ այդ միջոցին ո՞վ կ՛իյնայ իրենց ոտքին տակ, ինք թող մտածէ:

Օպամային ի՜նչ, թէ գեղեցիկ Սուրիան ամբողջ կ՛այրի կրակներու մէջ (ինք հրդեհէն հաճոյք կ՛առնէ, թերեւս ալ, Կեսարին պէս, հրդեհներէն ոգեշնչուած` ոտանաւոր ալ կը գրէ), ի՜նչ հոգ, թէ Պաղեստինի մէջ իր ձագուկը «մարդասիրական» կոտորածներ կ՛ընէ, թէ` Իրաքի մէջ մարդագայլերը կը յօշոտեն մարդը ու քրիստոնեաները մերկ ձեւով դուրս կը դնեն երկրէն. «Կա՛մ կը մորթուիք, կա՛մ միայն մէկ հագուստով կ՛ելլէք այս երկրէն», կ՛որոշեն Օպամայի ձեռնասունները: Օպաման տեսա՞ւ Իրաքի իր «քրիստոնեայ եղբայրներուն» (սխա՞լ եմ…) ստորացումն ու սոսկանքը: Կամ թերեւս ալ ի՞նք էր, որ ֆրանսացի «մարդասէր» հոգեւորականներ ղրկեց զանոնք համոզելու, որ տեղափոխուին այլ երկիր, նոր դրախտավայրե՜ր: Միջին Արեւելքը ոտք դարձած` լքելով հազարամեայ աւանդոյթներ, լեզու ու սրբութիւններ, փախուստ կու տայ իր հազարամեայ այրուող ծննդավայրերէն, երթալ, Արեւմուտքի գռիհներուն մէջ կորսուելու, որպէսզի Արեւմուտքը փեթրոլ խմէ: Օպամայի հո՜գն է, թէ այդ մարդոց նախնիներու բազում սերունդներ ապրած են այդ հողին վրայ ու` մեծ մշակոյթ ստեղծած (ի՞նչ է մշակոյթը. աշխարհի վրայ միայն մէկ մշակոյթ պիտի տիրէ` քոքա քոլա ու ֆեսթ ֆուտ):

Կը նայիմ պրն. Օպամայի ու իր մարդամեքենաներու դէմքերուն ու օրէցօր աւելի սեւնալը կը տեսնեմ: Ո՛չ, ակնարկս մորթի գոյնին չէ, ցեղային խտրութիւն չունիմ: Պարզապէս կը յիշեմ Օսքար Ուայլտի Տորիան Կրէյը, որ իւրաքանչիւր ստորութենէն ետք իր դիմանկարին վրայ իր հոգիին այլանդակուիլը կը տեսնէր:

Օպաման աչքեր ունի՞. հոգի՞…

***

Վերջերս կրկին Միացեալ Նահանգներ Եւրոպայի իր ձագուկներուն գլուխը շոյեց (կամ իւղեց), շաքար տուաւ անոնց ձեռքը ու միասնաբար որոշեցին Փութինի կայսրութիւնը կործանել: Մենք աստուածային կամքով այս երկրագունդը պահպանելու կոչուած ենք, ուրեմն բարի կեցողները կը պարգեւատրենք, իսկ չարերը կը պատժենք: Քանի՜ անգամ Փութինին մանկավարժօրէն հասկցուցինք, որ իր վարմունքը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ, բայց ան մտիկ չըրաւ, յայտարարեց Օպաման, երբ լրագրողներ իրեն հարցուցին, թէ արդեօ՞ք Ռուսիոյ հետ խորհրդային օրերու Պաղ պատերազմը կը կրկնուի (պէտք է յիշել, որ այս անգամ մինչեւ ամպիոն ցատկռտելով չեկաւ, ուրեմն շատ ինքնավստահ է ու իր մկանները ցուցնելու պէտք չզգաց…): Իսկ ես, որ առակի շնիկին պէս փիղին վրայ հաջելէն զատ այլ կարողութիւն չունիմ, անոր ըսածը սապէս կը թարգմանեմ. «Սա տղան չափը անցաւ, ուր որ լուցկին մօտեցնեմ, ինք կու գայ ու կը ջանայ կրակը իր կողմը քաշել: Լա՛ւ, քանի որ կրակը շատ կը սիրես (ինծի պէս), գնա՛ եւ Ուքրանիոյ կրակին մէջ այրէ, այն ատեն կը մոռնաս Սուրիոյ հովանաւոր ըլլալդ: Դեռ քիթիդ տակ վառելիք շատ կրակներ ունիմ…

Եւ այսպէս, ձեռք ձեռքի տուած, տղաքը որոշեցին Ռուսիան տնտեսական պատիժներու ենթարկել: Մինչ ռուսը (թէեւ ոչ առաջուան յոխորտութեամբ) հաշուարկներ կ՛ընէ ի ցոյց անոնց ու քմծիծաղով կը յայտնէ, թէ ինք շատ աւելի հզօր միջոցներ ունի նոր հայրիկ ընտրած Եւրոպան պատժելու համար: Եւրոպացի փափկակենցաղ տղաքը շուտով պիտի ստիպուին «պապային» չենթարկուիլ, քանի որ շուտով իրենք զիրենք պատժուած պիտի զգան: Իրենց կիսահոգեվարքային տնտեսութիւնը, որքան ալ կարկտաններ դնեն, երկար պիտի չտոկայ: Ռուսիան սովոր է գօտին սեղմել, բայց իրենք ատկէ շնչակտուր կ՛ըլլան:

Ըսուած է` ձին ու ջորին կռուեցան, մէջտեղ էշը ծեծ կերաւ: Առակին էշը, որ մինչեւ հիմա Արեւելքի երրորդ կարգի ժողովուրդներս ենք, շուտով իրենք ալ պիտի ըլլան:

***

«Ջանացէք Մա՛րդ ըլլալ, մարդը տիեզերքի
բարձրագոյն արժէքն է»:
Լ. Շանթ

Կը կարծէի, թէ Սուրիոյ մէջ կատարուողը` երեքուկէս տարիներու ընթացքին մեր ամէնօրեայ սարսափները, մեր աչքին առջեւ վայրկենապէս ծանօթ-հարազատ-բարեկամ մարդոց կամ համաքաղաքացիներու անմեղ զոհ երթալը պէտք էր որ զմեզ հասունցուցած ըլլար` կարենալ մարդկայնօրէն ամէնէն կարեւորն ու անկարեւորը իրարմէ զատելու, պէտք էր որ մեր հոգիներուն մէջ արթնցուցած ըլլար առաւել ներողամտութիւն, իրարու հանդէպ սէր ու գուրգուրանք, պէտք էր որ մեր ճղճիմ եսը գէթ մասամբ հալած ու ձուլուած ըլլար ընդհանուրին մէջ: Մինչդեռ սոսկումով ականատես կ՛ըլլաս, թէ մարդը որքա՜ն ամուր մտած է իր մորթին մէջ ու դեռ որքա՜ն անհասու է էականին ու մարդկայինին:

«Ես բարձր եմ բոլորէդ, ես գիտուն եմ ու դուք` տգէտ… ե՛ս, ի՛մ, ինծի՜…», ահա՛ բազում պատնէշներէն մէկը, զոր կը դնեն յաճախ իրենց եւ ուրիշներու միջեւ. միայն մէ՛կը, որու բախեցայ այս օրերուս: Մեր ապրած արհաւիրքները կու գան բազմիցս հաստատելու, թէ ամէնքս մէկ ենք` անկախ մեր գիտելիքէն, գրպանէն, տեսքէն, ազգութենէն, մէկ` մեր վախերով, ցաւերով, կարիքներով ու նաեւ` յոյսերով, սէրերով, կարօտներով. մէկ` մարդկային մեր խորքային էութեամբ:

Վերջերս, երբ մէկը իր գիտելիքները (բացառի՜կ) եւ զանոնք ձեռք ձգելու համար իր կրած ծանր աշխատանքն ու յոգնութիւնը ապտակի մը նման կը զարնէր ներկաներու դէմքերուն, ես ամչցայ… որ կը խղճայի իրեն… որպէս հիւանդի: Այդ պատկերին առջեւ անդրադարձայ կրկին, թէ գիտելիքը քիչ է մարդս մարդ ընելու համար, յիշեցի ալ մօրս խօսքը` «Համալսարանական էշեր ալ շատ կան» (ներեցէ՛ք, ժողովուրդը միշտ չէ, որ կը շաքարապատէ ճշմարտութիւնը): Զգացի, որ հակառակ յառաջացած տարիքին ու «բարձր» գիտելիքներուն (բացառի՜կ), ան հոգիով աղքատ մանուկ մըն էր, որ կարծես ինք ալ չէր հաւատար իր ունեցածին ու (դարձեալ մօրս խօսքով)` «Ես ո՜վ, էս ո՛վ…»:

Գիտելիքը ձեռքբերովի արժէք է, ինչպէս եւ դրամը, մինչդեռ մարդկայնութիւնն է մեր սեփական առաքինութիւնը: Մի՞թէ քիչ են պարզ մարդոց մէջ հրաշալի հոգի ունեցողներ… Այսօր մեր շուրջը լուռ գործող, ուրիշներու ծառայութեան մէջ յոգնող, այլոց ցաւերը թեթեւցնող լուսաւոր հոգիները բոլո՞րն ալ գիտուններ ու փրոֆեսէօրներ են…

Գիտելիքը ուժ է ու կեանքի զէնք, բայց ինչո՞ւ կու տայ ինքնահաւանութիւն ու գոռոզութիւն. որովհետեւ չ՛ընկերանար իմաստութեան ու համեստութեան: Պայմաններու բերումով շատեր ունակ են գիտելիքներ ստանալ, սակայն ոչ բոլորը ունին աստուածատուր իմաստութիւնը ու հասուն հասկին խոնարհութիւնը:

Նպատակս տգիտութիւնը քաջալերել չէ, այլ կոչ` գիտելիքը արժեւորել իմաստուն առաքինութեամբ: Դուն գաւաթն ես ու գիտելիքդ` պարունակութիւնը անոր, որ կը փոփոխուի: Պարունակութեան փոփոխութիւնը գաւաթին կոշտ ապակին բիւրեղապակի չի՛ դարձներ: Ջանա՛ գիտելիքդ բիւրեղապակի գաւաթի մէջ լեցնել. այն է` յիշէ հոգիդ, որ շատ ալ տարբեր չէ ուրիշներէ…