Perio News/fb/ – «Փրենսաարմենիա» կայքը կը հաղորդէ, որ Արժանթինի հայ համայնքը նամակ մը յղած է Ֆրանչիսկոս պապին` անկէ խնդրելով միջամտել Սուրիոյ տագնապին` համոզուած ըլլալով, որ պապին խօսքը կրնայ խաղաղութիւն բերել Միջին Արեւելքի հակամարտող շրջանին մէջ եւ ապահովել գաղթականներու իրենց տուները վերադարձը:
Նամակին մէջ կը խօսուի «տխուր եւ ցաւալի իրավիճակի մասին, որուն մէջ յայտնուած են Սուրիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները» եւ կը նշուի, որ «քաղաքացիական հասարակութիւնը կ՛ապրի ծայրայեղ մտահոգիչ վիճակի մէջ»:
«Օրինակ` մեծամասնութեամբ հայերով բնակուած Քեսապ քաղաքը յարձակումներու ենթարկուած է Քայիտայի առնչակից խմբաւորումներու կողմէ, որոնք Սուրիա ներխուժած են Թուրքիոյ սահմանէն: 24 մարտի յարձակումներէն ետք, քեսապահայութիւնը ստիպուած տեղափոխուած է եւ տեղաւորուած Լաթաքիոյ ապաստանարաններուն մէջ:
«2 յունիսէն` Սուրիոյ նախագահական ընտրութենէն ետք, յարձակումներու թիրախ դարձած էր Հալէպը: Նոյն զինեալ խմբաւորումները հրթիռներ նետած են Նոր Գիւղի ուղղութեամբ, որ դարձեալ մեծամասնութեամբ բնակուած է հայերով: Իշխանութիւնները տարածքը յայտարարած են աղէտի գօտի», կ՛ըսուի Հռոմի պապին ուղղուած նամակին մէջ:
Ներկայացնելով վերոնշեալ բովանդակութեամբ նամակը` հայ համայնքը պապէն խնդրած է «անգամ մը եւս ապացուցել, որ տարբեր կրօններու, ազգութեան, լեզուի եւ տարբեր գաղափարներ ունեցող մարդիկ կրնան բնակիլ ներդաշնակութեան եւ համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ»:
Նշենք, որ Ֆրանչիսկոս պապը երէկ կոչ ուղղեց «Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական խմբաւորումներուն համար աղօթելու, որպէսզի գոյատեւեն հոն, ուր քրիստոնէութեան արմատները կը գտնուին»: