kantsasar.com – Մանկութենէս մտապատկերիս վրայ երիզուած էին հայոց ջարդի, գաղթի, տեղահանութեան պատկերներն ու թուրքի բարբարոսութիւններն ու անմարդկային արարքները:
Մեծ հօրս ջարդի հետ կապուած դառն յուշերը, եղեռնի ողբերգական դէպքերն ու իրողութիւնները այնքա՜ն տպաւորած էին ներաշխարհս, որ կարծէք ո՛չ միայն լսած ու կարդացած ըլլայի զանոնք, այլ նոյնիսկ վերապրած:
Սակայն եղեռնի ոդիսականը լսելն ու ընթերցելը մէկ կողմ, ականատես ըլլալը` այլ կողմ…
Ականատե՞ս. 100 տարի ետք… Այո՛. ես ականատես եղայ եղեռնեան պատկերներու մէկ տարբերակին, երբ վերջերս այցելեցի մեր հայաբոյր ՆՈՐ ԳԻՒՂ աւանը:
Իսկապէս թո՛ւրքը անցած էր այդտեղէն:
Նոր Գիւղէն ընդամէնը մէկ քլմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր բնակարանս: Ինչպէս շատեր, ես ալ դիմատետրի էջերէն կ՛իմանայի վերջին օրերու անցուդարձերը, յուզիչ պատահարները, վիրաւորներուն ու նահատակներուն անունները եւ խորապէս կը ցաւակցէի պայթող հրասանդներու ձայները ունկնդրելով:
Խղճահարութեան զգացում մը պատեց հոգիս: Ըլլալ այնքա՜ն մօտ ու այնքա՜ն հեռու…
Չհամբերեցի ու հակառակ սպառնացող վտանգին` որոշեցի այցելել աղէտեալ գօտի հռչակուած սիրելի Նոր Գիւղը:
Երեկոյեան ժամը եօթն էր: Ինքնաշարժով անցանք այն թաղերէն, որոնք մեզ Նոր Գիւղ կ՛առաջնորդէին. համեմատաբար աւելի ապահով թաղեր` մզկիթին յարակից: Իւրաքանչիւր թաղի մէջ անջնջելի հետքեր կային անմարդկային արարքներու` փլատակ տուներ ու պատշգամներ, կիսաւեր պատերով երդիքներ ու խանութներ եւ հազիւ գործող փոքրաթիւ վաճառատուներ ու գնորդներ, բայց մանաւանդ` անժպիտ դէմքեր ու անորոշ հայեացքներ…
Հասանք Նոր Գիւղի մուտքը, անցանք կիսաքանդ Կիլիկիա բնակարանային համալիրէն: Հայութեամբ ու հայկականութեամբ խայտացող այս հսկայ շէնքը իր փլատակ երդիքներով կը գուժէր տէրերու բացակայութիւնը:
Ամայութի՜ւն էր չորս դին:
Մօտեցանք Ս. Գրիգոր Լուաւորիչ եկեղեցի: Կողքի Ազգ. Սահակեան վարժարանի դարպասի կիսաքանդ պատը սարսափազդու տպաւորութիւն թողուց վրաս: Պատկերը խօսուն էր, այնքա՜ն խօսուն, որ չկրցայ զսպել ափսոսանքս ու զայրոյթս …
Քա՜ր լռութիւն կը տիրէր չորս դին… Լռութիւնն անգամ իր ըսելիքն ունէր այստեղ…
– Մի՛ տնտնաք, աճապարեցէ՛ք, նեքնայա՛րկ մտէք, յանկարծ հրասանդ մը չիյնայ ձեր գլխուն,- գոչեց վարժարանի շեմին կանգնող մեր հերոսներէն մէկը, որ ստանձնած էր այդ ժամերու հսկողութեան պաշտօնը:
Հազիւ մօտեցած սրահի ներքնայարկին, ուր հաւաքուած էին ապաստանեալները, շռնդալից պայթում մը խանգարեց լռութիւնը… Աւելի ետք իմացանք, որ Ազգ. Զաւարեան վարժարանի թաղը ինկած կազի տակառի ցնցող պայթումն էր, այն տակառները, որոնք սկսած էին ահ ու սարսափ սփռել խաղաղ բնակիչներուն վրայ, այն տակառները, որոնք ուրուականի պէս կ՛ընկերակցէին մեզի ամէ՛ն տեղ ու ամէ՛ն վայրկեան, տանդ մէջ, թէ` այլուր:
Ատելի՛ էին անոնք ու զզուելի՛…
Յաղթահարելով վախը` շփոթահար մտանք ներքնասրահ: Ամբոխ մը կար այնտեղ, անտուն ու անկար: Յուզուեցայ ի տես այս երեւոյթին. չկրցայ պատկերացնել հայը, մերօրեա՛յ հայը` գաղթականի իրավիճակով: «Մամա՛, կաթիկ կ՛ուզեմ. մամա՛, պուպրիկս կ՛ուզեմ», երեխայի մը արձագանգող լացն էր անդին:
Տղամարդիկ խմբուած` քաղաքական վերլուծումներ կ՛ընէին եւ նոր ծրագիրներ կը մշակէին. մէկը կ՛ըսէր` քանի մը օրէն կ՛ելլենք այստեղէն, միւսը կը պնդէր` ես այնքան ալ լաւատես չեմ, դեռ շա՜տ կ՛ուզենք այս կացութենէն դուրս գալու, ուրիշ մը կը զայրանար` ես այլեւս այստեղ չեմ ուզեր ապրիլ, իսկ կինը անդիէն կը միջամըտէր` ո՛ւր պիտի երթանք, ո՛ւր. եթէ կարողութիւն ունենայինք, արդէն շատո՜նց հեռացած կ՛ըլլայինք:
Զիրենք սփոփելու համար կը միջամտեմ` «Մէյ մը գացողը զղջացած է, մէյ մըն ալ` մնացողը»:
-Ճակատագիրդ ինչ որ է, այն պիտի տեսնես,- կ՛ըսէ անդիէն ուրիշ մը: Ես կը հաւատամ, որ մենք կրկին պիտի վերադառնանք մեր տուները, կըրկին պիտի շէնցնենք մեր Նոր Գիւղը: Հալէպահային վրայ մի՛ վախնաք: Միայն թէ դադրին այս անգութ հրասանդները:
Անդին, կիներու խմբակներ, սպունգներու վրայ նստած, կը վերյիշէին իրենց տունն ու տեղը, լքուած պիտոյքները, կը յուզուէին ու կ՛ափսոսային:
Երիտասարդներէն ոմանք համակարգիչով Նոր Գիւղի աւերները կը դիտէին ու չէին պատկերացներ քանդումի ահաւորութիւնը. «Ահա՛ մեր տունը, ահա՛ մեր պատշգամը, արդէն պատերը չկան… Ա՜խ, հրասանդի բեկորը քանդեց ամէն ինչ», կ՛ըսէր մէկը յուզումով:
Բայց նաեւ ա՛յս ալ տեսայ` համալսարանական երիտասարդ մը, մուտքի քարէ աստիճաններուն վրայ նստած, գիրք ու տետրակը գետին դրած` դաս կը սորվէր: Յաջորդ օր քըննութիւն ունէր: Արդեօք դասատուն տեղեա՞կ էր, թէ ան ի՛նչ պայմաններու տակ քննութիւն կը պատրաստէր:
Կրկին պայթում մը. «Մի՛ վախնար, ասիկա թնդանօթի ձայն է,- ցընցումս տեսնելով ըսաւ մօտս կեցող պատանին,- պայթուցիկ տակառին ձայնը այսպէս չ՛ըլլա՜ր. անոր ձայնը շա՜տ աւելի բարձր կ՛ըլլայ, ականջդ կը խուլնայ»:
