kantsasar.com – Անց­նող օրե­րուն, հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը սուր­ի­ա­կան ճգ­նա­ժա­մի մինչ օրս ար­ձա­նագր­ուած ամէ­նէն ահա­ւոր ու վտան­գա­ւոր օրե­րը ապ­րե­ցաւ: Հա­լէ­պի հա­յա­շատ Նոր Գիւղ աւա­նը զին­եալ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն կող­մէ անխ­նայ հր­թի­ռա­կո­ծում­նե­րու են­թարկ­ուե­ցաւ, բազ­մա­թիւ թա­ղա­մա­սեր, շէն­քեր, բնա­կա­րան­ներ, ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­ներ, եկե­ղե­ցի­ներ, դպ­րոց­ներ ու կա­ռոյց­ներ լուրջ վնաս­ներ կրե­ցին: Նոր Գիւ­ղը աղէտ­եալ գօ­տի հռ­չակ­ուե­ցաւ, իսկ հր­թի­ռա­կո­ծում­նե­րուն պատ­ճա­ռով ան­մեղ եւ երի­տա­սարդ զո­հե­րու ար­ձա­նագ­րու­թիւնը շա­րու­նակ­ուե­ցաւ:

Հա­լէ­պէն ու ըն­կե­րա­յին հա­մա­ցան­ցե­րէն բարձ­րա­ցած հա­լէ­պա­հա­յու­թեան առան­ձին չձ­գե­լու, զօ­րակ­ցե­լու եւ օժան­դա­կե­լու կո­չե­րուն յա­ջոր­դե­ցին տար­բեր կող­մե­րու եւ մա­կար­դակ­նե­րու հրա­տա­րա­կած դա­տա­պարտ­ման յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ եւ… Վեր­ջա­կէտ…: Մինչ օրս, չու­նինք ո՛չ մէկ երաշ­խիք, որ վտան­գը հե­ռա­ցած է հա­լէ­պա­հա­յու­թե­նէն:

Բնա­կա­նա­բար, խե­լա­միտ ոչ ոք կը փա­փա­քի, որ նման վտանգ կրկն­ուի կամ նոյ­նան­ման դէպ­քեր, նո՛յն ուժգ­նու­թեամբ կամ աւե­լի ահա­ւոր ձե­ւով ան­գամ մըն ալ բա­ժին իյ­նան երեք տա­րի­է ի վեր հա­յա­վարի­օ­րէն կեան­քին կառ­չած հա­լէ­պա­հա­յու­թեան գլ­խուն: Այս չի նշա­նա­կեր սա­կայն, թէ պէտք չէ մտա­ծել նոյ­նան­ման դէպ­քե­րու կրկ­նութ­եան հա­ւա­նա­կա­նու­թեան մա­սին, որով­հե­տեւ պա­տե­րազ­մը տա­կա­ւին չէ աւար­տած եւ ամէն տե­սա­կի զար­գա­ցում կա­րե­լի է ակն­կա­լել…:

Նման կա­ցու­թեան մէջ քա­րոզ­չա­կան, քա­ղա­քա­կան, դիւա­նա­գի­տա­կան թէ փր­կա­րար շտապ ծրա­գիր­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան մասշ­տա­պով ան­մի­ջա­կան որ­դեգ­րու­մը խիստ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է այ­լեւս: Նման ազ­դու քայ­լե­րու ձեռ­նար­կե­լը կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն պի­տի ու­նե­նան հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնն ու ամ­բողջ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը ապա­գայ հա­ւա­նա­կան ծանր ու կեն­սա­կան վտան­գի են­թարկ­ուե­լու պա­րա­գա­յին խու­ճա­պա­յին հա­կազ­դե­ցու­թե­նէն փր­կե­լու եւ կամ նուա­զա­գոյն վնաս­նե­րով դուրս բե­րե­լու հա­մար:

Այս­տեղ, անհ­րա­ժեշտ է նշել, թէ երբ առն­ուե­լիք քայ­լե­րը հիմ­նա­կա­նօ­րէն նոյ­նինքն հա­լէ­պա­հայ հա­մայն­քի մար­տա­վա­րա­կան ծրա­գիր­նե­րուն հա­մա­հունչ կ՛ըլ­լան, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն կը ստեղծ­ուի հա­մայն­քին, ազ­գա­յին հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րուն եւ հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ, այդ պա­րա­գա­յին ար­դիւնք­նե­րը աւե­լի շա­հե­կան կ՛ըլ­լան: Իրա­պաշտ, ան­շա­հախն­դիր ու գոր­ծուն­եայ ըլ­լա­լը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է:

Ամէն ժա­մա­նա­կէ աւե­լի հրա­տապ է հա­մազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն եւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն ցու­ցա­բե­րել մայր գա­ղու­թին օր­հա­սա­կան վտանգ­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար: Նոր Գիւ­ղի հր­թի­ռա­կոծ­ման եւ Քե­սա­պի անակն­կալ հա­յա­թափ­ման դէպ­քե­րուն նման այլ դէպ­քեր կան­խար­գի­լե­լու հա­մար, որ­պէս ազգ ու պե­տու­թիւն յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ու դա­տա­պար­տագ­րեր հրա­տա­րա­կե­լէն քայլ մը առ­ջեւ պէտք է անց­նինք, որ մի­աս­նա­կան ճի­գե­րով սա­տա­րենք հա­լէ­պա­հա­յու­թեան ու ողջ սուր­ի­ա­հա­յութ­եան գո­յա­պայ­քա­րին:

Այս հանգր­ուա­նին սուր­ի­ա­հա­յու­թեան ֆի­զի­քա­կան ու հա­ւա­քա­կան գո­յա­տե­ւու­մը հա­մա­հայ­կա­կան առաջ­նա­հեր­թու­թիւն է:

Գէորգ Յակոբճեան