KANTSASAR/fb/ -Հալէպի մէջ կը շարունակուին զինուորական թէժ բախումները։ Զինեալ խմբաւորումներ կը շարունակեն տասնեակներով հրասանդեր եւ արկեր արձակել Հալէպի զանազան շրջաններուն, յատկապէս ՆորԳիւղ շրջանին վրայ` մարդկային եւ նիւթական լուրջ վնասներ հասցնելով բնակչութեան։ Արձանագրուած են հայ եւ տեղացի վիրաւորներ, զոհեր։ Վիրաւոր հայորդիներու անուններն են․-

Վրէժ Եագուպեան
Ժագ Տէկիրմենճեան
Յարութ Աբիկեան
Արաքսի Օրուլեան
Յասմիկ Մանուէլ-Թիւթիւնճեան
Կարօ Քարակիւլլէյեան
Տեղացի զոհերուն կողքին, զոհուած են նաեւ երկու հայորդիներ՝ Սագօ Աշնալըքեան եւ Լեւոն Գէորգեան։
Կը խնդրուի զգոյշ ըլլալ, հեռու մնալ պատուհաններէ եւ պատշգամներէ , իսկ պայթիւններու ձայներ լսելու պարագային անմիջապէս դուրս չելլել։