kantsasar.com – Հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան էջե­րը կը վկա­յեն անոր ազատ ապ­րե­լու կամ­քին ու վճ­ռա­կա­մու­թեան մա­սին:

96 տա­րի առաջ հայ հե­րոս­նե­րու արիւ­նով ձեռք բեր­ուած եւ ոսկ­եայ տա­ռե­րով ար­ձա­նագր­ուած Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւնը կեան­քի եւ յոյ­սի նոր հո­րի­զոն­ներ կը բա­նար հայ ժո­ղո­վուր­դին դի­մաց:

Ար­դա­րեւ,Կի­րա­կի, 25 Մա­յիս 2014-ին, հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը հա­կա­ռակ երկ­րի դժն­դակ պայ­ման­նե­րուն` մէկ կող­մէ զո­հեր կու տար ու նա­հա­տակ­նե­րու մա­հը կը սգար, միւս կող­մէ ազ­գա­յին բարձր գի­տակ­ցու­թեամբ ու ցն­ծու­թեամբ կը տօ­նէր 28 Մա­յիս 1918-ի Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան 96ամ­եա­կը:

Այնուհետեւ, Հա­լէ­պի «Գ. Եսայ­եան» սրա­հէն ներս, յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մը 5:00-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ Մա­յիս 28-ի 96ամ­եա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւնը, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ` Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եա­նի, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ` Հա­մազ­գա­յի­նի Սուր­իոյ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան, ներ­կա­յու­թեամբ` Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նոր­դին, Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Հա­մայն­քա­պե­տին, հա­լէ­պա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Ազ­գա­յին վար­չու­թեան եւ Ազ­գա­յին մար­մին­նե­րուն, հա­լէ­պա­հայ մշա­կու­թա­յին, մար­զա­կան, բա­րե­սի­րա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, հո­գե­ւոր հայ­րե­րու եւ հոծ բազ­մու­թեան:

Հան­դի­սու­թիւնը բաց­ուե­ցաւ Սուր­իոյ եւ Հ.Հ. քայ­լերգ­նե­րով, կա­տա­րո­ղու­թեամբ` Հա­մազ­գա­յի­նի «Զուարթ­նոց» երգ­չա­խում­բին, այ­նու­հե­տեւ օր­ուան հան­դի­սա­վար Գէ­որգ Շա­հին­եան վեր առ­նե­լով Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան սր­բա­գոյն ար­ժէ­քը յայտ­նեց, թէ ան­կա­խու­թիւնը հայ ժո­ղո­վուր­դի մի­աս­նա­կան պայ­քա­րի գե­ղեց­կա­գոյն դր­սե­ւո­րումն էր, իսկ Ազատ, Ան­կախ ու Մի­աց­եալ Հա­յաս­տա­նի տե­սիլքն ու անոր հաս­նե­լու հա­ւատ­քը վառ կը մնայ մեր մէջ, որ­քան որ դա­ժան ու ծանր օրեր ապ­րի մեր ժո­ղո­վուր­դը: Ապա հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րով հան­դէս եկաւ Հա­մազ­գա­յի­նի «Զուարթ­նոց» երգ­չա­խում­բը, գե­ղար­ուես­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ` Յա­րութ Ալա­պո­զան­եա­նի, դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ` Ռու­զան Պար­սում­եա­նի, մե­նա­կա­տա­րութ­եամբ` Եղ­իա Քի­լէճ­եա­նի, Սու­րէն Աճէմ­եա­նի, Գէ­որգ Չոս­լաք­եա­նի եւ Ռազ­միկ Քէլ­խա­չեր­եա­նի: Հա­մազ­գա­յի­նի «Բ. Կա­նաչ­եան» երաժըշ­տա­կան դպ­րո­ցի քառ­եա­կը, մաս­նակ­ցու­թեամբ` Ան­ժէլ Շէ­օհ­մէլ­եա­նի «քա­նոն», Ռու­զան Պար­սում­եա­նի «դաշ­նա­մուր», Նա­յի­րի Նագ­գաշ­եա­նի «Ֆլիւթ» եւ Նշան Փա­փազ­եա­նի «ջու­թակ», յա­ջոր­դա­բար մեկ­նա­բա­նեց «Ալ այ­լուղս» եւ «Զար­թօնք» երաժշ­տա­կան կտոր­նե­րը:
Սե­ւան Գա­լայճ­եան, Պէթ­թի Քի­լէրճ­եան եւ Գէ­որգ Գա­տէհճ­եան տպա­ւո­րիչ առո­գա­նու­թեամբ աս­մուն­քե­ցին Անդ­րա­նիկ Ծա­ռուկ­եա­նի «Թուղթ առ Երե­ւան»-էն հատ­ուած­ներ:

