azator.gr – Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ կը շարունակուի սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն ցուցաբերուող ընկերային աջակցութիւնը:

Աշխատակազմի ընկերային ապահովութեան վարչութեան պետ Ռուզաննա Զաքարեանի հերթական այցելութիւնը այս անգամ Աջափնեակ վարչական շրջանի Առաքելեան փողոցի հ. 40 տան մէջ վարձակալութեամբ բնակող ամուսիններ Յակոբ Պէրպէրեանի եւ Սոնիա Տապաղեանի չորս անձէ բաղկացած ընտանիքի տունն էր, որ վերջերս հիւրընկալած է նաեւ Սուրիայէն ներգաղթած իրենց բարեկամուհին՝ անչափահաս երկու երեխաներու հետ միասին:

Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը յայտնէ, թէ ընկերային ապահովութեան վարչութեան պետը տանտիկնոջ հետ քննարկած է զիրենք յուզող խնդիրները: Ընդգծելով, որ սուրիահայերը եւ անոնց խնդիրները Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի մշտական ուշադրութեան կեդրոնին են: