Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

asbarez.com –

Դո՛ւ, հայ երիտասարդութիւն, պիտի ուզէի… որ դու յաճախ ու յաճախ հայ աշխարհի ամբողջ տարածութեամբ արձակէիր անհանգիստ աղաղակդ.– Հէ՜յ, վտա՜նգ կայ, թրքակա՛ն վտանգը սեւ ամպի պէս կախուած Հայաստանի գլխին, վտա՜նգ, զոր միայն եօթնիցս կոյրերը չեն տեսնում…
ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ

Վտանգը միայն թրքակա՞ն է, թէ…
Հայկական գործնական խելքի մէկ ուրիշ փաստը ունեցայ այսօրուան զրոյցին ալ։
Բարեկամ մը, որ ամառուան համար Հայաստան ճամբորդելու ծրագիր ու հոն տուն ալ գնելու նպատակ ունի (ունէր…), ինծի իր երկմտանքի մասին խօսեցաւ.

– Տղուս ըսի, թէ Հայաստան տուն մը առնենք, հոս մեզի այլեւս տեղ չմնաց, ապագային իրեն ալ պէտք կ՛ըլլայ, գիտե՞ս ինչ ըսաւ. «Պապա՛, ի՞նչ պիտի ընենք Հայաստան տունը, հոս՝ Անթալիա առնենք աւելի լաւ է։ Միայն տեսնես, ամէն եւրոպացի ու ռուսեր են այս կողմերը։ Ռուսերը հարկաւ բան մը գիտեն, որ հոս դրամ կը դնեն»։
– Հնարաւոր է որ ռուս մեծահարուստներ հոն տաք ծովափ գտած, դրամ դրած են, բայց որքան ալ որ ռուս ու եւրոպացի ըլլայ, այդ երկիրը Թուրքիա է,- յիշեցուցի ես։

– Բայց ինքը հոն շատ հաւներ է,- պատասխանեց բարեկամս։

Ինք տակաւին կը գովէր այդ երկրին բարեմասնութիւնները, մինչ ես կը խորհէի. «Անշուշտ պիտի հաւնի, քանի որ մօր կաթին հետ թրքերէն հեռատեսիլ, երգեր ու ֆիլմեր հրամցուած են իրեն։ Թուրքը քու տղուդ հարազատ է ու նաեւ՝ քեզի»։
Ես ցաւ պատճառել չուզելով՝ կը լռէի, մինչդեռ մեր երրորդ զրուցակիցը, որ «խօսքը ճակտին ըսելու» սովորութիւն ունի, շատ հանգիստ ըսաւ.

– Անշո՛ւշտ, թուրքի պէս մեծցուցեր էք տղան, ինք թուրքերու հետ շատ լաւ կը զգայ, անշուշտ Քեսապ եղածը ու Նոր Գիւղին կործանիլն ու հայ մարդոց դժոխային տանջանքներով սպանուիլը իրեն բան մը չեն ըսեր։ Անթալիան գեղեցիկ տեղ է եղեր… Իսկ իմ տղաքս Գերմանիա գիտե՞ս ինչ կ՛ընեն։ Թուրքիայէն տարուած աժան ու համեղ պտուղներ կան, տղաքս կ՛երթան աւելի սուղը կ՛առնեն, բայց թրքականը չեն գներ։ Դաստիարակութեան հարց է…

– Դուք ալ շատ ծայրայեղ էք,- չէր նահանջեր առաջինը,- դուն չգնես, ուրիշը պիտի գնէ, դուն կը վնասես…

Սկսաւ վիճաբանութիւն, որու չմասնակցեցայ. հասկցայ, որ հոս սկզբունք կոչուածը «քեպապ»ի շատ կամ քիչ խորոված ըլլալուն ճաշակէն անդին պիտի չանցնի. գանեցա՛յ, յուսահատեցա՛յ մեր այլասերութենէն ու ստրուկի հոգիէն։ Գիտե՛նք հայերուս նահանջը, գիտե՛նք թրքական հեռատեսիլէն շատ աւելի «զարգացած» հայերու կախեալութիւնը, սակայն նոյնիսկ այս պայմաններուն մէջ, երբ այդ բորենիները մեզի դէմ կրկին ջարդ սկսած են, երբ կը քանդեն Նոր Գիւղը, երբ Արցախը կրակի տակ կը պահեն, երբ Քեսապ կողոպտած ու պղծած եկեղեցւոյ ու տուներու պատերուն սպառնալիքներ գրած են, թէ մենք կրկին հոս պիտի դառնանք՝ հայեր կրնան Թուրքիա դիտել, թրքերէն լսել, այդ երկիրը գովել (մեր յափշտակուած հայրենի՜քը), հոն երթալ ապրիլ՝ բնական, կարծես ոչինչ եղած է ու կ՛ըլլայ, կարծես աշխարհին մէջ այլ երկիր գոյութիւն չունենար։

Երբ ելանք, հարցուցի միւսին.
– Մե՞նք ճիշդ ենք, թէ այդպէս խորհողները։
Ան պատասխանեց.
– Անո՛նք ճիշդ են, այսօր արժանապատուութեան ղուրուշ տուող չկայ… Թուրքը թուրք ծնած է ու, լաւ կամ գէշ (հաւանաբար մէջերնին մարդիկ ալ կան), իր բնոյթին հարազատ է, իսկ թրքաբարոյ հայը… որ մեր մէջ շատ է, ընդունի կամ ոչ, ի՞նչ է անոր բնոյթը. ան ոչ հայ է եւ ոչ ալ թուրք. ան մարդու վատթարագոյն տեսակն է, նսեմ, ցածոգի, մէկ խօսքով՝ մարդ չէ,- աւարտեց բարեկամս։
Սիրտէս խօսեցաւ, սիրտս խոցեց։

Դուք ի՞նչ կարծիքի էք, ո՞ւր տուն գնենք…
***
Կրկին խիստ ծոմապահութեան դատապարտուեցանք։ Չէ՞ որ Ռամատան է, ու մենք բոլորս՝ բախտակից հայրենակիցներ… Ինչի՞ նման էր նախորդ տարիներուն, երբ դրացիդ, բարեկամդ, գործընկերդ ծոմի մէջ կը տոչորէր, մինչ դուն հանգիստ կ՛ուտէիր, կը խմէիր։ Հիմա անդրադարձանք կամ անդրադարձուցին, ի՜նչ տարբերութիւն, կարեւորը՝ բոլորս համերաշխօրէն ծոմի մէջ ենք, որ կ՛ըսուի՝ օգտակար է եղեր առողջութեան ու նաեւ… գրպանի։

Այսպէս՝

Տեղեակ չեմ՝ Ռամատանին լոգանքի արգելք կա՞յ կամ ոչ (յանկարծ, անզգալաբար կրնաս կաթիլ մը կլլել), բայց մենք, որպէս նորավարժներ՝ խիստ օրէնքի կը հետեւինք ու երբ սնդիկի սիւնը անվերջ վեր մագլցելու մէջ է, կը լողանք… միայն մեր քրտինքին մէջ։ æուրի հետ որեւէ շփում մեղք կը նկատուի։ Անշուշտ երազներուդ հսկող չկայ, ազատօրէն կրնաս աւազան ալ մտնել, իսկ եթէ երազիդ մէջ ալ երեւակայութիւնդ զօրաւոր է, նոյնիսկ ծովուն բացերը լո՜ղ կու տաս… ու մղձաւանջէդ կ՛արթննաս՝ թաց բարձով։
Մեր պահեցողութիւնը դիւրացնելու համար միջոցներ ալ ձեռք առնուած են. հարցը միայն սննդեղէնի, բանջարեղէն-պտուղներու առասպելական գիները չեն։ Որպէսզի մեր հոգիները բոլոր մեղքերէն մաքրուին, ծոմի միջոցին ելեկտրականութեան ալ պէտքը չունինք՝ ոչ հովահար, ոչ ալ սառնարան, մանաւանդ, երբ սենեակային ջերմաստիճանը կը ցատկէ 35 եւ աւելի աստիճանի, ծոմդ խախտելու գայթակղութիւն ալ չես ունենար. ո՞ւր էր որ սառնարանին մէջ պաղ ջուր ունենայիր ու մարդկային թուլութեամբ…
Ռամատան է ու մենք՝ ծոմապահութեան մէջ. թեթեւ ըլլայ…
***
Եթէ ընդունելի է «ապրիլ» բայը իր ընթացիկ իմաստով գործածել նաեւ հալէպցիներուս համար, ըսենք, որ մենք վերջերս կ՛ապրինք գիշերային կեանքով։ Ո՛չ, անմիջապէս մի՛ կարծէք, թէ գիշերային վայելքներու մէջ ենք. անցա՜ն այդ օրերը։ Արդէն երեք տարի Հալէպի մէջ նման ձեւով կեանք գոյութիւն չունի, ու մենք բոլորս հաւերու հետ թառ կ՛ելլենք, նոյնիսկ եթէ չկարենանք քնանալ։
Ուրեմն ի՞նչ գիշերային կեանքի մասին է խօսքը։ Հասկնալու համար պատկերացուցէք քաղաք մը, որ Աստուածային օրհնութեամբ շէկ արեւ ունի, որ չի հարցներ դուն ջուր կամ ելեկտրականութիւն ունի՞ս կամ ոչ, ու հուր կը թափէ այնպէս, որ ցամաք ինկած ձուկի պէս միայն բերանդ կը բանաս ու օդ կը փնտռես։ Բարեբախտաբար ձուկ չենք, որ ջուր փնտռենք։ Բայց ոմանք կը կարծեն, թէ ձուկի ազգական են ու կը սկսին ջուրի տագնապի մատնուելու։ Ի՞նչ ընել.

Առաջին միջոց. փողոցները իյնալ, տեղէ մը ջուր գտնելու ու ամաններդ լեցնելու (միշտ քովդ թող ըլլայ մէկ երկու դոյլ կամ նման բան մը, որ տանողներուն չնախանձիս)։

Երկրորդ. եթէ չես կրնար շալկել, ծախո՛ւ առ. անմիջապէս կը բերեն ու տակառդ կը լեցեն։ Գի՞նը. նայած բախտիդ՝ կը տատանի։ Եթէ բախտաւոր ես, 1000 լիթրը նոյնիսկ 1500 սուրիականի կրնաս գտնել։ Եթէ միջակ է բախտդ՝ 2000-2500ի կը գտնես, եթէ բախտը քեզմէ երես դարձուցեր է կամ քսակդ լի է՝ 3000ին բան մի ըսեր, ա՛ռ, մանաւանդ որ բոլորը մէկ են, կասկածելի՝ նոյնիսկ լոգանքի համար, չէ՞ որ կը հոսի գետը, ձրի՜…

Կ՛ըսուէր «ջուրի պատերազմ», ու համոզուած էինք, թէ ան կրնայ ըլլալ երկիրներու միջեւ։ Մինչդեռ նախնական փորձը մեր վրայ կը կատարուի եւ ահա՛ մենք ունինք ոչ միայն ներերկրային, այլ նաեւ ներքաղաքային, ներթաղային ու դեռ՝ ներշէնքային ջուրի պատերազմ, երբ բարեկամ-ծանօթ-դրացի զիրար թշնամանալու կը հասնին։
Հալէպի երկինքին վրայ իշխող «քահրապա» ու ջուր բառերուն հետ հաւասար գործածուող բառերէն է «սենթր ֆիշ»ը, որուն ո՛չ իմաստը, ո՛չ ալ ուղղագրութիւնը հասկցած եմ, բայց դերը լաւ գիտեմ։ Անոնք, որոնք բարձր յարկերու վրայ կ՛ապրին, պէտք է ունենան այս «փրկիչը», բայց եկուր տես որ ջուրը, եթէ նոյնիսկ գայ՝ նկուղէն վեր չ՛ելլեր, այնպէս որ «սենթր ֆիշ»ին առեւտուրն ալ, հեծցնող արհեստաւորներուն ալ գործ ապահովուեցաւ։