Հա­մազ­գա­յի­նի «Նի­կոլ Աղ­բալ­եան» մաս­նա­ճիւ­ղի «Սար­դա­րա­պատ» պա­րա­խում­բը ելոյթ ու­նե­ցաւ «Սար­դա­րա­պատ» եւ «Վե­րած­նունդ» պա­րե­րու ներ­կա­յաց­մամբ, գե­ղար­ուես­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ` Յա­րութ Պա­րոն­եա­նի եւ Շա­ղիկ Գա­սապ­եան-Յա­րու­թիւն­եա­նի:

Աւար­տին, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եան այս առի­թով շնոր­հա­ւո­րեց սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնն ու հա­մայն հա­յու­թիւնը նշե­լով, թէ ցն­ծու­թեան եւ ու­րա­խու­թեան պահ է այս տօ­նը. դա­րե­րու ըն­թաց­քին ստր­կա­ցած ժո­ղո­վուր­դի մը կեան­քին մէջ ու­րա­խու­թիւն դրոշ­մե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ էր յաղ­թա­կան շր­ջա­դարձ մը կա­տա­րել, որ իրա­կա­նա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան հռ­չա­կու­մով: Ապա ըսաւ, թէ չկայ Ա., Բ., եւ Գ. Հան­րա­պե­տու­թիւն, նման մօ­տե­ցում­ներ ան­կա­խու­թեան եզա­կի այս երե­ւոյ­թը սո­վո­րա­կա­նի վե­րա­ծե­լու մի­տող դըր­սե­ւո­րում­ներ են: Դա­րե­րու ստր­կու­թե­նէ ետք Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւնը կերտ­ուե­ցաւ 28 Մա­յիս 1918-ին, այ­նու­հե­տեւ վար­չա­կար­գե­րը փոխ­ուե­ցան, սա­կայն ան­կա­խու­թեան ոգին վառ մնաց մեր ժո­ղո­վուր­դին մօտ ու վերըս­տին ամ­րագր­ուե­ցաւ 1991-ին: Սր­բա­զան Հայ­րը կոչ ուղ­ղեց մի­աս­նա­կա­մութ­եան եւ ըսաւ. «Երբ մի­աս­նա­կամ եւ մէկ բռունցք ենք` պատ­մու­թիւնը կը խո­նար­հի մեր առ­ջեւ: Աս­տու­ծոյ, հայ­րե­նի­քի եւ հա­ւա­քա­կան մեր զօ­րու­թեան հան­դէպ մեր հա­ւատ­քը չենք կորսն­ցու­ցած եր­բեք ու այդ հա­ւատ­քով պի­տի շա­րու­նա­կենք պայ­քա­րիլ յա­նուն` Ազատ, Ան­կախ ու Մի­աց­եալ Հա­յաս­տա­նի կերտ­ման»:

Անդ­րա­դառ­նա­լով Սուր­իոյ տագ­նա­պա­լի վի­ճա­կին Սր­բա­զան Հայ­րը նշեց, թէ Սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քի այս դժ­խեմ ու ճա­կա­տագ­րա­կան իրա­վի­ճա­կը մեզ կը յի­շեց­նէ Սար­դա­րա­պատ­եան ոգի­ով մէկ բռունցք դար­ձած հա­յու­թեան յաղ­թա­նակ կեր­տե­լու ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հը: Այ­նու­հե­տեւ շեշ­տեց թէ, հայ­րե­նի­քի մէջ թէ Սփիւռ­քի, որ­պէս մէկ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­ներ, մի­աս­նա­կա­մու­թեամբ պի­տի յաղ­թա­հա­րենք մեր դի­մաց ցցուող բո­լոր դըժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը:

Հուսկ, հա­լէ­պա­հայ սիր­ուած եր­գիչ­ներ` Գօ­գօ Թիւ­թիւնճ­եան, Կա­րօ Սու­սա­նի եւ Յա­կոբ Շա­ռոյ­եան խան­դա­վառ մթ­նո­լորտ ստեղ­ծե­ցին, մեկ­նա­բա­նե­լով ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան եր­գեր, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ` «Սպի­տակ» նուա­գա­խում­բին: