asbarez.com – Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակը շնորհակալական հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Յունիս 28ին, Փարիզի «ԱՅԲ-Էֆ.Էմ.»ին, Լիոնի «Ռատիօ Արմէնի»ին եւ Վալանսի «Ռատիօ Ա.»ին միաժամանակ կատարած ռատիօթոնին կարելի եղած է հանգանակել 25,000 եուրոյի համարժէք նուիրատուութեան խոստումներ:
Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն ուղղուած նուիրատուութեան ձեր վճարագրերը (չէքերը) կրնաք ղրկել BFCA-ի անունով, 17 rue Bleue 75009 Paris հասցէին:
Cerfa ստացագիր մը կը ղրկուի նուիրատուներուն:
09/07/2014