Սուրիական հայրենիքի ապրած 3 տարուան պատերազմական վիճակը տակաւին կը մնայ նոյն տխուր հորիզոնին վրայ:
Յատկապէս Հալէպ քաղաքի ապահովական, տնտեսական, կենցաղային տագնապը օրըստօրէ աւելի կը դժուարացնէ բնականոն կեանքը:
Այսօր մեծապէս վնասուած է ՍՕ Խաչի Ընկերաբժշկական կեդրոնը, որ կեանքի կոչուած էր Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանին մէջ` տարիներու հետեւողական աշխատանքի ու մեծ զոհողութիւններու գնով, ծառայելու համար շրջանի բնակչութեան, իբրեւ գեղեցիկ օրինակ` անկարելին կարելի դարձնելու հաւատքին:
Կեդրոնի նորոգութեան անհրաժեշտ մեծագումար նիւթական կարիքէն ու շրջանի աղէտի գօտի նկատուելուն իրողութենէն մեկնելով, ներկայիս անկարելի է վերանորոգել կեդրոնի աւերուած բոլոր բաժինները:
Սակայն, գիտակցելով մեր ստանձնած պարտականութեան, վիրաւորներու, հիւանդներու, զրկուածներու, աներդիք մնացած ազգի զաւակներուն յոյս, ապրելու կամք ներշնչելու խոստումով կը շարունակենք մեր ծառայութիւնները:
Նկատի ունենալով, որ Նոր Գիւղի շրջանի բնակչութիւնն է, որ ամէնէն շատ կարիքը ունի ընկերաբժշկական ծառայութիւններու, Շրջանային վարչութիւնս կեդրոնի տարրալուծարանի, դարմանատան բաժիններու մաքրութենէն, դասաւորումէն ետք կրցաւ ի վիճակի բերել առողջապահական աշխատանքները ՍՕ Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ` 3 յուլիս 2014-էն սկսեալ:
Յուսադրուած ենք, որ մօտիկ ապագային ՍՕ Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնը իր այլ ծառայութիւնները եւս (խնամատարական, ընկերային, կրթական եւ այլն®) պիտի մատուցէ հայահոծ Նոր Գիւղ շրջանին մէջ:
ՍՕ ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