yerakouyn.com – Անցնող երկու օրերուն Այնճար ժամանելով Քեսապահայ աշակերտներ, սկսան յաճախել վարժարանս,որոնք հայկական հարազատ միջավայրի մէջ գտնուելով, անմիջապէս ընտելացան մթնոլորտին ու մտերմացան իրենց դասընկերներուն հետ: Այս մասին կը յայտնէ Այնճարի ազգային վարժարանի կայքը։
Աղբիւրի համաձայն, անոնք վարժարանի եւ իրենց նոր դասընկերներուն զօրակցութեամբ վճռակամ են՝ իրենցմէ խլուած ուսումնական առօրեան եւ ժամանակը պայքարունակ ջանասիրութեամբ վաստկելու եւ վերականգնելու: