kantsasar.com –
ՀԱԼԷՊԱԳՐուԹիւՆ
-5-
Այս ալ տեսայ
Ապրեցայ
Շնչեցի բջիջ առ բջիջ
Թէ ինչպէ՞ս
Որոտը ռումբերու
Ահազանգն անապահովութեան
Կրծեցին ու յօշոտեցին
Երեւակայութեանս հորիզոններն
Եւ բռնաբարեցին
Ներշնչանքիս հրեշտակները
Զիս վերածելով
Ամուլ եւ steril
Ճեփ-ճերմակ թուղթի առաջ
Մարտնչող
Բայց պարտուող բանաստեղծի մը
Ինչպէս արեան սպիտակ հոսքերուն դէմ
Անզօր անյոյս մաքառող
Leukemia-ով տառապող
Սափրուած գլուխներով մանուկներու
Հալէպ ախ Հալէպ
Գոյութեան երակներուս մէջ
Ե՞րբ պիտի ներարկես
Վերակենդանացման թափանցիկ plasma-ն
Եւ կաս-կարմիր արիւնը
Բոսորագոյն յարութեան
Հալէպ ախ Հալէպ:
ՀԱԼԷՊԱԳՐուԹիւՆ
-6-
Կազային խիտ օղակներով
Շրջապատուած saturn-ի պէս
Արդեօք քանի՞ բանաստեղծ
Երկու երկար տարիներ
Գոյատեւած է եւ երազած
Թերորիզմի խիտ օղակներով
Շրջափակուած եւ ճնշուած քաղաքի մը
Արիւնագոյն փողոցներու քանդումին մէջ
Սատանաներու կարմիր
Թոքերէն պոկուած
Ախտածին թոքախտաւոր
Թուքի մասնիկներու նման
Շրջափակուած քաղաքիս
Խաղաղ բնակիչներու վրայ տեղացող
Մահաբեր հրասանդներ
Մահածին հրթիռներ
Եւ դրախտային հուրի բերիներու
Սէքսուալ մարմաջէն խենթացած
Դժոխածին մարդասպաններ
Ախ capitalist արեւմուտք
Ատելութեանս վերջագիծ
Գարշանքիս եւ զազրանքիս վերնագիր
Պիտի տապալիս
Ինչպէս տապալեցաւ եւ սուզուեցաւ
Ձեր անսուզելի յայտարարած
Titanic-ը
Իսկ մենք տակաւին
Շրջափակուած մեր քաղաքի
Պատմութիւն բուրող
Ամէն մէկ անկիւնէն
Ալլահ Աքպարներուն հետ
Ողջագուրուելով
Պիտի խաչակնքենք
Իսկ մեր եղբայրներն ու քոյրերը
Մեր սուրբ ղօղանջներուն ներքեւ
Պիտի շարունակեն խոկալ
Սուրբ մզկիթներու
Կանանչ անդորրի ծովերուն մէջ
Եւ Սուֆիի մը անմահական պտոյտի
Եւ տիեզերական յենարանի
Անխուսափելի յաղթանակին առջեւ
Պիտի փշրուին
Պիտի կործանին
Ձեր արնաբոյր ժանիքները
Ողջոյն մեծ ողջոյն
Աշխարհի ազատ
Անշրջափակ բանաստեղծներուն
Շրջափակուած բայց մարտնչող
Հերոս քաղաքէն
Հալէպ քաղաքէն
Յակոբ Նալպանտ-Տլտլեան