yerakouyn.com – Մեր ընթերցողներէն շատերը, եւ յատկապէս Սուրիահայութիւնը ծանօթ է հայրենի խմբավարԳայեանէ Սիմոնեանին, որ Հալէպ հարս գնաց ու աւելի քան երկու տասնեակ տարիներ ղեկավարեց տարբեր երգչախումբեր եւ յատկապէս մեծ յաջողութիւններու հասցուց “Մաշտոց” մանկական երգչախումբը։

Սուրիայէն Հայաստան այցի եկաւ Տիկին Գայեանէն, եւ այդ ընթացքին ետ դարձի ճանապարհները փակուեցան։ Անգործութեան հետ չհաշտուող արուեստագէտը Երեւանի մէջ ղեկավարեց սուրիահայ մանուկներէ կազմուած “Շառաւիղ” երգչախումբը, որ առաջին ելոյթէն իսկ գրաւեց հանդիսատեսի, սփիւռքի նախարարի սիրտերը եւ արժանացաւ մասնագէտներու գովասանքին ու Սփիւռքի նախարարութեան գովասանագրին։

Բայց Գայեանէ Սիմոնեանի խելքն ու միտքը Հալէպ էր, իր սիրելի համայնքի զաւակներուն ու ղեկավարութեան հետ,-” ես վերադառնալու եմ” իր կրկնած նախադասութիւնն էր…

Ճանապարհները պայմանականօրէն կարելի էր բացուած համարել եւ “Շառաւիղ”-ի իր առաքելութիւնը աւարտած, երբ Գայեանէն վճռեց,-” ես գնում եմ, մի ասէք ինչո՞ւ, ես քսան տարի աւել այդ համայնքի փառքն եմ վայելել, հիմա, երբ այնտեղ եմ պէտք, պիտի գնամ”:

Գայեանէն գնաց Քեսապի դէպքերու առաջին օրը՝ ամենաթէժ կռիւներու եւ Հալէպի ռմաբակոծման ժամերուն… ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ այս դէպքերէն վերջ Հալէպ դարձած առաջին հայաստանցին, հայու տեսակ, որ հեռու է տարանջատումներէ, գնաց այնտեղ ուր ոեւէ հարազատ, ազգական չունի, բայց իրը համարեց համայնքի ողջ զաւակները, որոնք իր կարիքը ունին…

Հայու խօսուն եւ ուսանելի օրինակ… Վարձքդ կատար…