kantsasar.com – Եկե­ղեց­ւոյ մէջ, սր­բա­զան հայ­րը կը փո­խան­ցէ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին պատ­գա­մը, որ 2014 տա­րին կը հռ­չա­կէր «Հայ տա­րեց­ի տա­րի»:

Ու­շադ­րու­թեամբ հայ­եացքս չորս կողմ կը դարձ­նեմ, հա­ւա­տաց­եալ ներ­կա­նե­րուն մէջ կը դի­տեմ աւագ սե­րուն­դի հայ մայ­րերն ու հայ­րե­րը, որ­քա՜ն սր­տանց ու եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ կը մաս­նակ­ցին շա­րա­կան­նե­րուն, ինչ­պէ՜ս բարձ­րա­ձայն կը կրկ­նեն. «մե­ղա՜յ Աս­տու­ծոյ»-ն: Իւ­րա­քան­չիւ­րին ընդ­մէ­ջէն կ՛ըն­կա­լեմ խոր­հուր­դը ապր­ուած կեան­քի մը, իր ամ­բողջ ելե­ւէջ­նե­րով ու փոր­ձու­թիւն­նե­րով եւ հի­մա` երկ­րի այս ահա­ւոր տագ­նա­պով, որ պա­ռակ­տեց բազ­մա­թիւ ըն­տա­նիք­ներ: Անվը­տանգ ապա­գայ կեր­տե­լու ձգ­տու­մով, ոմանց զա­ւակ­նե­րու յան­կար­ծա­կի ու անծ­րա­գիր մեկ­նու­մը` յափշ­տա­կած էր ծնող­նե­րու կեան­քի արեւն ու ճա­ճան­չը, խլած ժպիտն ու ու­րա­խու­թիւնը:

Կը մօ­տե­նամ ծա­նօթ հայ­րի­կին. «Ի՞նչ լուր զա­ւակ­նե­րէդ», հար­ցու­միս ոգե­ւո­րու­թեամբ կը պա­տաս­խա­նէ. «Օ՜ աղ­ջիկս, ապա­հով են ապա­հով, կա­րե­ւո­րը այդ է, ճիշդ է ամէն մէ­կը տեղ մը եղաւ, բայց ուր հաց հոն կաց, աշ­խար­հէն ինչ կ՛ու­զեմ, թող հան­գիստ ըլ­լան»: Տա­րի­քի բե­րու­մով թէ­եւ կա­րօտ` խնամ­քի ու հո­գա­տա­րու­թեան, սա­կայն ան­խախտ կամ­քով տէր ու պա­հա­պան կը կանգ­նէր իր ըն­տա­նի­քի կալ­ուած­նե­րուն: Մեծ երազ­ներ ու­նէր, հիմ­նած ու ընդ­լայ­նած սե­փա­կան աս­պա­րէ­զը պի­տի յանձ­նէր` դեռ երէկ գր­կին մէջ խաղ­ցող, այ­սօր հե­ռա­ւոր` իր թո­ռան: Ան­գամ մը սիր­տը բա­ցած ու խօ­սած էր. «Թոռ­նիկս հար­ցուց, տա­տի ին­չո՞ւ շի­նած ենք մեր տան պա­տե­րը… Որ­պէս­զի չա­րե­րը փլե՞ն…»: Անոր վրայ ըսի. «Ելէք գա­ցէ՛ք, տա­րէ՛ք երե­խա­նե­րը»: Ծնո­ղա­կան զո­հո­ղու­թեան սահ­ման կր­ցա՞ծ էք գծել:

Կը բա­րե­ւէ բա­րե­կա­մու­հի մը: Բուր­դէ գլ­խար­կով ու շա­լով ծածկը­ւած գլ­խուն ու պա­րա­նո­ցին տա­կէն` հա­զիւ կը նշ­մար­ուին հա­յու թուխ ու փայ­լուն աչ­քե­րը ու խոր­շոմ ճա­կատն ի վար թա­փած սպի­տակ ու գան­գուր մա­զե­րը: «Աղ­ջի՛կս, իմ թշ­նա­միս պաղն է, պէտք է լաւ նա­յիմ ես ին­ծի, որ­պէս­զի մէ­կուն վրայ բեռ չըլ­լամ. ղուր­պան ըլ­լամ Աս­տու­ծոյ, միայն ին­ծի ոտ­քէ ձեռ­քէ չձ­գէ. տու­նը եր­կու ժամ վա­ռա­րան կը վա­ռեմ, մա­զո­թը քիչ է. հաստ-հաստ կը հագ­նիմ կը նս­տիմ, ծած­կոցն ալ վրաս կը քա­շեմ»: Մայ­րի­կին մտա­հո­գու­թիւնը ար­դար էր, այս օրե­րուս դե­ղո­րայք ապա­հո­վե­լը չար­չա­րանք էր, մա­նա­ւանդ ան­տէր ու առան­ձին ապ­րող տա­րե­ցի մը հա­մար:
Հեռ­ուէն կը տես­նեմ մեր պատ­կա­ռե­լի խնա­մին: Գոր­ծի յա­ջոր­դա­կան հար­ուած­նե­րը բա­ւա­կան յոգ­նե­ցու­ցած էին զինք: Խա­նու­թը գողցը­ւած էր, գոր­ծա­րա­նը գրաւ­ուած. այս բո­լո­րին կը դի­մագ­րա­ւէր մինակ ու թախ­ծոտ: «Փա՜ռք Աս­տու­ծոյ, տղաքս հոս չեն, ապա պի­տի եր­թա­յին անոնց հետ լե­զու գտ­նե­լու, աւե­լի գէշ փոր­ձանք­նե­րու պի­տի հան­դի­պէ­ինք»:

