kantsasar.com – Սուր­ի­ա­հա­յի` յատ­կա­պէս հա­լէ­պա­հա­յի հա­մար գո­հա­նա­լը այս օրե­րուն դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թիւն թե­լադ­րող մղիչ ուժ է:
Գո­հա­նա­լը ան­կաս­կած քրիս­տո­ն­է­ա­վա­յել առա­քի­նու­թիւն է, հա­լէ­պա­հա­յը կը գո­հա­նայ իւ­րա­քան­չիւր նե­տած քայ­լին հետ փառք տա­լով:
Ինչ­պի­սի՜ սր­տա­բուխ ու ան­մեղ ու­րա­խու­թիւն­ներ ու­նի ան…

Շր­ջա­փա­կում է, մի­սը, կա­նա­չե­ղէ­նը ան­հե­տա­ցած է, շու­կան միայն չո­րե­ղէն, ըն­դե­ղէն կը ճար­ուի, անով ալ գո­հա­ցած է հա­լէ­պա­հա­յը:
Ու գե­ղե­ցիկ առա­ւօտ մը շար­ժա­կան կառ­քը քշող մար­դու­կին եր­գե­ցիկ ձայ­նը: Ահա­ւա­սիկ «Ձե­զի, մե­զի ՄԵԾ Աւե­տիս»: Կառ­քին վրայ կա­նա­չե­ղէն… Փայլ­քը ոսկիի նման գրա­ւիչ: Սա ար­դէն եր­կի­մաստ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի, շր­ջա­փակ­ման գօ­տին ճեղ­քած են, ճամ­բան բա­ցած, եւ ալ առատ ու­տե­լիք, կա­նա­չե­ղէն պի­տի տես­նէք: Գի­նե­րը հարց­նող չկայ, կա­րե­ւո­րը ամէն ինչ կայ, գո­հա­ցէք ժո­ղո­վուրդ:

Հա­մա­ցան­ցը կ’ան­ջատ­ուի… Հա­ւա­նա­բար ապա­հո­վա­կան նկա­տա­ռում­նե­րով, եթէ այդ է պատ­ճա­ռը, պատ­րաստ ենք դի­մա­տետ­րի հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու, մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու, ան­խու­սա­փե­լի «լայք»-երու հա­ճոյ­քը զո­հա­բե­րել… Միայն թող մաք­րեն, առանց հա­մա­ցան­ցի ալ կ’ապ­րինք:

Հա­մա­ցան­ցին հետ յա­ճախ բջի­ջա­յի­նի գիծն ալ կ’ան­ջատ­ուի, բա­նի­մաց­նե­րը կը վեր­լու­ծեն. «Տեղ մը պի­տի ստու­գեն»… Եթէ բջի­ջա­յին գի­ծը վտան­գա­ւոր բջիջ­ներ պի­տի յայտ­նա­գոր­ծէ, մենք կը գո­հա­նանք պարզ հե­ռա­ձայ­նա­յին կա­պով… Անոր ան­ջա­տումն ալ եթէ անհ­րա­ժեշտ է, հա­լէ­պա­հա­յը «չկայ»-նե­րու սո­վոր է:

Հա­պա երբ օրե­րով ան­ջատ­ուած ելեկտ­րա­կան հո­սան­քը անակըն­կա­լօ­րէն կը շնորհ­ուի, խա­ւա­րին մէջ լու­սար­ձա­կով թե­քե­րող, կատ­ուի նման լայն­ցած բի­բեր ու­նե­ցող հա­լէ­պա­հա­յը ցն­ծու­թեան պա­հեր կ’ապ­րի:

Վազվ­զուք, ուր­կէ՞ սկ­սիլ, ո՞ր ելեկտ­րա­կան գոր­ծի­քը բա­նեց­նել, որ­քա՞ն ժա­մա­նակ պի­տի վա­յե­լէ այս բա­րի­քը, ինչ­պէ՞ ս չգո­հա­նալ, ՀԱ­ԶԱՐ ՓԱՌՔ: Միայն «չկայ»-ն ապ­րած մար­դը կ’ըմբռ­նէ անոր ար­ժէ­քը:

Հա­պա ջու­րը… Քա­ղա­քիս մէջ բո­լոր բնա­կա­րան­նե­րը ջու­րը մղող ելեկտ­րա­կան սարք տե­ղադ­րած են, նոյ­նիսկ ելեկտ­րա­ծին սար­քեր, զա­նոնք բա­նեց­նող պան­զին ապա­հո­ված, ելեկտ­րա­կան հո­սան­քի չգո­յութ­եան պա­րա­գա­յին ելեկտ­րա­ծի­նով ջու­րը բարձր յար­կե­րը մղե­լու հա­մար, բայց մարդ ինչ­քան ջուր կր­նայ ամ­բա­րել առօր­եայ պէտ­քե­րուն հա­մար…

Երբ անակն­կալ կեր­պով ջուրն ալ ան­ջատ­ուի… Ելեկտ­րա­կան հո­սան­քի չգո­յու­թեան հա­մար տրտն­ջա­ցող հա­լէ­պա­հա­յը գո­հա­նա­լով կը խնդ­րէ, որ հո­սան­քը օրեր ան­ջա­տեն, միայն թէ երաշտ գու­ժող ծո­րա­կէն ջու­րը հո­սի:

Իսկ երբ հրա­սանդ­ներ սկ­սին տե­ղալ, զի­ջում­նե­րը կը հաս­նին ծայ­րա­գոյ­նին, ելեկտ­րա­կան հո­սան­քին, հա­ցին, ջու­րին, կա­նա­չե­ղէ­նին… Բո­լո­րին, բո­լո­րին չգո­յու­թեան պատ­րաստ է դի­մա­նալ, միայն այս պայ­թում­ներն ու պա­տու­հաս­նե­րը չքա­նան:
Տա­կա­ւին գո­հա­նալ, այո գո­հա­նալ ու դի­մա­նալ լա­ւա­տե­սու­թեամբ, դի­մա­նալ ան­զէն բայց զին­ուած մշա­կոյ­թով, հա­ւատ­քով, համ­բե­րու­թեամբ:

Ման­րա­դի­տակ
18/05/2014