PerioTemiZinՀո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Ս. Եպս. Սար­գիս­եա­նի, Հա­մազ­գա­յի­նի Սուր­իոյ Շրջ. Վար­չու­թեան հրա­ւէ­րով, 11 Նո­յեմ­բեր 2012, Կի­րա­կի յետ­մի­ջօ­րէ­ին, Ա.Մ.Ժ.Տ. «Լ. Շանթ» սրա­հէն ներս Սուր­իոյ ճգ­նա­ժա­մա­յին իրա­վի­ճա­կին շուրջ ընդ­հա­նուր վեր­նագ­րով խորհր­դա­ժո­ղո­վին մաս­նա­կից սուր­ի­ա­հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը, ար­ուես­տա­գէտ­նե­րը, մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչ­նե­րը, մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը խորհր­դա­ժո­ղո­վի հա­մար ճշդ­եալ օրա­կար­գի ըն­թաց­քով յա­տուկ զե­կոյց­ներ ունկնդ­րե­ցին հե­տեւ­եալ վեր­նագ­րում­նե­րով.-

ա.- «Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան Շտապ Օգ­նու­թեան Մարմ­նի տա­րած աշ­խա­տան­քը»
բ.- «Մշա­կոյ­թի Գոր­ծիչ­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը»
գ.- «Սուր­իոյ Հայ Հա­մայն­քի Մշկթ. Ժա­ռան­գու­թիւնն Ու Անոր Պահ­պան­ման Հիմ­նախն­դի­րը»
դ.- «Զանգ­ուա­ծա­յին լրատ­ուա­կան մի­ջոց­նե­րով ինչ­պէս ներ­կա­յաց­նել Հա­լէ­պա­հա­յու­թեան իրա­վի­ճա­կը»

Խորհր­դա­ժո­ղո­վին ներ­կայ շուրջ հինգ տասն­եակ մաս­նա­կից­նե­րը ներ­կա­յաց­ուած զե­կոյց­նե­րու շուրջ լու­սա­բա­նա­կան հար­ցադ­րում­նե­րէ ետք ար­տա­յայ­տե­ցին իրենց մտա­ծում­ներն ու առա­ջադ­րանք­նե­րը:

Սուր­իոյ վի­ճակ­ուած ար­տա­կարգ իրադ­րու­թեան մէջ խորհր­դա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը կա­րե­ւո­րու­թեամբ անդ­րա­դար­ձան սուր­ի­ա­կան հիւս­ուած­քի որ­պէս ան­բա­ժան մէկ մաս­նի­կը, երկ­րի ապ­րած հո­լո­վոյ­թին մէջ տե­ղադրուած ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քին եւ պար­տադր­ուած դժ­ուա­րին պայ­ման­նե­րը եւ հե­տե­ւանք­նե­րը շր­ջան­ցե­լու հա­մար կամ­քի դր­սե­ւոր­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին: Հաս­տա­տե­ցին, որ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու ընդ­հան­րա­կան տրա­մա­բա­նու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման մէջ մտա­ւո­րա­կա­նու­թե­նէ սպաս­ուած ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն, որ­պէս յա­ռա­ջա­տար այ­սօր առա­ւել կը շեշ­տա­ւոր­ուի տագ­նա­պի պատ­ճա­ռած հո­գե­բա­նա­կան պատ­նէշ­նե­րուն վե­րաց­ման մէջ դե­րա­կա­տար ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը:

Աղէտ­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րու վե­րաց­ման գոր­ծի կազ­մա­կերպ իրա­գոր­ծու­մէն ետք ան­կոտ­րում կամ­քի դաստ­ի­ա­րա­կիչ ար­տա­յայ­տու­թեամբ, նոյն­քան անհ­րա­ժեշտ դա­սե­լով վե­րա­կանգ­ման ճի­գե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը եւ Սուր­իոյ տա­րած­քին հայ մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման խն­դիր­նե­րը` ու­նե­նա­լով յա­տուկ ռազ­մա­վա­րու­թիւն:

Խորհր­դա­ժո­ղո­վը կա­րե­ւո­րու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ նա­եւ զանգ­ուա­ծա­յին լրատ­ուա­կան մի­ջոց­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թեան, հայ­կա­կան լրատը­ւա­մի­ջոց­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թեան եւ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան այժ­մու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան: Առար­կա­յա­կան կեր­պով մաս­նա­գի­տա­կան հնա­րա­ւոր օգ­տա­գոր­ծու­մով:

Խորհր­դա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը օրա­կար­գե­րու քն­նարկ­ման աւար­տին ընդ­հան­րա­պէս սուր­ի­ա­հա­յու­թեան եւ յատ­կա­պէս հա­լէ­պա­հա­յու­թեան վի­ճակ­ուած տագ­նա­պա­լի այս օրե­րուն վե­րա­հաս­տա­տե­ցին իրենց անձ­նա­կան եւ միու­թե­նա­կան առա­քե­լու­թեան պատ­նէ­շի վրայ ըլ­լա­լու յանձառութիւնը, ժո­ղովր­դա­յին մեր զանգ­ուած­նե­րու առօր­եա­յին եւ անոր զար­գա­ցում­նե­րու հո­լո­վոյ­թին հետ աղերս­ուած մնա­լով անոր հա­ւա­քա­կան ձգ­տում­նե­րու ար­տա­յայ­տի­չը ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քով:

Հա­մազ­գա­յի­նի Սուր­իոյ Շրջ. Վար­չու­թեան իւ­րօ­րի­նակ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը տագ­նա­պա­լի այս օրե­րուն, իրա­վի­ճակ­նե­րը եւ ապա սուր­ի­ա­հա­յու­թեան գո­յեր­թը նոր մշա­կոյ­թով եւ վե­րա­նո­րոգ կամ­քով նուա­ճե­լու յոյսն է, որ կը ներշն­չէ բո­լո­րին:

Յար­գանք սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քի նա­հա­տակ­նե­րուն:

Ճգ­նա­ժա­մա­յին իրա­վի­ճա­կը հա­մայ­նա­կան, ծրագր­եալ դրոյթ­նե­րով շըր­ջանց­նե­լու բա­րե­յու­սու­թեամբ, Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քի որ­պէս լի­ի­րաւ քա­ղա­քա­ցի, հայ­րե­նի­քը ապա­հով, բռ­նա­րարք­նե­րէն զերծ, բնա­կան զար­գաց­ման հու­նի մէջ տես­նե­լու եւ առ այդ յանձ­նա­ռու ըլ­լա­լու հաս­տա­տա­կա­մութ­եամբ խորհր­դա­ժո­ղո­վը աւար­տեց իր աշ­խա­տան­քը:

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», 15 Նոյեմբեր 2012