PERIO NEWS/fb/ – Այսօր, երկուշաբթի 28 ապրիլ 2014-ին, բովանդակ Հալէպի ելեկտրականութեան հոսանքը գէթ քանի մը ժամով կրկին միացաւ:
11 օրէ ի վեր բովանդակ Հալէպի տարածքին անգամ մը եւս անջատուած էր ելեկտրականութեան հոսանքը եւ քաղաքը մատնուած խաւարի:
Նշենք, որ ելեկտրականութեան խզուած ըլլալուն պատճառով (անկախ այլ զրկանքներէն) սառնադարաններուն մէջ պահ դրուած սառեցուած բոլոր պաշարներն ու այլ պահածոները նեխած ու անգամ մը եւս աղբաման թափուեցան:
Հալէպի մէջ պատերազմական իրավիճակի՝ պայթումներու, հրասանդերու եւ հրթիռաձգութեան կողքին ամենահրատապ տագնապներէն է ելեկտրականութեան հարցը:
Ելեկտրականութեան միացումով, թէկուզ քանի մը ժամուան համար Հալէպցիներու տրամադրութիւնը կը փարձրանայ: