Ըսել կ՛ուզեմ` ընթացի՛կ տարեշրջանի «վերջին զանգ»ը…:

Եւ արդարեւ, 18 տարիներէ ի վեր անխափան գործող ուսումնական այս հաստատութիւնը, Հալէպի ամէնօրեայ վարժարաններուն նման, ինք եւս հնչեցուց 2013-14 կրթական տարեշրջանի իր «վերջին զանգ»ը, Ուրբաթ 23 Մայիսին:

Դժուար ու անբնական տարեշրջան մը բոլորեց Հայագիտականը այս տարի:

Կրնա՞ր «բնական» ընթանալ իր գոյութիւնը երկրի մը մէջ, ուր պատերազմը կը սաւառնի մեր գլխուն վերեւ ու մեր չորս դին…:

Ամէն բանէ առաջ, Հիմնարկը, Բ. տարին ըլլալով, զրկուեցաւ իր կեդրոնավայրէն, որ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանն էր: Ճեմարանը փակ է տակաւին ու անոր փողոցն ու շրջակայքը` անապահով: Խարխափումի կարճ շրջանէ մը ետք, Հայագիտականը իրեն կեդրոն ընտրեց Արամ Մանուկեան Ժող. Տունը, ուր մասնաւոր դասասենեակներ յատկացուեցան իրեն: Շաբաթը 5 օր, ուսանողուհիները հոն փութացին` հետեւելու համար դասաւանդութեանց:

Յետոյ, Հիմնարկը ակամայ զրկուեցաւ իր կարգ մը դասատուներէն, որոնք առկայ պայմաններուն բերումով նախընտրեցին հեռանալ երկրէն: Պր. Յակոբ Չոլաքեան, պր. Միհրան Մինասեան եւ տիկ. Լենա Քէյվանեան ժամանակաւոր կերպով Երեւան մեկնեցան, իսկ օր. Ազնիւ Արապեան, ֆիզիքապէս տկարացած, ակամայ դադրեցաւ դասաւանդելէ:

Այնուհանդերձ, Հիմնարկը շարունակեց իր գործունէութիւնը, որոշ դասանիւթերու զեղչումով կամ նոր դասատուներու ներգրաւումով:

Ճիշդ է, որ ուսանողութեան թիւը եւս անկում կրեց, ինչպէս կրեցին մեր բոլո՛ր դպրոցներուն աշակերտութեանց թիւերը անխտիր: Գաղթողներ եղան, ապահովական նկատումներով հրաժարողներ, իրենց երբեմնի խանդավառութիւնը կորսնցնողներ…:

Սակայն, եկա՛ն նաեւ նորեր: Դուք անգամ մը տեսնէիք մեր այս սքանչելի մանկամարդուհիներուն դէմքերը` երբ անոնք դասարան կը մտնէին ու հետաքրքրութեամբ կ՛ուզէին ականջ տալ իրենց դասախօսներուն…: Դասի պահուն կրնար ռումբ մը պայթիլ մօտիկ թաղի մը մէջ, պատերազմական սաւառնակ մը կրնար հրթիռ արձակել մեծ դղրդիւնով, հրասանդ մը կրնար ծակել դիմացի շէնքին տանիքը…: Հոգ չէ՜, մերինները «վարժուած» էին այս ձայներուն, կը շարունակէին ականջ փակել դուրսի աղմուկին…: Այո՛, տարօրինակ բայց իրաւ…:

Ուսանողուհիներէն երկու հոգի` Անի Դաւիթեան եւ Նայիրի Գրիգորեան, վիրաւորուեցան իսկ: Անոնք հրասանդի շիկացած կոյր բեկորներու թիրախ դարձան, բարեբախտաբար` առանց լուրջ վնասներու: Ու ո՜վ զարմանք, արկածէն քանի մը օր ետք` անոնք իրենց դասագիրքերը շալկած դա՛րձեալ դասարան մտան խնդումերես եւ խանդավառ…: Ըսէ՛ք ինծի, Հալէպէն դուրս այսպիսի հաստատակամութիւն եւ կորով կրնա՞ք գտնել Սփիւռքի տարածքին…:

Ահա այսպէս, տարի մը եւս բոլորեց Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը, որ կը վայելէ քաղաքիս Համազգայինի հովանաւորութիւնն ու նիւթա-բարոյական հոգատարութիւնը: Իր հայրական զօրակցութիւնը չի խնայեր նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը, ի սկզբանէ:

Հիմնարկը կը շարունակէ քալել դէպի իր մօտալուտ 20-ամեակը:

Գրեց՝ ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

«Մարմարա»