Կիրակի 1 Յունիս 2014ին, առաւօտեան ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ժամերը, Հալէպի տարբեր շրջաններու մէջ, յատկապէս Նոր Գիւղի շրջանին մէջ, հրթիռներու եւ կազէ շիշերէ պատրաստուած հրասանդներու տեղացումը շարունակուեցաւ:

Նոր Գիւղի մէջ ինկած հրթիռներէն մէկուն պատճառով վիրաւորուեցաւ Զարեհ Քահքէճեանը:

Վիրաւորին պարագան կայուն է եւ մտահոգիչ չէ:

Հալէպի Լրատուական Գրասենեակ