Ունէինք գողտրիկ, կազմակերպըւած, հայկականութեամբ տրոփող, համահայկական խնդիրներով ապրող, ցեղասպանութեան անմիջական ականատեսն ու շարունակութիւնը եղող գաղութ մը Հալէպի մէջ: Գաղութ մը, որ առատաձեռն եղած էր թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի այլ գաղութներու կարիքներուն նկատմամբ: Գաղութ մը, որ նեցուկ էր ամբողջ հայութեան` նիւթապէս եւ բարոյապէս: Իր գոյութիւնը միջինարեւելեան այս տարածքին մէջ կարեւոր էր Հայաստանի եւ հայկական հարցին համար: Այսօր գաղութը հոգեվարքի մէջ է: Հալէպը այսօր տնտեսական եւ ապահովական ճգնաժամ կ՛ապրի: Գաղութը կը քայքայուի: Չորս ամիսէ ի վեր անողոք պատերազմ է Հալէպի մէջ: Տագնապը իր տնտեսական, ընկերային երեսներէն թեւակոխած է զինուորական բիրտ հանգրուան, որուն ամէնէն կոպիտ թատերաբեմը Հալէպը եղաւ դժբախտաբար:
Երբ զինուորական գործողութիւնները սաստկացան, բաւական հայեր հեռացան քաղաքէն, երբեմն նոյնիսկ պատասխանատուներ, բայց պատասխանատուներու ստուար բաժինը տակաւին պատնէշի վրայ է: Սխալ է այն տարաձայնութիւնը, թէ ով որ կրնայ երթալ` գնաց, ընդհակառակն` շատեր իրենց գացած տեղերը գոյատեւելու տուեալները չունենալով հանդերձ գացին, ուրիշներ, որոնք կրնային երթալ, պատնէշի վրայ են:
Գաղութի պատասխանատու տարրեր եւ մանաւանդ երիտասարդներ սքանչելի զոհողութեամբ գործի վրայ են` հասնելու համար հայութեան կարիքներուն, ինչ տեսակ ալ ըլլան անոնք, նոյնիսկ բոլոր տեսակի վտանգները յանձն առած կը պայքարին:
Ի տես այս իրականութեան, չտեսանք հայութեան օգնութեան հասնելու համար աշխարհով մէկ հայութեան զօրաշարժը, խօսքերէն, ժողովներէն, ասուլիսներէն զատ բան չտեսանք: Այսօրուան տուեալներով աննշան գումարներ միայն հասած են Հալէպ: «Օգնի՛ր Եղբօրդ»-ը հասաւ, հասան նաեւ անձնական նախաձեռնութեամբ օժանդակութիւններ: Կ՛ըսուի, թէ տակաւին օժանդակութիւնները պիտի հասնին: Ե՞րբ, ժամանակը ուշ ըլլալէ՞ ետք: Կը լսենք նաեւ այլ գումարներու մասին, որոնք համեմատաբար փոքր գումարներ են այս մեծ աղէտին դիմաց, որ կը դիմագրաւէ գաղութը:
Արդեօք հասա՞ծ ենք այն եզրակացութեան, թէ` «հիւանդին վիճակը յուսահատական է եւ չ՛արժեր դեղ տալ», կամ` «այս յուսահատ վիճակը ներկայացնող «հաստատութեան» մէջ չ՛արժեր ներդրում ընել», եթէ այդպէս է, պարկեշտ ըլլանք, ըսենք, թէ այդպէս է, եւ մարդոց չօրօրենք սին երազներով:
Շատ բնական է այսօր Հալէպի մայթերուն վրայ հանդիպիլ ծխախոտ կամ կանաչեղէն ծախող հալէպահայ արհեստաւոր տղոց: Գոյատեւելու անխոնջ պայքարի երեւոյթ մը, որ պէտք է գնահատել գիտնալ: Ձմեռը դռներու մօտ է եւ ոչ մէկ կաթիլ վառելանիւթ կայ: Գաղութը գոյատեւելու իր վերջին պայքարը կը մղէ…: Կը կարդանք, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր այս տարուան թելեթոնի 10 առ հարիւր պիտի տրամադրէ Սուրիայէն Հայաստան ապաստանած հայութեան, իսկ Հալէպ մնացած հայութեան ի՞նչ պիտի հասնի: Ինչո՞ւ Հայաստանի պետական այրերը, հոգեւոր եւ քաղաքական ղեկավարները կը յորդորեն հալէպահայութեան դիմանալ, չգաղթել, ի՞նչ է այս խեղկատակութիւնը:
Հայրենի մամուլը տակաւին զբաղած կը մնայ Քիմ Գարտաշեանով, իսկ Արեւմուտքի մեր գաղութները ե՞րբ արդեօք լոպիինկի աշխատանք պիտի ծաւալեն սուրիահայ գաղութի անվըտանգութեան ի նպաստ: Ե՞րբ ձայն պիտի բարձրացնեն գաղութին պաշտպանութեան հասնելու` այդ Արեւմուտքի կողմէն իսկ կերտուած վանտալներէն: Սուրիահայութեան գոյութեան խնդիրները Հայ Դատ չե՞ն արդեօք:
Ո՞ւր է այս հարցը հետապնդող համահայկական ղեկավարութիւնը:
Սուրիահայութեան խնդիրը այսօր տեղական կամ շրջանային խնդիր մը չէ լոկ, այլ մեր ազգի կենսունակութեան եւ մարտունակութեան ցուցանիշը: Եթէ հարկաւոր է, որ հալէպահայերս զոհուինք, որպէսզի հայ ժողովուրդը զարթնի, մենք պատրաստ ենք այդ զոհողութեան, յանուն հայ ազգի բարօրութեան, սակայն կը կասկածինք, որ այդ զարթօնքը տեղի ունենայ, աւա՜ղ:
Թուրքը դարձեալ կը գործէ, իսկ մենք կրկին կը խօսինք:
Ի տես այս կացութեան, ճիշդ կ՛ըլլա՞յ արդեօք հաւաքաբար դիմենք արեւմտեան որեւէ երկրի դեսպանատուն, որպէսզի հաւաքաբար հոն գաղթելու առիթ տրուի մեզի, գոնէ կը փրկենք մեր մարդկային կեանքերը: Իսկ ազգայինը պիտի ձգենք ազգի ղեկավարներուն, եկեղեցական թէ աշխարհիկ, որպէսզի թագաւորեն դատարկ գաղութներու եւ դատարկ հոգիներով անդիմագիծ հաւաքականութիւններու վրայ: Ճգնաժամերը ազգերու կենսունակութեան փորձաքարեր են: Ահաւասիկ հայ ազգին նոր փորձաքարը, որպէսզի փաստէ իր գոյութեան իրաւունքը:
ՆԵՐՍԷՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», 15 Նոյեմբեր 2012