Լրատու գործակալութիւնները անցած օրերուն հաղորդեցին, թէ Հալէպի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին այրեցին, եւ յարակից Մեսրոպեան վարժարանն ու մանկապարտէզը քար ու քանդ ըրին: Լուրերը մեկնաբանողներ ըսին, թէ Սուրիոյ ընդդիմադիրներն էին այս վայրագութիւնները կատարողները: Վստահ ենք, սուրիացի արաբը ընդդիմադիր թէ իշխանաւոր, այսպիսի վայրենութիւն չի կատարեր: Հայկական եկեղեցին հրկիզողները, ընդդիմութեան անուան տակ գործող, վարձկան, օտար ահաբեկիչներ են, որոնք կը գործեն ըստ թրքական պետական ցուցմունքներու: Քանի մը հատը յիշեալ վարձկաններէն բացայայտուեցան սուրիական իշխանութեանց կողմէ:
Հալէպի մարաշցիներու Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ պատմութիւնը կ՛երթայ ետ` մինչեւ 1700-ի ժամանակները.Մարաշ-Շէքէրտէրէ, զուտ հայաբնակ թաղամասը, որուն կից կը գործէր նաեւ Մեսրոպեան ծաղկոցը` զորս հրկիզեցին թուրք վանտալները: 1921-ին Ֆրանսական բանակի անարգ նահանջով եւ հայկական Կիլիկիոյ պարապումով, հայ գաղթականները 1923-ին, Հալէպի հիւղաւաններու մէջ, իբր շարունակութիւն` հիմնեցին Սրբ. Խաչ փայտաշէն եկեղեցին եւ դպրոցը: 1937-ին հիւղաւաններու վերացումով, Նոր Գիւղի մէջ կառուցեցին թիթեղածածկ Սրբ. Գէորգը: Ապա,1955-ին, հիմնովին վերստին կանգնեցին փառահեղ Սրբ.Գէորգ եկեղեցին, որ այժմ թիրախ հանդիսացած է ահաբեկիչներու:
Որպէս սուրիահայ քաղաքացիներ, խորին յուզմունքով կը յայտնենք մեր վրդովմունքը: Կը դատապարտենք աններելի արարքը, ի կարգ կը հրաւիրենք ահաբեկիչներու հովանաւորները, որոնք իբր թէ կը կրեն արեւմըտեան աշխարհի քաղաքակիրթ երկրներու պատուանունը:
ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԱԼԷՊ 2012
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», 15 Նոյեմբեր 2012