Perio News/fb/ – 10 Մայիս 2014-ին, ազատագրուեցաւ Սուրիոյ արդիւնաբերական կարեւոր քաղաքներէն մէկը՝ Հոմսը: Նոյեմբեր 2011-էն ի վեր Հոմսի հին քաղաքի պատմական շրջանը անցած էր զինեալներու հսկողութեան տակ:
Հոմսի ազատագրումէն անմիջապէս յետոյ, 15 Մայիս 2014-ին, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը եւ Ազգ. Քաղաքական Ժողովը ատենապետ տիար Աւօ Ոսկեանը, այցելեցին Հոմսի Սբ. Մեսրոպ եկեղեցին եւ Ազգ. Սահակեան Վարժարանը մօտէն ծանօթանալու ազգային կառոյցներուն կրած վնասները: Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատուիրակութեան միացաւ նաեւ Հոմսի Սբ. Մեսրոպ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ՝ տիար Վազգէն Խաչատուրեանը, զոր մանրամսնորէն տեղետացուց եկեղեցւոյ եւ դպրոցին վիճակին եւ ներկայ կացութեան մանրմասները:
Հոմսի մէջ, Դամասկոսի Հայոց Թեմի հոգեւոր իշխանութեան ներքոյ, կը գործէին Սբ. Մեսրոպ եկեղեցին եւ Ազգ. Սահակեան Վարժարանը:
Նոյեմբեր 2011-էն ի վեր Սբ. Մեսրոպ եկեղեցին եւ Ազգ. Սահակեան Վարժարանը նմանապէս բռնագրաւուեցան ահաբեկիչ զինեալներու կողմէ: Լռած էին եկեղեցւոյ զանգին ղօղանջներն ու աղօթքները: Դադրած էին վարժարանի դասաւանդութիւնները: Աշակերտին խաղին ճիչը ալ չէր հնչեր: Ուսումէ որբ մնացին 200-է աւելի փոքրիկներ: Եկեղեցւոյ եւ դպրոցին շէնքը վերածուած էր զինեալներու կեդրոնի, իսկ նկուղին մէջ գտնուող սրահը՝ հիւանդանոցի: Հոն ուր աշակերտական հանդէսը կը հնչէր ասմունքով, երգ ու պարով, վերածուեցաւ գործողութեան եւ վիրահատութեան յատուկ սենեակի ժամանակակից սարքաւորումներով օժտուած: Գետնայարկի դպրոցական դասարանները վերածուեցան դեղարանի, հիւանդանոցային սենեակի եւ կամ այլ պահեստի: Իսկ ուսուցչաց սենեակն ու տեսչարանը դարձան մզկիթ աղօթավայր, իսկ առաջին յարկին մէջ գտնուող եկեղեցին՝ հանրակացարանի եւ հաւաքական ննջասենեակի: Եկեղեցւոյ բոլոր նստարանները անհետացած են եւ Սուրբ խորանը սրբապղծուած:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ ազգայիններ անմիջապէս ձեռնարկեցին ահաբեկիչներու աւարեն ազատելու եւ փրկելու եկեղեցւոյ խորանի սրբապատկերնու խորանի խաչը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ բարեխօս՝ Սբ. Մեսրոպի սրբապատկերը: Անոնք ըստ ընձեռուած կարելիութեան հաւաքեցին նաեւ եկեղեցական զգեստներն ու ժամագիրք ու շարակնոցները:
Ապա Տ. Արմաշ Եպս. եւ իրեն ընկերակցող ազգայիններ շրջագայեցան քաղաքին մէջ եւ այցելեցին քանի մը հայ ընտանիքներու, որոնց բնակարանները մեծ վնասներ կրած էին ռազմական գործողութեանց հետեւանքով:
Դիւան Դամասկոսի Ազգ. Առաջնորդարանի
20 Մայիս 2014