kantsasar.com – Այս տարի եւս, հակառակ տիրող դժուար պայմաններուն, Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ ճեմարանի մանկապարտէզը իր ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը կատարեց` Շաբաթ, 31 Մայիս 2014-ին, Լաթաքիոյ «Արարատ» սրահէն ներս: Հանդիսութեան ներկայ էին Քեսապի եւ Լաթաքիոյ հոգեւոր հայրերը, միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ, ճեմարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, ծնողներու եւ բարեկամներու հոծ բազմութիւն մը:
Յայտագիրը սկսաւ 13 շրջանաւարտ աշակերտներու `Սուրիոյ, Հայաստանի եւ մանկապարտէզի քայլերգներուն երգեցողութեամբ, որմէ ետք մանկական գեղեցիկ արտայայտութիւններով աշակերտները արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով բարի գալուստ մաղթեցին ծնողներուն եւ ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեցին ուսուցչուհիներուն, տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան, նշելով որ անոնք ճիգ չխընայեցին լաւագոյնը տալու իրենց, եւ ներկայ քաղաքական դժնդակ պայմաններուն մէջ, Քեսապէն հեռու, ամավերջի հանդէս կազմակերպեցին:
Ապա խօսք առաւ մանկապարտէզի պատասխանատու` ուսուցչուհի Դալար Թութիկեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ամէն կրթական տարեշրջան իր լրումին կը հասնի աւանդաբար, սակայն այս տարի Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ ճեմարանի պարագան բոլորովին տարբեր եղաւ սովորական տարեշրջանէ մը: Մեր մանկապարտէզի պզտիկներուն դպրոցական ուրախ եւ բնականոն առօրեան յանկարծակի ընդհատուեցաւ` ձեր բոլորին ծանօթ պատճառով: Ապա ան մաղթեց պզտիկներուն, որ ըլլան առոյգ, կենսունակ, բարեսիրտ եւ ուսումնասէր, հասնին ակադեմական բարձր մակարդակներու, ըլլան պատուաբեր քեսապահայեր եւ նկարագրի տէր մարդիկ` միշտ պատիւ եւ պարծանք բերելով ընտանիքին, ազգին ու հայրենիքին: Վերջաւորութեան շնորհակալութիւն յայտնեց ճեմարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան, որոնք ջանք չխնայեցին այս դժուար պայմաններուն մէջ, միշտ նեցուկ կանգնելու դպրոցին, նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ Լաթաքիոյ Ազգային Նահատակաց վարժարանի տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք օգտակար դարձան հանդէսի յաջողութեան: Իսկ արաբերէն լեզուով բարի գալուստ մաղթեց ճեմարանի տնօրէն Վարուժան Փանոսեան:
Շրջանաւարտ աշակերտները բեմը ծաղկեցուցին: Անոնք իրենց խանդավառութեամբ եւ անմեղունակ ժպիտներով ուրախութիւն կը բաշխէին ներկաներուն: Յատկանըշական եւ յուզիչ էր մանուկներուն հագած զգեստներուն վրայ տպագրուած «ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՔԵՍԱՊ» գրութիւնը:
Այս տարուան գեղարուեստական յայտագիրը «Երազանքներ» խորագրով ներկայացում մըն էր, որ կը պատմէր թէ, շրջանաւարտ աշակերտները ի՞նչ կ՛երազեն դառնալ ապագային: Իւրաքանչիւրը իր կարգին յստակ առոգանութեամբ ներկայացուց իր երազանքը, սակայն միշտ յիշելով, թէ իրենց հայեացքը ուղղուած պիտի ըլլայ դէպի Քեսապ եւ իրենց երազները պիտի իրականացնեն Քեսապի հողին վրայ:
Աւարտին, աշակերտները պարեցին Քեսապի «Կէրմեր ֆըսթան» աւանդական պարը, իսկ պաստառի վրայ «Ձօն Քեսապի» երգին ընկերակցութեամբ ցուցադրուեցաւ 2013 – 2014 տարեշրջանի աշակերտներուն գործունէութիւնը:
Հասած էր աշակերտներու երկար սպասած պահը: Անոնք վկայականի յատուկ տարազները հագած, ներկաներուն յոտնկայս ծափողջոյններով բեմ բարձրացան եւ ստացան իրենց դպրոցական կեանքի առաջին վկայականը` ձեռամբ արժանապատիւ Տ. Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանին, որմէ ետք շրջանաւարտ աշակերտները հրաժեշտի խօսքեր արտասանեցին մանկապարտէզին եւ ուսուցչուհիներուն:
Քահանայ հայրը իր սրտին խօսքը փոխանցեց ներկաներուն: Ան անդրադարձաւ հայ դպրոցի անհրաժեշտութեան եւ կարեւորութեան, մանաւանդ ներկայ ծանր պայմաններուն, յոյս ներշնչեց ներկաներուն եւ յորդորեց կառչած մնալ հայ դպրոցին եւ մշակոյթին:
Դալար Թութիկեան