kantsasar.com – Սի­րե­լի՛ «Գան­ձա­սար»-ի խմ­բա­գիր եւ անձ­նա­կազմ,

Թեր­թե­րու նա­մակ գրե­լու սո­վո­րու­թիւն չու­նիմ: Բա­ցա­ռու­թեան կար­գով այս մէ­կը ձե­զի կ՛ուղ­ղեմ, որ­պէս սր­տի խօսք:

Նա­մա­կիս առի­թը վեր­ջին շր­ջա­նի ձեր աշ­խա­տանքն է: Ու­րա­խութ­եամբ պի­տի հաս­տա­տեմ, որ ֆէյս­պուք­եան ձեր էջը այ­սօր դար­ձած է հա­լէ­պա­հա­յու­թեան ընդ­հա­նուր բազ­կե­րա­կը զգա­լու գլ­խա­ւոր աղ­բիւր­նե­րէն մէ­կը:

Հա­մա­ցան­ցի ըն­կե­րա­յին այս ցան­ցը շա­տոնց ան­ցած է «ըն­կե­րա­յին»-ի սահ­մա­նը, վե­րած­ուե­լով ան­մի­ջա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան եւ արագ լրա­տուու­թեան գոր­ծի­քի. ին­չո՞ւ չէ, նա­եւ` ջու­րեր պղ­տո­րե­լու եւ ան­ճիշդ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տա­րա­ծե­լու մի­ջո­ցի: Ող­ջու­նե­լի է, որ «Գան­ձա­սար»-ը անդ­րա­դառ­նա­լով սոյն նուրբ երե­ւոյ­թին, սկ­սաւ աշ­խոյժ ներ­կա­յու­թիւն դառ­նալ այս դաշ­տին վրայ:

Գնա­հա­տե­լի կը գտ­նեմ իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը արագ, առար­կա­յա­կան եւ առանց աւե­լոր­դա­բա­նութ­եան փո­խան­ցե­լու ձեր ճի­գը: Առանձ­նա­պէս պէտք է ընդգ­ծեմ վեր­ջին օրե­րուն, Նոր Գիւ­ղի են­թարկը­ւած հե­ռա­կայ յար­ձակ­ման, կրած աւեր­նե­րու, վի­րա­ւոր­նե­րու եւ զո­հե­րու մա­սին ձեր արագ եւ զուսպ փո­խան­ցում­նե­րը: Ատոնք կը հա­ւա­սա­րակշ­ռեն իրա­վի­ճակ­նե­րը վլվ­լու­կով փո­խան­ցող այլ աղ­բիւր­նե­րու յա­ռա­ջա­ցու­ցած մթ­նո­լոր­տը: Կա­տար­ուած­նե­րը ահա­ւոր են. մթ­նո­լոր­տը եւ անո­րո­շու­թիւնը` մտա­հո­գիչ: Սա­կայն լրա­տու աղ­բիւ­րի առա­քե­լու­թիւնը հա­ւա­սա­րակշռ­ուած եւ առար­կա­յա­կան պատ­կե­րի փո­խան­ցումն է: Մին­չեւ այ­սօր, «Գան­ձա­սար»-ը յա­ջո­ղու­թեամբ կը կա­տա­րէ այս աշ­խա­տան­քը. գէթ` ֆէյս­պու­քի էջե­րով:

Զգա­լի է, որ հա­կա­ռակ ելեկտը­րա­կան հո­սան­քի, հա­մա­ցան­ցա­յին կա­պի, ներ­քին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան առօր­եայ, եւ անակն­կալ, դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն, «Գան­ձա­սար»-ը յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն կը դարձ­նէ Հա­լէ­պի մէջ եւ Հա­լէ­պէն հե­ռու ապ­րող­նե­րուս հա­մար կա­րե­ւոր այս աշ­խա­տան­քին: Վեր­ջին քա­նի մը ամիս­նե­րուն, մենք ամէն օր հա­ղոր­դա­կից դար­ձանք Հա­լէ­պի կեան­քին: Ապ­րիլ­եան ոգե­կո­չում, մա­յիս­եան տօ­նախմ­բու­թիւն, դա­սա­խօ­սա­կան ձեռ­նարկ­ներ, թա­տե­րա­կան եւ պա­րա­յին ելոյթ­ներ, դպ­րո­ցա­կան հան­դէս­ներ, աւար­տա­կան քն­նու­թիւն­ներ, մար­զա­կան եւ գրա­կան կեանք. այս բո­լո­րի ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը ձեր էջին վրայ գծագր­ուած են: Դեռ աւե­լին` հա­լէ­պա­հա­յե­րու ձայ­ներ, օրագ­րու­թիւն­ներ եւ մտա­հո­գու­թիւն­ներ ալ կան հոն:

Թե­րու­թիւն­ներ եւ բաց­թո­ղում­ներ ան­պայ­ման կան: Այդ մա­սին խօ­սե­լու ժա­մա­նա­կը կու գայ: Առայժմ` առաջ­նա­հեր­թու­թիւնը արագ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւնն է:

Մէկ խօս­քով. ձեր հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տան­քի շնոր­հիւ կր­ցաք հա­լէ­պա­հա­յու­թեան հա­յե­լին դառ­նալ:

***
Հա­կա­ռակ շա­րու­նա­կուող տագ­նա­պին եւ օրէ օր ծա­գող ան­նա­խա­դէպ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն, «Գան­ձա­սար»-ը շա­րու­նա­կեց շա­բա­թա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ ըն­թեր­ցո­ղին ներ­կա­յա­նալ նոյն ծա­ւա­լով եւ բազ­մա­գոյն բո­վան­դա­կութ­եամբ:

Տպա­գիր թեր­թի ելեկտ­րո­նա­յին տար­բե­րա­կը նոյն­պէս ող­ջու­նե­լի է, թէ­եւ` նոր չէ: Նո­րու­թիւնը` թեր­թի բո­վան­դա­կու­թիւնն ալ ֆէյս­պու­քի մի­ջո­ցաւ հնա­րա­ւո­րինս շատ ըն­թեր­ցո­ղի հասց­նե­լու ձեր ճիգն է:

Խա­ղաղ օրե­րուն թերթ հրա­տա­րա­կե­լու «խո­հա­նո­ցին» ծա­նօթ եմ. դիւ­րին չէ: Ան­նա­խա­դէպ պա­տե­րազ­մա­կան պայ­ման­նե­րու տակ այս աշ­խա­տան­քը շա­րու­նա­կե­լը` աւե­լի քան դժ­ուար է, որու հա­մար խմ­բագ­րա­կան կազ­մի բո­լոր ան­դամ­նե­րը, վար­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը եւ աշ­խա­տող­նե­րը, «Արե­ւելք» տպա­րա­նի անձ­նա­կազմն ու վար­չու­թիւնը յա­տուկ գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նի են:

Այս­քա­նը` ընդ­հա­նուր աշ­խա­տան­քի մա­սին: Այլ առի­թով բո­վան­դա­կու­թեան կ՛անդ­րա­դառ­նամ:

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն` ձեր աշ­խա­տան­քին հա­մար: Ի մտի ու­նե­ցէք, որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը եւ գնա­հա­տանք­նե­րը նա­եւ յա­ւել­եալ պար­տա­ւո­րու­թեան դի­մաց կը դնեն ձեզ:
Յա­ջո­ղու­թիւն:

Մ. Մերտխանեան