Ակամայ անէծք մը հնչեց շրթներէս. անէծք մը` ուղղուած այն թրքաբարոյ ու թրքատիպ գազաններուն, որոնք վայրագութիւնն ու բարբարոսութիւնը արդարացուցած, անմարդկային արարքները մարդկայնացուցած, ամէն տեսակի չարիք կը տեղացնեն անմեղ մարդոց գլխուն:
«Ձեռքերնիդ կոտրուի», կը բացագանչէ անդիէն ծերունի մը, այն` որուն տունը փլատակ դարձած էր, որուն հարսն ու թոռները անպատսպար մնացած էին ու անոնք չէին հաւատացած, թէ ինչպէ՛ս մեր երիտասարդներուն օգնութեամբ հասած էին եկեղեցի, ինչպէ՛ս արհամարհած էին վախն ու մահը եւ առանց որեւէ յուշ առնելու տունէն` հեռացած էին ակամայ:
Ութսունամեայ ծերունին գլուխը ձեռքերուն մէջ` կը կսկծար, իսկ զաւակը կը մտածէր` ինչպէ՛ս պահէր իր ընտանիքը, երբ խանութը քանդուած էր, տունը կիսաւեր դարձած էր. եթէ այստեղէն դուրս գային ո՞ւր պիտի երթային, ինչպէ՞ս պիտի ապրէին: Հա՛յ ազգը կը հոգար, բայց ազգին ո՛վ հոգար, ան ալ դարձած էր ջլատուած ու վիրաւոր:
Տիկիններէն մէկը յայտնեց, որ ընթրիքի ժամն էր. պէտք էր Տիգրանեան սրահ ուղղուէին հացի փաթոյթներ պատրաստելու:
Տիգրանեան սրահը կը գտնուէր եկեղեցիէն շատ քիչ հեռաւորութեան վրայ: Հոս հասնելու համար պէտք էր անցնիլ Սահակեան վարժարանէն, որ որպէս միջանցք կ՛օգտագործուէր ուղղուելու համար այնտեղ:
Հազիւ ոտքս վարժարանի ներքնաշեմէն ներս դրած, անակնկալը շըշմեցուց զիս: Դէմս տնօրէնութեան սենեակն էր… Անմիջապէս աչքիս առջեւ ուրուագծուեցան վարժարանի երկարամեայ տնօրէն` պրն. Ժիրայրն ու այնտեղ կայացած հաւաքները, ուսուցչուհիներն ու աշակերտները… Կեանքը կ՛եռար այնտեղ… Իսկ հիմա, այդ բոլորին փոխարէն կար դատարկ սենեակ մը` քանդուած պատուհաններով, խորտակուած ապակիներով եւ ցրուած քարի բեկորներով:
Միաուո՜ւ, կոտրած աթոռի մը տակէն մլաւեց թխագոյն ու գեղադէմ կատու մը:
Ընկերակիցներուս ձայնը սթափեցուց զիս: «Վազէ՛, վազէ՛, պայթումնե՛րը սկսան»: Ու աճապարեցի միանալու իրենց:
Տիգրանեան սրահն էինք, մեր երիտասարդներու հաւաքատեղին: Իսկակա՛ն հերոսներ էին անոնք, Ռուբէնի, Նժդեհի ու Չաւուշի շառաւիղներ: Նայեցայ անոնց դէմքերուն եւ հպարտութեան ու ապահովութեան զգացում մը համակեց հոգիս: Տարի մը առաջ, երբ Հայաստան էի, ի տես այնտեղ տիրող երեւոյթներուն, յաճախ կ՛ափսոսայի մեր ջամբած ազգային դաստիարակութեան ապարդիւնութեան եւ փուճ ու ձեւական հայրենասիրութեան վրայ: Սակայն երբ նայեցայ անոնց բոցկլտացող աչքերուն, ինքնավստահ ու քաջարի շարժումներուն, կռահեցի, թէ ինչ որ տեղ սխալած էի. եթէ ո՛չ ամենեւին, գոնէ մասամբ մը:
Ասոնք այն երիտասարդներն էին, որոնք գիշեր ու ցերեկ, օգնութեան աղաղակներուն ընդառաջելով, վախն ու հրասանդները արհամարհելով` փլատակներուն տակէն կըրցած էին փրկել շնչող էակներ, կըրցած էին ուսերու վրայ շալկած` փոխադրել անկար ծերունիներ ու մանուկներ:
Ասոնք այն երիտասարդներն էին, որոնք սննդեղէն, ջուր, ելեկտրականութիւն եւ կենցաղային անհրաժեշտ կարիքներ փոխադրած ու ապահոված էին ապաստանեալներուն, որպէսզի գէթ կարենային մեղմացնել անոնց վիշտը:
Անդին, տիկինները կը շարունակէին ընթրիքի փաթոյթները պատրաստել:
Յարգա՛նք հալէպահայ տիկիններուն, որոնք արհամարհելով կենցաղային դժնդակ պայմանները, անկարելին կարելի ըրին, համբերատարութեամբ տոկացին դժուարութիւններուն եւ ոյժ ու կորով ներշնչեցին իրենց ամուսիններուն ու զաւակներուն:
Ժրաջան տիկինները կարճ ժամանակամիջոցին պատրաստեցին մեծաքանակ փաթոյթներ, որոնց մէկ մասը ուղարկուեցան զէյթունցիներու «Իշխանաց» սրահի պատսպարեալներուն, միւս մասը` «Աղաճանեան» սրահ գտնուողներուն եւ առիւծի բաժինը` եկեղեցւոյ ներքնասրահի պատսպարեալներուն: Շտապ Օգնութեան Գործադիր մարմինը աչալուրջ կերպով կը հոգար անոնց ամէնօրեայ սնունդը:
Ժամը ինն էր: Երիտասարդներէն ոմանք մօտեցան տիկիններուն, հրաժեշտ տուին ու մեկնեցան: Պահակութեան հերթը իրենց էր: «Աստուած հետերնիդ, Աստուած փրկէ ձեզ», ըսին տիկինները ու օրհնաբեր մաղթանքներով ճամբու դրին զանոնք:
Յարգա՛նք մեր նուիրեալ երիտասարդներուն, որոնք եկած էին իրենց կեանքի գնով պահպանելու մեր անտուն, անօթեւան մնացած բուռ մը ժողովուրդը, եկած էին յոյս ու վստահութիւն ներշնչելու պատըսպարեալին, ըսելու համար անոր, որ մենք ամէն գնով պատրաստ ենք տէր կանգնելու ձեզի, եկած էին ըսելու, որ մենք չենք թողուր, որ ամայանայ ու դատարկուի մեր սիրելի ՆՈՐ ԳԻՒՂ-ը:
Փլատակ պատերը գուցէ կառուցուին օր մը, քանդուած երդիքները վերանորոգուին եւ ամէն ոք վերադառնայ իր շէնշող տունը, հաւաքուի իր հարազատներուն հետ, միանայ իր տարտղնուած ընտանիքին. այն ատեն միայն մեր քաջարի երիտասարդները պիտի զգան, որ իրենք կատարեցին երախտարժան զոհողութիւն եւ պիտի ապրին այն հոգեկան գոհունակութիւնը, որ անփոխարինելի զգացում մըն է եւ որ հպարտութիւն կ՛առթէ ամէն հայու եւ կը փաստէ, որ հալէպահայ գաղութը, յետ-եղեռնեան օրերէն ցայսօր, դաստիարակած է սերունդներ, որոնք դարձած են հայրենասիրութեան ու անսակարկ ծառայութեան խօսուն ու ցայտուն դրսեւորումներ:
Բիւր յարգանք ձեզի:
ԱՅՏԱ Պ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