aztagdaily.com – Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ պաշտօնական աղբիւրները կը հաստատեն, որ բանակի ուժերը Դամասկոսի արուարձաններէն` արեւելեան Ղութայի մէջ յայտնաբերած են հրասանդ արտադրելու գործարան մը եւ զինեալներու դէմ յառաջխաղացում արձանագրած են Մլեհայի, Ժոպարի եւ Տումայի մէջ:
Միւս կողմէ, ամէնօրեայ դրութեամբ հրասանդներու տարափը արկածախնդրական կը դարձնէ արդէն մայրաքաղաքի մէջ շարժումը, ուր հրասանդի հրթիռներու հարուածներ արձանագրուեցան Դամասկոսի զանազան բնակելի թաղամասերու, ինչպէս Քասաա, Սալհիէ, Առնուս եւ մայրաքաղաքի կեդրոնի այլ թաղամասերու դէմ` պատճառելով նիւթական վնասներ, տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ. վիրաւորներուն շարքին են նաեւ դամասկահայ հայր մը եւ անոր զաւակը: