kantsasar.com – Քե­սա­պը ազա­տագր­ուե­ցաւ…

Տարտղն­եալ բնակ­չու­թիւնը աս­տի­ճա­նա­բար կը վե­րա­դառ­նայ իր բնա­կա­վայ­րը:
Թէ ի՞նչ անակն­կալ­ներ կան իւ­րա­քան­չիւր ըն­տա­նի­քի հա­մար իր տան, խա­նու­թին, հո­ղա­շեր­տին մէջ պի­տի յայտ­նա­գործ­ուին ան­կաս­կած ու պի­տի դառ­նան լուծ­ման ու կար­գա­ւոր­ման ար­ժա­նի ԻՐԱ­ՎԻ­ՃԱԿ:
Կր­կին ու կր­կին փառք պի­տի տանք, մարդ­կա­յին նուա­զա­գոյն` ինչ­քի առա­ւե­լա­գոյն կո­րուս­տով վե­րա­դառ­նա­լու հա­մար… Հա­յու ճա­կա­տա­գիր, հա­յու մտա­ծե­լա­կերպ… Նուա­զա­գոյն, նուա­զա­գոյն ու գոյն-գոյն կը մնանք ցր­ուած, կը մնանք անմ­ի­ա­բան, կը մնանք հայ­րե­նա­մերժ:

Երազ էր, ուշ­քի եկանք…

Մնաց Հա­լէ­պը ու Հա­լէ­պի ան­վեր­ջա­նա­լի պայ­թող տա­կառ­նե­րը (հաուն­նե­րը մոռ­ցանք), օրա­կան յա­ճա­խա­կա­նու­թեամբ ան­մեղ զո­հե­րը եւ ՋՈՒ­Րը:

Ջու­րը առօր­եայ հոգ, ջու­րը վտան­գա­ւոր, թու­նա­ւոր…

Թա­փան­ցիկ այս հե­ղու­կը հա­մայն աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան հա­մար կեն­սա­կան նիւ­թե­րէն գլ­խա­ւո­րա­գոյնն է: Նա­խա­մար­դը իր յա­ռաջ­խա­ղա­ցումն ու նո­րաս­տեղծ մշա­կոյ­թը հիմ­նեց ջրա­յին շր­ջան­նե­րու մէջ, վա­րար գե­տե­րու եզեր­քը: Իսկ հե­տա­զօ­տող մաս­նա­գէտ­ներ կը գու­շա­կեն, թէ ապա­գայ պա­տե­րազմ­նե­րու դր­դա­պատ­ճա­ռը պի­տի դառ­նայ այն­քան անհ­րա­ժեշտ այս հե­ղու­կը` ՋՈՒ­Րը:
Քիմ­ի­ա­գի­տու­թիւնը` նիւ­թե­րու բա­ղադ­րու­թիւնը սեր­տե­լու մաս­նա­գի­տու­թիւնն է, հե­տե­ւա­բար իւ­րա­քան­չիւր նիւթ, մե­տաղ, ու­նի յա­տուկ գի­տա­կան ան­ուա­նում: Ջու­րը հան­րա­ծա­նօթ է H2O Ֆոր­միւ­լով:
1880-ական թուա­կան­նե­րուն Օս­ման­եան կայս­րու­թեան Բարձ­րա­գոյն Դու­ռի Հայ­կա­կան հար­ցը հե­տապն­դող թր­քա­կան գրաքն­նիչ­նե­րը զար­մա­նա­լի հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­ցին, արիւ­նար­բու սուլ­թան Հա­մի­տի կաս­կա­ծա­միտ հիւան­դու­թիւնը այն­քան յա­ռա­ջա­ցած էր, որ /Հ/ տա­ռով սկ­սող բո­լոր բա­ռե­րը կը թարգ­ման­ուէ­ին… Հա­յաս­տան բա­ռը ջղաձ­գու­թիւն կը պատ­ճա­ռէր խո­րա­մանկ վե­հա­պե­տին ու ան­հատ­նում կաս­կած­նե­րու գիր­կը կը նե­տէր:
Այդ օրե­րուն էր, որ պա­տա­հե­ցաւ ծի­ծա­ղե­լի այս դէպ­քը.
Թուրք­իոյ մէջ քիմ­իա­յի դա­սա­գիր­քե­րէն հան­ուե­ցաւ գի­տա­կան հա­մաշ­խար­հա­յին H2O ան­ուա­նու­մը, պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւնը այն էր, թէ ան իր ծալ­քե­րուն մէջ կը կրէ հե­տեւ­եալ ծած­կա­գի­րը.Հա­միտ Երկ­րոր­դը հա­ւա­սար է զե­րո­յի:
Նեն­գա­միտ այդ կայս­րու­թեան ար­ժա­նա­ւոր ժա­ռանգ­նե­րը, հս­կա­յա­կան ամ­բար­տակ­ներ կա­ռու­ցե­լով կը սե­փա­կա­նաց­նեն երեք պե­տու­թիւն­նե­րու պատ­կա­նող Եփ­րա­տի ջու­րը: Մեծ պե­տու­թիւն­ներ, մարդ­կա­յին իրա­ւանց նկատ­մամբ բծախն­դիր, ձեռ­նա­ծալ ու լռակ­եաց կը հե­տե­ւին:

Ու­ժը կը մնայ զօ­րա­ւո­րին, իսկ գա­ւա­զա­նը` պատ­րաստ կի­րա­ռո­ղին ձեռ­քը:
Ժո­ղո­վուր­դը թի­րախ ու զոհ` կր­կին ան­գամ կը հե­ծէ, կր­կին ան­գամ մեծ ու փոքր եկե­ղե­ցի­նե­րու, մզ­կիթ­նե­րու, հո­րե­րու դի­մաց թի­թեղ­նե­րով կար­գի կը կե­նայ:

Կր­կին ան­գամ նոր զո­հեր` ջու­րի ըն­կե­րու­թեան պաշ­տօն­եա­նե­րէն, որոնք պայ­թած խո­ղո­վակ­նե­րը նո­րո­գե­լու նպա­տա­կով կը գոր­ծուղ­ղուին…

Մինչ խա­նութ­նե­րը ծա­խու զու­լալ ջու­րի շի­շե­րով կը խայ­տան, այս հի­նա­ւուրց քա­ղա­քի բա­րիք­նե­րը շատ են, վա­ճա­ռա­կան­նե­րը ճար­պիկ… Տա­կա­ւին շշուկ­ներ կը տա­րած­ուին, թէ ծա­խու հան­ուած իբր հան­քա­յին ջու­րե­րը պար­զա­պէս ծո­րա­կի ջու­րէն լեց­ուած ջու­րեր են: Մինչ չա­րա­շա­հու­թեան զոհ, սղու­թեան-ան­գոր­ծու­թեան մտ­րա­կին տակ շշ­մած ըն­տա­նի­քի հայ­րը յա­ւել­եալ ծախ­սի մտա­հո­գու­թեամբ կը տա­ռա­պի:

Ծո­րա­կի ջու­րը ցամ­քած է, հո­րի ջուր պի­տի կրես բա­րե­կա՛մ:

Խմե­լու ջու­րը թու­նա­ւոր է, շի­շի հան­քա­յին ջուր պի­տի գնես բա­րե­կա՛մ:
«Ճառ­ռա»-նե­րը տե­ղա­ցին, մա­ռան պի­տի ապաս­տա­նիս բա­րե­կա՛մ:
Տունդ քանդ­ուե­ցաւ, այլ շր­ջա­նի մէջ տուն պի­տի ճա­րես բա­րե­կա՛մ:
Զի քու ընտ­րու­թիւնդ է գո­յա­տե­ւել այս կի­սա­կոր­ծան քա­ղա­քին մէջ բա­րե­կա՛մ