kantsasar.com – Աշ­խա­տանք, յա­րա­տեւ աշ­խա­տանք, ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեամբ ու զո­հա­բե­րու­թեան ոգի­ով, ներ­դաշ­նակ ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ առլը­ցուն, հա­ւատ­քով ու անձն­ուի­րու­թեամբ աշ­խա­տանք:

Դժ­ուար է ամ­փո­փել մար­դկա­յին ամե­ն­ա­ազ­նիւ զգա­ցում­նե­րու ար­գա­սի­քը եղող, այն հս­կայ ու կազ­մա­կերպը­ւած կա­ռոյ­ցին, Հ.Օ.Մ.-ին եւ այս պա­րա­գա­յին Ս.Օ.Խ.-ին մար­դա­սի­րա­կան ու բա­րե­սի­րա­կան իրա­գոր­ծում­նե­րը, որոնք վեր­ջին երեք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, Սուր­իոյ տագ­նա­պա­լի ու պա­տե­րազ­մա­կան իրա­վի­ճա­կին հե­տե­ւան­քով, կրկ­նա­կի թափ ստա­ցան ու օր­ուան հրա­մա­յա­կա­նին հետ ծրագըր­ուած ու­ղե­գի­ծով իրա­կա­նա­ցան, հաս­նե­լով կա­րօտ­եա­լին, ան­կա­րին, ան­պատս­պա­րին եւ բո­լո­րին, հոն ուր գթու­թեան կան­չը կ՛ար­ձա­գան­գէր:

Ս.Օ.Խա­չի մեծ ըն­տա­նի­քին հա­մար մեծ ու­րա­խու­թիւն եւ հո­գե­կան բա­ւա­րա­րու­թիւն էր, Հինգ­շաբ­թի, 22 Մա­յիս 2014-ի առա­ւօտ­եան Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հէն ներս խորհր­դա­ժո­ղո­վի նպա­տա­կով հա­մախմ­բու­մը` նս­տա­վայ­րի մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րուն եւ Շր­ջա­նա­յին յանձ­նա­խում­բե­րուն. հրա­ւէ­րո­վը` Ս.Օ.Խ.-ի Շրջ. վար­չու­թեան եւ հո­վա­նա­ւո­րութ­եամ­բը` Թե­միս Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եա­նին:

Խորհր­դա­ժո­ղո­վի բա­ցու­մը կա­յա­ցաւ Ս.Օ.Խ.-ի քայ­լեր­գով: Ս.Օ.Խ.-ի Շրջ. վար­չու­թեան ատե­նա­պե­տու­հի` ընկհ. Ան­նա Տէր Յա­կոբ­եան բաց­ման խօս­քով ըսաւ.

«Ս.Օ.Խ.-ի 36-րդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին, գու­մար­ուած` Յու­լիս 2011-ին, Շրջ. վար­չու­թիւնս մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ սկ­սաւ աշ­խա­տան­քի յա­ռա­ջի­կայ եր­կու տար­ուան իրա­գոր­ծե­լիք ծրա­գիր­նե­րու բա­նա­ձեւ­ուած ու­ղե­գի­ծով մը:

Հա­զիւ մէկ տա­րի մա­սամբ մը բնա­կա­նոն պայ­ման­նե­րու մէջ գոր­ծե­լէ ետք, միու­թեանս ընդ­հա­նուր կար­գա­վի­ճա­կը այ­լա­փոխ­ուե­ցաւ, ան­դա­մա­կան թուա­կան պատ­կե­րի, գոր­ծե­լա­կեր­պի եւ աշ­խա­տան­քի հնա­րա­ւո­րու­թեան իմաս­տով:

Շրջ. վար­չու­թիւնը դէմ յան­դի­ման գտն­ուե­ցաւ աշ­խա­տան­քի այն­պի­սի պայ­ման­նե­րու, որոնց դի­մագ­րաւ­ման հա­մար գեր­լա­րեց իր կա­րո­ղա­կա­նու­թիւն­նե­րը, ար­հա­մար­հե­լով բազ­մա­պի­սի վտանգ­նե­րը: Վա­զե­ցինք դի­պու­կա­հա­րի տե­սա­դաշ­տին դի­մա­ցէն, մեր գլ­խուն թա­փած հրա­սանդ­նե­րուն տակ ամէ­նօր­եայ ներ­կա­յու­թիւն եղանք քա­ղա­քիս ամե­նա­շատ վտանգ­ուած` Նոր Գիւղ շր­ջա­նի Ս.Օ.Խ.-ի մեր ըն­կե­րաբժշ­կա­կան կեդ­րո­նէն ներս:

