asbarez.com – Սուրիական հայրենիքի ապրած 3 տարուան պատերզմական վիճակը տակաւին կը մնայ նոյն տխուր հորիզոնին վրայ:
Յատկապէս Հալէպ քաղաքի ապահովական, տնտեսական, կենցաղային տագնապը օրըստօրէ աւելի կը դժուարացնէ բնականոն կեանքը:
Այսօր մեծապէս վնասուած է ՍՕ Խաչի Ընկերաբժշկական կեդրոնը, որ կեանքի կոչուած էր Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանին մէջ տարիներու հետեւողական աշխատանքի ու մեծ զոհողութիւններու գնով, ծառայելու համար շրջանի բնակչութեան, որպէս գեղեցիկ օրինակ՝ անկարելին կարելի դարձնելու հաւատքին:
Կեդրոնի նորոգութեան անհրաժեշտ մեծագումար նիւթական կարիքէն ու շրջանի աղէտալի գօտի նկատուելու իրողութենէն մեկնելով, ներկայիս անհնար է վերանորոգել կեդրոնի աւերուած բոլոր բաժինները:
Սակայն, գիտակցելով մեր ստանձնած պարտականութեան, վիրաւորներու, հիւանդներու, զրկուածներու, աներդիք մնացած ազգի զաւակներուն յոյս, ապրելու կամք ներշնչելու խոստումով կը շարունակենք մեր ծառայութիւնները:
Նկատի ունենալով, որ Նոր Գիւղի շրջանի բնակչութիւնն է, որ ամենաշատ կարիքը ունի ընկերաբժշկական ծառայութիւններու, Շրջանային վարչութիւնս կեդրոնի տարրալուծարանի, դարմանատան բաժիններու մաքրութենէն , դասաւորումէն ետք կարողացաւ ի վիճակի դարձնել առողջապահական աշխատանքները ՍՕ Խաչի Ընկերաբժշկական կեդրոնէն ներս, 3 Յուլիս 2014էն սկսեալ:
Յուսադրուած ենք, որ մօտիկ ապագային ՍՕ Խաչի Ընկերաբժշկական կեդրոնը իր այլ ծառայութիւնները եւս (խնամատարական, ընկերային, կրթական, եւայլն) պիտի մատուցէ հայահոծ Նոր Գիւղ շրջանին մէջ:
ՍՕ ԽԱՉԻ ՇՐæԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
10/07/2014