Գիտեմ, անմիջապէս պիտի ըսէք. «Բայց եթէ «քահրապա» ըլլա՜յ…»։ Ընդունի՛նք որ կայ, ու ջուրն ալ «ապու»՝ նկուղ հասեր է, բայց նազ կ՛ընէ վեր ելլելու. ուրեմն՝ միացնե՛նք մեր ջրմուղները։ Ի զուր են ջանքերդ, քանի որ ամբողջ թաղը, թաղե՛ր, այդ ժամուն եռանդուն գործի վրայ են։ Ցերեկը «եա՜ լէյլ» երգելով գիշերուան զովը երազելէ ետք, գիշերն ալ տաքէն չքնացած՝ հսկած են, թէ երբ պիտի գան ջուրն ու ելեկտրականութիւնը՝ համերաշխ, ձեռք-ձեռքի։ Այն ատեն կեանքը կը սկսի՜։ Հոս կենաց պայքար է։ Ով շուտ բացեր է, ու «զօրաւոր» ջրմուղ ունի, ան լուացք կը դնէ, ընտանիքով լոգանք կ՛առնէ, տունի մեծ ու պզտիկ բոլոր առարկաները, որոնք կրնան ջուր առնել, կը լեցնէ, պատշգամ կը լուայ եւ այլն, մինչ ուշացողները կարգին կը սպասեն, միտքին մէջ կը հայհոյեն ալ «ագահ» դրացիները, քանի որ մինչեւ կարգը գայ՝ «քահրապա»ն կ՛երթայ կամ ջուրը կը ցամքի…

Սպասենք յաջորդ բարեպատեհ առիթին։

Մինչդեռ առաւօտը կը բացուի երջանիկներու պատշգամներէն փողփողացող լուացքներու շարաններով։
Եկուր ու մի՛ նախանձիր։

***
Ժողովուրդին հոգեվիճակը այլեւս բառով մը կարելի է սահմանել՝ գանած։ «Եղունգ ունիս՝ գլուխդ քերէ». այլեւս քու ո՛չ կեանքդ, ո՛չ ապահովութիւնդ, ո՛չ առօրեայ կենցաղային պէտքերդ, ու մանաւանդ՝ ո՛չ ալ հոգեկան վիճակդ կը հետաքրքրէ ոեւէ մէկը։ Կամ կը լռեն ու կենցաղի մանր, մաշիչ, անմարդկային, ծայրը չերեւցող հարցերու մէջ խրած՝ կը քաշքշուին, կամ կը հայհոյեն՝ արդէն բոլոր կողմերուն։ Բայց ամէնէն աւելի… կը գաղթեն, այլեւս առանց որոշակիօրէն գիտնալու, թէ ինչ կը սպասուի իրենց, ու քաղաքը օրըստօրէ աւելի ուրուականային կը դառնայ։

Կը քաջալերենք ալ երբեմն զմեզ, թէ անդրդուելի՛ ենք ու ոգիով ամուր, յաղթակա՛ն։ Բայց ո՞ւր է յաղթանակին արդիւնքը, բերկրանքը, թէկուզ՝ արցունքը։ Նոյնիսկ յուսահատած ենք չ՛ըսուիր, քանի որ մոռցեր ենք ընդհանրապէս յուսալ։ Դադրեր ենք իւրաքանչիւր քաղաքական իրադարձութեան հետ յոյս կապելէն ու հիասթափուելէն։ Մինչդեռ ժողովրդական խօսքը ճշմարտութիւնը կ՛ըսէ՝ «Ինկողը կը քաշէ»…
Եթէ ձեր յոյսի շտեմարաններուն մէջ դեռ լոյսի նշոյլներ կան՝ զանոնք վառեցէք…

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