Շրջ. վար­չու­թիւնս իր եր­կու տար­ուան կա­նո­նագ­րով սահ­ման­ուած օրի­նա­կան աշ­խա­տան­քի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը աւար­տե­լէ ետք, պար­տադ­րա­բար գոր­ծեց մէկ տա­րի եւս: Այ­սօր­ուան խորհր­դա­ժո­ղո­վը կը մի­տի Ս.Օ.Խ.-ի վար­չա­մե­քե­նա­յի ըն­կե­րու­հի­նե­րը մի­ա­տեղ հա­մախմ­բե­լու կող­քին Շրջ. պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի մթ­նո­լորտ ստեղ­ծել, ժո­ղով մը, ուր վարժ­ուած ենք սըրտ­բաց երկ­խօ­սու­թեամբ, թեր եւ դէմ կար­ծիք­նե­րով մտ­քեր փո­խա­նա­կել, գա­ղա­փար­ներ բիւ­րե­ղացը­նել եւ միու­թեանս վե­րել­քին նպաս­տող ծրա­գիր­ներ մշա­կել»:
Ան խօս­քը ուղ­ղե­լով ըն­կե­րու­հի­նե­րուն ըսաւ. «Սի­րե­լի ըն­կե­րու­հի­ներ, այս հս­կայ կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­րա­զատ ան­դա­մի կո­չում ու­նե­նա­լու պատիւը ու­նինք, որով­հե­տեւ ան­տէր եւ մի­նակ չձը­գե­ցինք մեր պա­պե­նա­կան օճա­խը` Ս.Օ.Խա­չի մեծ ըն­տա­նի­քը»:

Ըն­կե­րու­հին փա­փաք յայտ­նեց, որ ամե­նա­կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին վերջ գտ­նէ այս կա­ցու­թիւնը, Սուր­իոյ տա­րած­քին տե­ղա­հան­ուած իւ­րա­քան­չիւր ըն­տա­նիք վե­րա­դառ­նայ իր տու­նը եւ հա­մայն­քը վե­րագտ­նէ իր անց­եա­լի աշ­խու­ժու­թիւնը:

Եւ վեր­ջա­պէս ընկհ.Ան­նան երախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց Գերշ. Սր­բա­զան Հօր, որ միշտ միութ­եան կող­քին մնաց, ամե­նադժ­ուար օրե­րուն ան­գամ: Եղաւ խա­չու­հի­նե­րուն կող­քին իր խրատ­նե­րով, ցուց­մունք­նե­րով եւ օրհ­նու­թեամբ` գո­յա­տե­ւե­լու ուժ եւ հա­ւատք ներշն­չե­լով բո­լո­րիս, ապա հրա­ւի­րեց Թե­միս Առաջ­նորդ` Գերշ. Տ. Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եա­նը իր սր­տի խօս­քը փո­խան­ցե­լու ներ­կա­նե­րուն:

Սր­բա­զան Հայ­րը օրհ­նեց ժո­ղո­վը եւ իր խօս­քի բա­ցու­մը ըրաւ աղօթ­քով: Ապա ըսաւ.

«Փառք եւ գո­հու­թիւն ամե­նա­կա­լին` Աս­տու­ծոյ, որ նոր առա­ւօտ մը եւս բա­ցաւ ամ­բողջ աշ­խար­հին, յատ­կա­պէս` Սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քին եւ մեր սի­րե­լի քա­ղա­քին, վշ­տա­կիր, տա­ռա­պա­կոծ, չար­չար­ուած, բայց միշտ ինք­նավս­տա­հու­թեամբ ամ­րա­ցած եւ հաս­տա­տուն մեր ժո­ղո­վուր­դին վրայ:
Կրկ­նակի­օ­րէն մեր սր­տե­րը հպար­տու­թեամբ, ցն­ծու­թեամբ եւ արիու­թեամբ կը լեց­ուին ի տես Սուր­ի­ա­հայ Օգ­նու­թեան Խա­չի այս խորհր­դա­ժո­ղո­վին: Ս.Օ.Խա­չը Սուր­իոյ տագ­նա­պի ըն­թաց­քին հա­րա­զատ թարգ­մա­նը հան­դի­սա­նա­ցաւ իր հիմ­նա­դիր­նե­րու սկզ­բունք­նե­րուն:
Սո­վո­րա­կան օրե­րուն եթէ այս բա­ռե­րը ար­տա­սա­նէ­ինք, հա­ւա­նա­բար գնա­հա­տա­կան խօս­քե­րու շռայ­լանք մը պի­տի նկատ­ուէր: Ներ­կայ կա­ցու­թեան մէջ, ինչ­պէս որ բաց­ման խօս­քով Շրջ. վար­չու­թեան ատե­նա­պե­տու­հին ճիշդ ձե­ւով բնո­րո­շեց «Տագ­նա­պի ըն­թաց­քին կա­րե­նալ ամե­նավը­տան­գա­ւոր տե­ղը եւ ամե­նա­տո­կուն կեց­ուած­քը ցու­ցա­բե­րել հա­ւա­նա­բար ոմանց հա­մար խեն­թու­թեան հա­մա­զօր բան մըն է», բայց ասի­կա մեր ժո­ղո­վուր­դի վա­ւե­րա­կան ինք­նու­թեան եւ իւ­րա­յատ­կու­թեան մաս կազ­մող նկա­րա­գիր է:

Տագ­նա­պին մէջ սո­վո­րա­բար, մար­դոց աշ­խա­տանքն ու ծա­ռա­յու­թիւնը իր ճի՛շդ հու­նին եւ ճիշդ ձե­ւին մէջ կը դր­սե­ւոր­ուի: Սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պին մաս կազ­մող սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը, յատ­կա­պէս` հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը վնաս­ներ կրեց, ու­նե­ցաւ զո­հեր, առե­ւանգ­եալ­ներ, կոր­ծան­ուած տու­ներ, գոր­ծա­տե­ղի­ներ, բայց կամ­քը, կ՛ընդգ­ծեմ` կամ­քը մնաց ջր­դեղ­ուած, կրա­կի մէ­ջէն ան­ցած պող­պա­տի նման: Ձեր ներ­կա­յու­թիւնը այս­տեղ, ամե­նա­գե­ղե­ցիկ ապա­ցոյցն է, որ մենք որ­պէս հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն, իսկ Ս.Օ.Խ.-ը որ­պէս յոյ­սի խորհր­դա­նիշ պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր ծա­ռա­յու­թիւնը բե­րել հա­յու­թեան եւ յատ­կա­պէս սուր­ի­ա­հա­յութեան:

Ընկր­կում­ներն ու նա­հանջ­նե­րը բնա­կան երե­ւոյթ­ներ են, սա­կայն Ս.Օ.Խա­չի օրի­նա­կե­լի աշ­խա­տանքն ու հա­յու­հի­նե­րը զո­հա­բե­րու­մի ոգի­ով թըր­ծե­լու կամ­քը առանց­քը կը կազ­մեն այս միու­թեան զօ­րու­թեան:

Կը մաղ­թենք, որ յոյ­սը ան­մար մնայ մեր բո­լո­րին կեան­քին մէջ:

Ես կը շնոր­հա­ւո­րեմ ձեզ, ձեր ծա­ռա­յու­թեան եւ ներ­կա­յու­թեան հա­մար:

Ես կը շնոր­հա­ւո­րեմ ձեզ, ձեր արիու­թեան հա­մար: Արիու­թիւնը միայն արա­կան սե­ռին չի պատ­կա­նիր. ան մարդ­կա­յին հոգի­ին, Աս­տու­ծոյ հան­դէպ բա­ցար­ձակ հա­ւատ­քին եւ կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ան­խա­փան պահ­պան­ման գրա­ւա­կանն է:
Վարձ­քը կա­տար Հ.Օ.Մ.-ի բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն եւ աշ­խար­հա­տա­րած բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն եւ քոյ­րե­րուն, որոնք զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցան եւ կը շա­րու­նա­կեն կանգ­նիլ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան` կր­թա­կան, ըն­կե­րա­յին, կեն­ցա­ղա­յին եւ մար­դա­սի­րա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ: Անոնց աշ­խա­տան­քը օրհ­նու­թեան եւ գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նի է:

Այս առ­թիւ կ՛ու­զեմ փո­խան­ցել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի օրհ­նու­թիւնն ու յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­նե­րը եւ ես որ­պէս թե­մա­կալ Առաջ­նոր­դի պա­տիւ կը զգամ ձե­զի հետ հա­ղոր­դա­կից, զօ­րա­կից, ին­չու չէ նա­եւ գոր­ծա­կից ըլ­լա­լուս հա­մար:
Աստ­ուած օրհ­նէ ձեզ: Յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թեմ ձեր ժո­ղո­վին»:

Ապա, Շրջ. վար­չու­թեան ըն­կե­րու­հի­ներ` Վար­դուկ Պար­տագճ­եան եւ Անի Մու­րատ­եան յա­ջոր­դա­բար ըն­թեր­ցե­ցին Շրջ. վար­չու­թեան եր­կու­քու­կէս տար­ուան գոր­ծու­նէ­ութ­եան բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան տե­ղե­կա­գիր­նե­րը, որոնց շուրջ եղան լու­սա­բա­նա­կան հար­ցում­ներ: Ս.Օ.Խ.-ի հս­կայ ու լայ­նա­ծա­ւալ աշ­խա­տան­քը, յատ­կա­պէս տագ­նա­պի այս օրե­րուն, մե­ծա­պէս գնա­հատ­ուե­ցաւ, եւ նկա­տի ու­նե­նա­լով Շրջ. վար­չու­թեան փոք­րա­թիւ կազ­մը, ժո­ղո­վը շեշ­տադ­րեց, թէ Շրջ. վար­չու­թիւնը իր ամէ­նօր­եայ ներ­կա­յութ­եամբ ու աշ­խա­տան­քով, մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ու Շրջ. յանձ­նա­խում­բե­րու զօ­րակ­ցու­թեամբ ու հա­ւա­քա­կան ճի­գե­րու լա­րու­մով շա­րու­նա­կեց իր աշ­խա­տան­քը:

Ընկհ. Ան­նան բա­ցա­ռա­բար ըն­թեր­ցեց Քե­սա­պի «Մեղ­րի» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան զե­կոյ­ցը Մարտ 21-էն սկս­եալ մին­չեւ օրս: Վար­չու­թիւնը այս կա­ցու­թեան մէջ ճիգ չէ խնա­յած ամէն տե­սա­կի օժան­դա­կու­թիւն­ներ յատ­կաց­նե­լու քե­սա­պա­հա­յու­թեան, որոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւնը ապաս­տան գտած է Լա­թաք­իոյ մէջ:

Հ.Օ.Մ.-ի Կեդր.վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկհ. Զե­փիւռ Է. Րէ­իս­եան անդ­րա­դար­ձաւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդր. վար­չու­թեան ժո­ղո­վա­կան, կազ­մա­կերպ­չա­կան, ծրագ­րա­յին, կր­թան­պաս­տի եւ այլ իրա­գոր­ծում­նե­րուն, յատ­կա­պէս տագ­նա­պա­լի սուր­ի­ա­հա­յու­թեան ուղղ­ուած անոր ներդ­րում­նե­րուն, որոնք իրա­կա­նա­ցան Հ.Օ.Մ.-ի աշ­խար­հաս­փիւռ մի­ա­ւոր­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեամբ:

Ժո­ղո­վի աւար­տին ցու­ցադր­ուե­ցաւ «Ս.Օ.Խ.-ը պատ­նէ­շի վրայ» խո­րագ­րով տե­սա­ե­րի­զը:

Օր­ուան մտեր­միկ մթ­նո­լոր­տին մէջ խա­չու­հի­նե­րը վե­րա­նո­րոգ­ուած ու Ս.Օ.Խ.-ը պատ­նէ­շի վրայ տես­նե­լու հաս­տատ հա­մո­զու­մով լքե­ցին սրա­հը:

Ս.Օ.Խ.-ի Շրջ.Վարչութեան
Դաստիարակչական յանձնախումբ