Հե­տաքրք­րա­կան տա­րեց մըն էր Տիկ. Ա…: Մէկ եր­կու ան­գամ հա­զիւ հան­դի­պած էի զինք ըն­կե­րուհի­իս տու­նը, ուր մշ­տա­կան հիւր էր: Եկե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ զիս տես­նե­լով, մտեր­մա­բար կը սկ­սի հար­ցաքն­նութ­եան եւ յան­կարծ փո­թոր­կոտ կը պոռթ­կայ. «Այս ի՞նչ անար­դա­րու­թիւն է, դուն ալ ին­ծի պէս ես եղեր, քահ­րա­պադ քիչ է, ամ­մա տե­ղեր կան միշտ ջուր ու­նին, թա­ղեր կան միշտ լոյս ու­նին, եկուր մի՛ ջղայ­նա­նար»: Այն պա­ռաւ­նե­րէն էր, որ ժա­մա­նա­կը կը սպան­նէր անընդ­հատ գան­գա­տե­լով, դժ­գո­հե­լով ու եր­բեմն ալ նա­խան­ձե­լով. կը նա­խան­ձէր իր նման տա­րեց­նե­րուն, որոնք շր­ջա­պատ­ուած իրենց ըն­տա­նի­քով կամ բա­րե­կամ­նե­րով, ըստ իրեն, առողջ ու հան­գիստ կեանք կը վա­յե­լէ­ին` «բախ­տա­ւոր են» կը հա­ռա­չէր: Բո­լո­րը կը խու­սա­փէ­ին իր ներ­կա­յու­թե­նէն ու լեզ­ուէն, ի բա­ցա­ռու­թիւն ըն­կե­րուհի­էս, որ կ՛ար­դա­րացը­նէր զինք ըսե­լով. «Մեղք է, մի­նակ կին է ու­րիշ­նե­րու հար­ցե­րով պի­տի զբա­ղի, մի՛ նա­յիք շա­տա­խօ­սութ­եան, բա­րի է»:

Կը նկա­տեմ, որ թա­ղի դրա­ցու­հիս կը փու­թար իր երէց քրոջ խնա­մա­տա­րու­թեան: Խեղ­ճը ինք տա­րեց մը ըլ­լա­լով` կը տանջ­ուէր մին­չեւ ձեռք ձգէր յար­մար ու­տես­տե­ղէն իր հիւանդ քրոջ հա­մար: Եթէ այս քոյրն ու քե­ռայրն ալ հոս մնա­ցած չըլ­լա­յին… Աստ­ուած միշտ յար­մար կար­գադ­րու­թիւն­ներ կը շնոր­հէ բո­լո­րին: Բա­ւա­կան դրամ կը ստա­նա­յին իրենց պան­դուխտ զա­ւակ­նե­րէն,սա­կայն միմ­իայն նիւ­թը որ­քա­նո՞վ նե­ցուկ պի­տի դառ­նար այս ան­պա­տեհ պայ­ման­նե­րուն մէջ առան­ձին լք­ուած մօ­րը, երբ ամէ­նէն դիւ­րին հա­մար­ուած լուացքն ան­գամ առեղծ­ուա­ծի մը կը վե­րած­ուէր ի բա­ցա­կա­յու­թիւն ջու­րի եւ ելեկտ­րա­կա­նու­թեան:

Հոս կը ցայ­տի մեր գա­ղու­թի խի­զախ երի­տա­սարդ­նե­րուն դե­րը, որոնք ամէն ջանք ի գործ դնե­լով` տա­րեց­նե­րու հո­գա­ծու­թեան կը սա­տա­րեն, տու­ներ կ՛այ­ցե­լեն, տաք ճաշ կը մա­տա­կա­րա­րեն, պա­շար կը փո­խադ­րեն, հիւանդ­ներ եւ վի­րա­ւոր­ներ կը փո­խադ­րեն, անհ­րա­ժեշտ կա­րիք­ներ կ՛ապա­հո­վեն ու այլ ծա­ռա­յու­թիւն­ներ կը մա­տու­ցեն:

Աւե­լի քան դար մը, ու Վա­րու­ժա­նի խօս­քե­րը տա­կա­ւին հա­րա­զատ կ՛ար­ձա­գան­գեն, այս ան­գամ հա­լէ­պա­հայ ծնող­նե­րու` կա­րօ­տա­լի սր­տե­րէն բխած.

Կը գրէ մայրս. «Ով իմ որդ­եակս պան­դուխտ,
Դեռ մին­չեւ ե՞րբ պիտ՛ ան­ծա­նօթ լուս­նի տակ օրերդ անց­նին, դեռ մին­չեւ ե՞րբ հէգ գլուխդ
Ես չը սեղ­մեմ լանջ­քիս տաք»:

Մղ­ձա­ւան­ջա­յին այս շր­ջա­նին, եր­բեմ­նի առանձ­նու­թիւնը, մթու­թիւնը, վախն ու սար­սա­փե­լի կա­րօ­տը կը սպառ­նան մեր հայ երէց­նե­րէն շա­տե­րուն, որոնք յու­շե­րէն ու յի­շա­տակ­նե­րէն բա­ցի, ոչ մէկ ապա­ւէն ու­նե­նա­լով, թոյլ կու տան, որ յոյ­զերն ու յոյ­սե­րը ջեր­մաց­նեն իրենց մար­մինն ու սփո­փեն հո­գին:

Թամար Գասպարեան Արսլանեան