kantsasar.com –

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան


…Իսկ իմ երգը…Դուք չէ՞ք լսում, թէ ինչպէս
«Իմ հայրենի՜ք, իմ հայրենի՜ք», հառաչում է աղեկէզ:
Յ. Թումանեան

Եր­բեմն ալ կը ծաղր­ուիմ ու նոյ­նիսկ կը մե­ղադր­ուիմ` Հա­յաս­տա­նը սի­րե­լուս հա­մար (գո­նէ կա­րող ըլ­լա­յի անոր գործ­նա­կան օգուտ մը տալ): Չե՛մ յո­խոր­տար, հայ­րե­նիք սի­րե­լը պար­կեշտ մար­դու առա­ջին գի­տակց­ուած զգա­ցումն է: Ու­րիշ­նե­րու հո­գի­նե­րը չեմ պրպ­տած, բայց գի­տեմ, թէ շատ աւե­լի այ­րուող հո­գի­ներ կան, քան իմս, բայց… Գի­տեմ նա­եւ իմ հո­գիս:
– Բա­րե­կա­միս աներ­ձա­գը Հա­յաս­տա­նէն վի­զա գներ ու Եւ­րո­պա գա­ցեր է: 5.000 եւ­րօ: Ճամ­բան ցա­մա­քով մէկ շա­բաթ կը տե­ւէ,- իր ալ եր­թա­լու փա­փա­քը կը բարձ­րա­ձայ­նէ ծա­նօթս:

– Առան­ձի՞ն:
– Չէ՛, հինգ հո­գի են, 25.000 դրած է:

Հինգ հո­գի եւս պակ­սե­ցան Հա­յաս­տա­նէն, կը խոր­հիմ ու կ՛ըսեմ հայ ծա­նօ­թիս.

-Այդ­չափ դրա­մը եթէ Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծի կա­պէր…
Ան մէ­կէն կը պո­ռայ`

-Ի՜նչ գործ, եր­կու օրէն այդ դրա­մը կը չոր­նար:
– Ըսենք` պզ­տիկ խա­նութ մը…,- դեռ կը շա­րու­նա­կեմ:

– Դուն ալ ի՞նչ Հա­յաս­տա­նին սի­րա­հար­ուած ես, քու չգիտ­ցած բա­նը կը խօ­սիս,- կ՛որո­տայ ան,- հոն մաֆ­իա է, բան մըն ալ չի կր­նար ընել, դրա­մը կը հա­լի:

Այդ հար­ուա­ծէն շշ­մե­ցայ: Լռե­ցի: Այն, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ «պըզ­տիկ ձու­կե­րուն» դրամ­նե­րը «շնա­ձու­կե­րը» կր­նան հա­լեց­նել, բազ­միցս հաս­տատ­ուած իրո­ղու­թիւն է, այդ չէր զիս ցաւց­նո­ղը: Գի­տէի նա­եւ թէ Հա­յաս­տա­նը իրեն շատ բան չ՛ըսեր ու իր երա­զը այլ եր­կիր է: Լռե­ցի վախ­կո­տա­բար, քա­նի որ գժ­տու­թիւն կր­նար ծա­գիլ` այս օրե­րուն, երբ, թէ­եւ զի­րար դժ­ուար կը հան­դուր­ժենք, սա­կայն առանց իրա­րու սա­տա­րին ալ չենք տո­կար:
Նոյն օրը այլ տեղ Լոռիի բնութ­եան գե­ղեց­կու­թեան երբ անդ­րա­դար­ձայ` աղ­ջիկ մը ըսաւ.

– Մենք Հա­յաս­տա­նը շատ կը սի­րենք, պա­պաս կ՛ու­զէր հոն գործ գըտ­նել, որ եր­թանք, բայց երբ կը լսենք թէ ու­րիշ­ներ ձա­խո­ղեր են…:
Առտ­ուան մե­ղադ­րան­քը արթըն­ցաւ. փոր­ձե­ցի այս անու­շիկ աղ­ջի­կին հասկց­նել, թէ սէ­րը զո­հո­ղու­թիւն կ՛են­թադ­րէ- մա­նա­ւանդ մեր հայ­րե­նի­քին հան­դէպ սէ­րը: Մեր հայ­րե­նի­քը առ­նող է ու ոչ` տուող, բայց… Ու­րի­շը չու­նինք:

-Բայց մենք իրա՜ւ կը սի­րենք Հա­յաս­տա­նը, եթէ լաւ ըլ­լար…,- կը կրկ­նէր ան բազ­միցս լս­ուած այդ խօս­քը` «եթէ լաւ ըլ­լա՜ր…»:
-Ես ձեր դա­տա­ւո­րը չեմ, սի­րե­լի՛ս, ոչ ալ խոս­տո­վա­նեց­նո­ղը, բայց սէ­րը «եթէ» չի վերց­ներ, պայ­մա­նա­կա­նու­թիւն չի վերց­ներ: Եթէ կա­տար­եալ ըլ­լար` օտար­ներն ալ հոն կը ձգ­տէ­ին: Իսկ մեր շա­տե­րուս սէ­րը խօս­քէն ան­դին չ՛անց­նիր, մենք աւե­լի ազ­գա­սէր ենք, քան հայ­րե­նա­սէր:

Զգա­ցի որ տաք­ցայ ու Հա­յաս­տա­նի հա­մար բան մը ընե­լու ան­կա­րո­ղու­թեանս մէջ` զայն ու­րիշ­նե­րէ կը սպա­սեմ: Հա­յաս­տա­նի ալ ան­կա­րո­ղու­թի՞ւնը, թէ՞ ան­կա­մե­ցո­ղու­թիւնը այս բուռ մը ժո­ղո­վուր­դը իր գիր­կը առ­նե­լու` առա­ւել կը խռո­վէ զիս: Ելայ` բա­ցա­կայ մե­ղա­ւոր­նե­րու ու ինքս ին­ծի հետ խօ­սե­լով` «Այս գաղջ սի­րով մենք հայ­րե­նիք չենք կր­նար պա­հել»:

«Դուն ալ ի՞նչ սի­րա­հար­ուած ես Հա­յաս­տա­նին»,- յա­ճախ այս միտ­քը կը կար­դամ գործ­նա­կան հա­յու աչ­քե­րու մէջ` նե­րո­ղա­միտ հեգ­նան­քի հետ խառն­ուած, կար­ծես ամէն հայ պար­տա­ւոր ըլ­լար Ամե­րի­կա՛ն սի­րել ու երա­զել, կամ այ­սօր ալ` Հո­լան­տան ու Շուէ­տը…
Մինչ ես ալ, ան­կա­րող գէթ բա­նով մը օգ­տա­կար ըլ­լա­լու երկ­րիս, կը մնամ խօս­քի սահ­ման­նե­րու մէջ միայն…:
****
«Մի՞թէ մեղք գոր­ծած կ՛ըլ­լա­յի, եթէ եղ­բայ­րա­բար վշ­տակ­ցէի ձե­զի…»
Ֆ. Տոս­թո­եւս­քի

Այս օրե­րուն, երբ Հա­լէ­պի բնակ­չու­թիւնը, փա­րա­խէ զրկ­ուած հօ­տի պէս կը ցր­ուի աշ­խար­հով մէկ, մենք, բնա­կա­նօ­րէն, մեր զա­ւակ­նե­րու ճա­կա­տագ­րով մտա­հոգ ենք: Ոչ ոք կըր­նաս մե­ղադ­րել մահ­ուան հետ ամէն օր հան­դի­պու­մէ փա­խուստ տա­լուն հա­մար, ոչ ոք կր­նաս բռ­նել- պա­հել հոս` ի սէր գա­ղու­թի ապա­գա­յին, գա­ղութ, որ, նե­րե­ցէք եթէ յի­շեց­նեմ, այ­լեւս գրե­թէ մի­ակն է (ի բա­ցառ­եալ Պէյ­րու­թը), ուր հա­յե­րէ­նը տա­կա­ւին նոր սե­րուն­դին ալ քով գե­րա­դաս է տե­ղա­կան լեզ­ուէն: Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պա­հա­պան­նե­րը ցրիւ կու գան աշ­խար­հով մէկ ու բնա­կա­նօ­րէն` ցրիւ կու գայ ու փոշ­ի­ա­ցու­մի կը դա­տա­պարտ­ուի նա­եւ լե­զուն ու այլ բա­ներ…
Լե­զուն, որով գրե­ցի` երկ­րի երե­սը քի­չեր

Կը կար­դա­յին զայն ար­դէն ու պակ­սե­ցան անոնք ալ…

Այս­պէս կը մրմն­ջէր Թէ­քէ­եան տա­կա­ւին Սփիւռ­քի վա­ղոր­դայ­նին: Ու այս մտա­հո­գու­թիւնը կրե­լով, ես, որ անար­ժա­նա­բար հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ եմ, ինչ­պէ՞ս չյուզ­ուիմ ար­ցուն­քի աս­տի­ճա­նի կար­դա­լով այս եր­դում- նա­մա­կը, զոր ին­ծի կը գրէ Շուէտ գաղ­թած մէկ աշա­կերտս` հայր ու մայ­րով զտա­րիւն արա՛բ պա­տա­նի, որ ինք­զինք հա­յե­րուս «մենք»-ին մէջ կը տես­նէ, այն պա­րա­գա­յին, երբ շատ հա­յեր կը ջա­նան թօ­թա­փել այդ «մենք»-ը: Որ­քա՜ն պի­տի ու­զէի անոր նման­նե­րը շատ ըլ­լա­յին հա՛յ տղոց մէջ, գէթ` անոր այս տո­ղե­րը (հատ­ուա­ծա­բար մէջ­բեր­ուած) կար­դա­ցող­ներ.

«Ինչ­պէս կը յի­շէք, այ­սօր Ապ­րիլ 24 է, երբ Օս­ման­եան կայս­րութ­եան հո­ղին վրայ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եղաւ: Ան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կոչ­ուե­ցաւ եւ միշտ ալ պի­տի կոչ­ուի, քա­նի որ նորն ալ, ոչ պա­կաս զօ­րա­ւոր, կը կա­տար­ուի այ­սօր ու ժո­ղո­վուր­դը չի կր­նար մոռ­նալ ու ապ­րիլ այն­պէս, կար­ծես այս իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը տե­ղի ուն­եցած չըլ­լա­յին:

Թուրք թշ­նա­մին կր­ցաւ եր­կու ան­գամ խա­բել մեզ, ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի օրե­րուն, եւ ահա՛, այ­սօր ալ Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մին: Բայց դեռ ժա­մա­նա­կը չե­ղա՞ւ, որ մենք` որ­պէս սուր­ի­ա­ցի ու սուր­ի­ա­հայ` կեց­նենք այդ թոյլ ու տկար թշ­նա­մին, որ միշտ դա­ւա­ճա­նու­թեամբ պա­տե­րազմ­ներ կը յաղ­թէ:

Եր­կու ան­գա­մը քի՞չ է մար­դու մը հա­մար, որ արթն­նայ…

Մէկ ու կէս միլի­ո­նը քի՞չ է…

Չեմ կար­ծեր:

Հա­կա­ռակ ասոր` կը կաս­կա­ծիմ եւ կը մտա­ծեմ, թէ մենք մին­չեւ այ­սօր, որ­պէս հայ ժո­ղո­վուրդ, ո՞րտե­ղէն մեր կա­րո­ղու­թիւնը կը ստա­նանք, որ դեռ կր­նանք «թուրք» բա­ռը հն­չել մեր լե­զուով:

Բա­ցի աս­կէ` այն թշ­նա­մին, որ քու մեծ հայրդ սպան­նեց ու իմ մեծ հայրս այ­րեց` մեր վրէ­ժէն կը սար­սա­փի՞, թէ՞ կ՛ու­րա­խա­նայ, երբ կը տես­նէ թէ իր եր­գե­րը կը լսենք ու իր հե­ռա­տե­սի­լը կը դի­տենք:

Խօսքս յս­տակ կը դառ­նայ, երբ միայն յի­շենք, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը այս ցե­ղաս­պա­նու­թեամբ կորսն­ցուց իր մե­ծա­գոյն հարս­տու­թիւնը` գրող­ներ ու հան­ճար­ներ` Վա­րու­ժան, Սի­ա­ման­թօ, Ռու­բէն Զար­դար­եան եւ ու­րիշ­ներ, որոնց նման­նե­րը ու­նե­նա­լը որե­ւէ ազ­գի հպար­տու­թիւն պի­տի տար:

Իսկ մենք, դժ­բախ­տա­բար, կ՛ու­րա­խա­նանք, որ Ապ­րիլ 24-ը ար­ձա­կուր­դա­յին օր է:
Ափ­սո՛ս:
Մե­զի հա­մար այ­լեւս կա­րե­ւո­րը պի­տի չըլ­լայ, թէ ո՞ր եր­կի­րը կ՛ըն­դու­նի ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը. կա­րե­ւո­րը` մենք չու­րա­նանք զմեզ… Որով­հե­տեւ եթէ մենք մոռ­ցանք, ալ ի՞նչ շահ ու­րիշ եր­կիր­նե­րէ եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րէ:

Ապ­րիլ 24, պի­տի չմոռ­նա՛նք ձեզ:

Ճիշդ է որ ես հի­մա դուրս եմ իմ եր­կու հայ­րե­նիք­նե­րուս հո­ղէն, Սփի՛ւռք, հայ­րե­նի­քիս պտու­ղը չեմ վա­յե­լեր ու ջու­րը չեմ խմեր, բայց կը սխա­լի այն մար­դը, որ կը կար­ծէ թէ հո­գիս հոն չէ, ե՛ւ լե­զուս, ե՛ւ միտքս Կր­թա­սի­րաց վար­ժա­րա­նին չէ:

Կը վեր­ջաց­նեմ գիրս, մաղ­թե­լով որ ամէն անձ իր հո­ղին վրայ դառ­նայ ու խա­ղա­ղու­թիւն տա­րած­ուի եր­կու հայ­րե­նիք­նե­րուս` Հա­յաս­տա­նի ու Սուր­իոյ հո­ղե­րուն վրայ եւ Աստ­ուած ու լու­սին լու­սա­ւո­րեն անոնց շի­րիմ­նե­րը, որոնք զոհ­ուե­ցան Ապ­րիլ­եան Եղեռ­նին ու Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մին:

Մայր Լա­լա, բա­րեւ ձե­զի.

Կ՛ու­զէի որ այս նա­մակս կար­դա­յիք բո­լոր ըն­կեր­նե­րուս առ­ջեւ:
Կ՛ու­զեմ ըսել, որ եթէ բո­լոր մար­դիկ իրենց հա­յու­թիւնը մոռ­նան, ես հա­յու­թիւնը չեմ մոռ­նար եւ հա­ւա­տա­ցէ՛ք ին­ծի, որ հի­մա գիտ­ցայ կեան­քին ար­ժէ­քը: Շնոր­հա­կա­լու­թիւն ամէն պզ­տիկ ուղ­ղու­մին` բե­րա­նա­ցի կամ գրա­ւոր, որ դուք ըրիք ին­ծի եւ ամէն պարզ նա­խա­դա­սութ­եան, որ իմ կեան­քիս ազ­դեց ու իմ բա­ռե­րուն:
Շնոր­հա­կա­լու­թի՛ւն
Թու­մա Ալ Նա­հի»
………………………………………………………………………………………………………………………………
Այ­սօր հայ մը ան­կեղ­ծօ­րէն ու­րա­խա­ցաւ, երբ լսեց թէ Էր­տո­ղա­նը սուր­ի­ա­հա­յե­րուն թր­քա­կան անձ­նա­գիր պի­տի բաշ­խէ… Վա­զե­ցէ՛ք, առէ՛ք նշ­խա­րի պէս…

Օ՜, ժա­մա­նակ­ներ, օ՜, բար­քեր…
Օ՜, նսե­մու­թիւն մարդ­կա­յին…
****
Էլ ին­չո՞ւ ես քա­րը թող­նում քա­րի վրայ, քա՛ր աշ­խարհ:
Աւետիք Իսա­հակ­եան

Աշ­խար­հը այ­լեւս իր հայ­եաց­քը ուղ­ղած է դէ­պի Ուքրա­նի­ա, ուր իր կտ­րի­ճու­թեան հեր­թա­կան փոր­ձը կ՛ընէ Օպա­ման` աջակ­ցու­թեամ­բը իր ոտ­քե­րուն փաթթ­ուած քա­նի մը …նե­րու: Հի­մա ալ ուքրա­նի­ա­ցի ժո­ղո­վուր­դի ար­եան բոյ­րով կը գի­նով­նան:
…Մինչ աս­դին` ամ­րոց գրա­ւե­լու միջ­նա­դար­եան մի­ջոց­նե­րը կը շա­րու­նակ­ուին` Հա­լէ­պը պա­շար­ուած է ու ար­դէն տասն­եակ օր զրկ­ուած ջու­րէ…

Քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հը կը դի­տէ ու կը սպա­սէ` թէ որո՞ւ հա­մար վեր հա­նէ բթա­մա­տը…

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